Արաս Հրատարակչութիւն

«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնադրուած է Պոլսոյ մէջ, 1993-ին։

«Արաս» հրատարակչատուն
Կարգախօս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»
Հասցէ  Թուրքիա İstiklal Cad. Hıdivyal Palas No: 231/Z - Tünel / Beyoğlu 34430 İstanbul - Türkiye

Պատմութիւն

Խմբագրել

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող «Հըտիվեալ Փալաս» կոչուող պատմական շէնքի գետնայարկը կը գտնուի «Արաս» հրատարակչատունը:

1993-ին Հրանդ Տինքի, Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Եդուարդ Թովմասեանի հիմնադրած «Արաս» հրատարակչատունը երկրի մէջ հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակող միակ հրատարակչատունն է։ Այն ստեղծուեր է որպէս Թուրքիոյ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն կապելու կամուրջ:

Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ նկատուած է պատուհան մը՝ բացուող հայ գրականութեան վրայ։ Կը հրատարակէ թրքերէնով ու հայերէնով գիրքեր․ յատկանիշ մը, որ հազուագիւտ է Թուրքիոյ եւ, ինչո՞ւ չէ, ուրիշ երկիրներու ալ պարագային։

Հրատարակչատունը ունի բազմասեռ հրատարակութիւններ։ Հայ հեղինակներէ թրքերէնի թարգմանուած կամ հայ հեղինակներու կողմէ թրքերէնով գրուած գեղարուեստական գործերու կողքին, կը տպագրէ նաեւ հայոց պատմութեան, ազգագրութեան, ժողովրդական նիստուկացին վերաբերող ուսումնասիրութիւններ, յուշագրութիւններ, ուղեգրութիւններ, պատկերագիրքեր։

Ան այս միջոցով նպատակադրած է գրականութեան միջոցով տարբեր մշակոյթներու տէր հասարակութիւնները իրարու ծանօթացնել, զանոնք իրարու մերձեցնել, որպէսզի մարդկային հասարակաց արժէքներուն միասնաբար բերեն իրենց նպաստը։ «Արաս» հրատարակչատունը միջոց կը ստեղծէ, որպէսզի հայեր, որոնք ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամփոփուած են Պոլսոյ սահմաններէն ներս, իրենց մշակութային արժէքները փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն։

Հայկական տպագրութիւնը խոր արմատներ ունի Թուրքիոյ մէջ եւ «Արաս» հրատարակչատունը կը ջանայ այս աւանդութիւնը շարունակել արդի ժամանակներուն։

Արտաշէս Մարկոսեանէ վերջ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց Ռոպեր Քոփթաշ, որ այս պաշտօնը վարեց մինչեւ յունիս 2023 թուականը։ Յուլիս 2023-ին «Արաս» ունեցաւ նոր խմբագրակազմ մը՝ Նեսրին Ուչարլարը գլխաւորութեամբ եւ Սեւան Տէյիրմենճեանի ու Սեսիլ Արթուչի մասնակցութեամբ։

«Արաս» հրատարակչատունը՝ Թուրքիոյ տարուան հրատարակչատուն

Խմբագրել

29 Յունուար, 2019-ին Ստանպուլի «Արաս» հրատարակչատունը թերթերու եւ գիրքերու «Տիւնիա» ամսագրի կողմէ ճանչցուեր է Թուրքիոյ «Տարուայ հրատարակչատուն»:

«Արաս» հրատարակչատունին անուանելով «պատուհան դէպի հայալեզու գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ՝ տարիներ շարունակ իր հրատարակած առանձնայատուկ, գրաւիչ եւ որակեալ գիրքերով»՝ «Տիւնիա» մրցանակային յանձնաժողովը աւելցուցած է է, թէ հրատարակչատունը ցոյց կու տայ, որ «փոխըմբռնումը կարելի է է եւ՛ կայուն արուեստի, եւ՛ գրականութեան միջոցով»։

Սեւան Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գրիգոր Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գօչունեանի եւ դասական այլ հեղինակներու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։

Ցանկ հայերէն գիրքերու

Խմբագրել
  • «Փոքրիկ իշխանը», Անթուան Տէօ Սենթ-Էքզիւփերի, Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Լուիզ Պաքար, 2016
  • «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով», աշխատասիրեց՝ Ռուբէն Մաշոյեան, 2016
  • «Մեծ պատրիարքը», Արա Ակինեան, 2013
  • «Պանդուխտ երգեր», Բագրատ Էսդուգեան, 2013
  • «Անտիպ թերթս», Զահրատ, 2012
  • «Աւերակներուն մէջ», Զապէլ Եսայեան, 2012
  • «Յաղթանակի ճամբան», Արա Ակինեան, 2012
  • «Հայրիկ, հայրիկ», Արա Ակինեան, 2012
  • «Հայերէն բառգիրք», Գեղամ Քերովբեան, 2011
  • «Մեր այդ կողմերը», Մկրտիչ Մարկոսեան, 2011
  • «Տիգրիսի ափերէն», Մկրտիչ Մարկոսեան, 2010
  • «Դդումի համ», Զահրատ, 2009
  • «Ողջոյն ամէնքին», Արա Գօչունեան, 2008
  • «Յուշեր առանց փուշերու», Վահան Աճեմեան, 2008
  • «Դաստիարակ դաշնակահարը», Վալանթին Մազլում, 2008
  • «Մրջիւններու վերջալոյսը», Զաւէն Պիպեռեան, 2007
  • «Հանելուկ», Վերճիհան Զիֆլիօղլու, 2007
  • «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ», Պետրոս Զօպեան, 2007
  • «Բանաստեղծութիւններ», Զահրատ, 2006
  • «Արձագանգ եւ անցորդը», Արփիար Տէր Մարգարեան, 2006
  • «Եւ այսպէս ապրեցանք», Ռուբէն Մաշոյեան, 2006
  • «Հէ՜գ թուղթի կտորներ», Վահրամ Պուրմաեան, 2005
  • «Ու ես կ՚երթամ», Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, 2005
  • «Գիւղը կ՚ապրի իմ մէջ», Յակոբ Մնձուրի, 2005
  • «Զարմանալի աշխարհ», Ս․ Ք․ Զանգու, 2003
  • «Ի լրումն ժամանակի», Անել, 2002
  • «Օրագրութիւն սարկաւագի - Քառասունք ձեռնադրութեան», Թորգոմ Մանուկեան, 2001
  • «Լուցիքա տուտու», Յակոբ Այվազ, 2003
  • «Կեանքի լուսանցքէն», Երուանդ Կոպէլեան, 2003
  • «Անանուն երազ», Վերճիհան Զիֆլիօղլու, 2000
  • «Յոյսի անտես թեւերով», Նարսէս Վանական, 1999
  • «Իսթանպուլահայերը կը կանչեն», Թորոս Թորանեան, 1997
  • «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք», Արա Կիւլէր, 1995

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Սեւան Տէյիրմենճեան