Մկրտիչ Մարկոսեան

Հայ փիլիսոփայ, արձակագիր եւ գիւղագիր

Մկրտիչ Մարկոսեան (23 Դեկտեմբեր 1938(1938-12-23), Տիարպեքիր, Թուրքիա - 2 Ապրիլ 2022(2022-04-02), Թուրքիա), հայ արձակագիր, գիւղագիր եւ փիլիսոփայ։

Մկրտիչ Մարկոսեան
Ծնած է 23 Դեկտեմբեր 1938(1938-12-23)
Ծննդավայր Տիարպեքիր, Թուրքիա
Մահացած է 2 Ապրիլ 2022(2022-04-02) (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Պոլսոյ Համալսարան
Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժին
Պեզճեան Մայր Վարժարան
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան
Աշխատավայր Սուրբ Խաչ դպրեվանք
Ժամանակ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1938-ին, Տիարպեքիրի Հանչեփէք (Կեաւուր) թաղամասին մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Սիւլէյման Նազիֆի անուան տարրական եւ Զիա Կէօքալփի անուան միջնակարգ դպրոցներուն մէջ, այնուհետեւ՝ շարունակած է Պոլսոյ «Պեզճեան» միջնակարգ դպրոցին եւ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան բաժինը։

1966-1872-ին եղած է Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սելամսըզ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ դպրեվանք հայկական վարժարանի տնօրէնը՝ միեւնոյն ժամանակ այնտեղ դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզու եւ գրականութիւն։

Ստեղծագործական կեանք

Խմբագրել

Մարկոսեան գրել սկսած է Կեդրոնականի աշակերտ եղած ժամանակէն։ 1959-ին Վարդերես Գարակէօզեանին հետ հրատարակած է «Թօ» ամսագիրը։ «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն մէջ տպագրուած հայերէն պատմուածքներու մէկ մասը հրատարակած է «Մեր այդ կողմերը» վերնագիրով գիրքին մէջ (1984), որուն համար ալ 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Քաւուքչույեան» գրական մրցանակին (Փարիզ-Ֆրանսա), որ կը յանձնուի հայերէնով ստեղծագործող գրողներուն։

Մկրտիչ Մարկոսեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ սեփական ծննդավայրը՝ Տիարպեքիրը (Տիգրանակերտ), մեզի կը ներկայացնէ իր հայով, ասորիով, քաղտէացիով, հրեայով, եզիտիով, թուրքով ու քիւրտով, միայն իրեն յատուկ լեզուով։

Մկրտիչ Մարկոսեան՝ 2013-ին, իր մօտ եղող Աւետարան մը նուիրած է Տիրապեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի։ Հնատիպ Սուրբ գիրքը գտած էր այդ թուականէն 12 տարիներ առաջ դիպուածով[1]։

 
Մեր այդ կողմերը․ Մկրտիչ Մարկոսեան

Գործերէն

Խմբագրել
  • «Մեր այդ կողմերը» (1984)
  • «Կեաւուր Թաղ» (1992)
  • «Տիգրիսի ափերէն» (1999)
  • «Համրիչի Հատիկներ» (2006)
  • «Զուռնա» (2009)
  • «Ատամնափորիչ» (2010)
  • «Կեռիքով Ասեղ» (2010)

2011-ին «Կեաւուր Թաղ»ը ստեղծագործութեան՝ հայերէն, թուրքերէն եւ քրտերէն տարբերակները հրատարակուած են մէկ հատորով։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, էջ 513: