Ժամանակ (օրաթերթ)
Ժամանակ օրաթերթը հիմնուած է 28 Հոկտեմբեր 1908 թուականին, Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներուն կողմէ։ Այս պահու դրութեամբ «Ժամանակ» ամբողջ հայաշխարհի հնագոյն օրաթերթն է, որ կը հրատարակուի անընդհատ։ «Ժամանակ» միեւնոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող օրաթերթերու ամենահինն է, նոյնպէս անընդմէջ հրատարակութեան առումով։ «Ժամանակ»ի հրատարակութիւնը սկսաւ այսպիսի միջավայրի մը մէջ, այսպիսի պայմաններու ներքեւ։ Այդ շրջանին արեւմտահայ մտաւորականութեան կեդրոնն էր Պոլիսը եւ Ժամանակի սիւնակներուն մէջ կը տողանցէին այն բոլոր հսկաները, որոնք կը կերտէին հայ ժողովուրդի հաւաքական միտքը եւ կ՚իրականացնէին անոր լուսաւորութիւնը։
«Ժամանակ» օրաթերթի պատմութիւնը
ԽմբագրելԸստ էութեան, կարելի է դիտարկել երեք գլխաւոր առանցքներու շուրջ։
«Ժամանակ» օրաթերթի պատմութեան Առաջին առանցքը
ԽմբագրելԹերթի հիմնադրութենէն սկսեալ մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման համընկնած ժամանակաշրջանը կը նկատուի։ Այդ շրջանին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին՝ պատմական Պոլսոյ մէջ հայոց ներկայութիւնը՝ գոյութիւնը ունէր բոլորովին տարբեր նշանակութիւն։ Անոնք ունէին ստուար ներկայութիւն մը։ Քաղաքականէ մինչեւ տնտեսական, մշակութայինէ մինչեւ ընկերական, կրթականէ մինչեւ կրօնական կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս հայերը կը հանդիսանային գլխաւոր դերակատարներ։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին էր նաեւ, որ պատմական քաղաքի մթնոլորտին մէջ կ՚ընդունուէին հայ ժողովուրդի պատմութեան տեսակէտէ ամենաճակատագրական որոշումները։ Ուստի, «Ժամանակ»ի հրատարակութիւնը սկսաւ այսպիսի միջավայրի մը մէջ, այսպիսի պայմաններու ներքեւ։ Այդ շրջանին արեւմտահայ մտաւորականութեան կեդրոնն էր Պոլիսը եւ «Ժամանակ»ի սիւնակներուն մէջ կը տողանցէին այն բոլոր հսկաները, որոնք կը կերտէին հայ ժողովուրդի հաւաքական միտքը եւ կ՚իրականացնէին անոր լուսաւորութիւնը։ Ուրեմն, պարզ է, որ այդ միջավայրին մէջ հայերէն օրաթերթի մը հրատարակութիւնը միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէր երկրի ընդհանուր հասարակական կարծիքի պատրաստութեան գործին մէկ բաժինը: Այդ շրջանին թերթը կը տարածուէր արեւմուտքին՝ Պալքաններէն սկսեալ մինչեւ արեւելքին՝ Կովկասի սահմանները եւ հարաւին՝ մինչեւ Եգիպտոս։ Թերթը, Պոլսոյ առընթեր, լայնօրէն կը լուսաբանէր նաեւ այդ շրջանին հայաշատ գաւառներու իրադարձութիւնները։ 1915-ին նահատակուած, տարագրուած մտաւորականներուն պատկառելի տոկոսը կ՚աշխատակցէին «Ժամանակ»ին։ Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ»ը որպէս թերթօն հրատարակուած էր նոյնպէս այս թերթին մէջ։ «Ժամանակ» օրաթերթի այս ժամանակաշրջանի արխիւները պատմաբաններուն տեսակէտէ արդէն կ՚ընկալուին աղբիւրագիտական նշանակութեամբ։
«Ժամանակ» օրաթերթի պատմութեան երկրորդ առանցքը
ԽմբագրելԿը հանդիսանայ այն ժամանակահատուածը, որ կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն մինչեւ Հայաստանի նորագոյն անկախութիւնը։ Սա այն շրջանն է, երբ «Ժամանակ»ը վերածուեցաւ փոքրամասնական օրաթերթի մը, պատմութեան ընթացքին զուգահեռ։ Այս փուլին արդէն իր ուշադրութեան կեդրոնին մաս կազմել սկսան թրքահայութեան փոքրամասնական իրաւունքները, հայապահպանման խնդիրները եւայլն։ Սա նաեւ այն գործընթացն էր, երբ Սփիւռքի հայկական մամուլի աւանդոյթները կը ձեւաւորուէին։ Պոլսոյ մէջ կուտակուած փորձը ներշնչման աղբիւր մը կը հանդիսանար այդ աւանդոյթի ձեւաւորման համար։ Սա բնականաբար աւելի նուազ կարեւոր հանգրուան մը չէր, սակայն խորքին մէջ որոշ չափով տարբեր էր։ Այս նոյն ժամանակաշրջանին է, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած էին Խորհրդային կարգերը եւ «Ժամանակ»ը մաս կը կազմէր Սփիւռքի այն թերթերու շարքին, որոնք հայրենասիրութիւն կը դաւանէին եւ սփիւռքեան պառակտումներու պայմաններուն ներքեւ յստակ դիրքորոշում կ՚որդեգրէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին։ «Ժամանակ»ի այս տասնամեակներուն գործունէութիւնը անոր կը վերագրէ թրքահայ համայնքի Հանրապետական շրջանի պատմութեան հայելին ըլլալու հանգամանքը։ Ի դէպ, այս առանցքով պայմանաւորուած գործընթացը առ այսօր կը շարունակուի եւ ի զօրու կը մնան նաեւ այն հանգամանքները եւ երեւոյթները, նաեւ առաջնահերթութիւնները, որոնք կը բիւրեղանան սոյն պրիսմակէն։
«Ժամանակ» օրաթերթի պատմութեան երրորդ հանգրուանը
ԽմբագրելՆշանաւորուեցաւ Հայաստանի նորագոյն անկախութեամբ։ Երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ անկախ, արդէն Թուրքիոյ սահմանակից յայտնուեցաւ նոր հարեւան մը։ Հայաստանի անկախութիւնը յեղաշրջեց համայն հայութեան կեանքը, զուգահեռաբար նաեւ հայ մամուլի գործունէութիւնը։ Ժամանակ օրաթերթը յաջողեցաւ քայլ պահել այդ փոփոխութեան հետ։ Հայաստանի բարեփոխեալ կեանքը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անցուդարձը թերթի սիւնակներուն մէջ միշտ լուսաբանուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ ու կը շարունակուին լուսաբանուիլ։ Մինչ այդ, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ ապրուած որակի փոփոխութիւնն ալ թերթի գոյութեան եւ առաքելութեան տեսակէտէ ստեղծեց նոր իմաստ։ Թերթին թէ՛ գոյութիւնը եւ թէ հրատարակութիւնները ինքնին յատկանշական կը համարուին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Սա նաեւ այն հանգրուանն է, երբ ելեկտրոնային միջոցներու զարգացման շնորհիւ հայկական բոլոր թերթերու տարողութիւնը դարձած է համահայկական։ Թրքահայութեան նկատմամբ աճ արձանագրած հետաքրքրութիւններու յագեցման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկուն վերածուած է Ժամանակ օրաթերթը, որպէս վստահելի աղբիւր, յաճախ նաեւ սկզբնաղբիւր, որմէ կը կատարուին արտատպումներ։
Լրատուամիջոց, հաղորդակցութեան միջոց ըլլալու առընթեր, թերթը կը դասուի հայապահպանման ազդու ազդակ, թրքահայ ժառանգութեան ինքնանորոգ խորհրդանշան եւ արեւմտահայերէնի գործածութեան կարեւոր կռուան՝ ամէնօրեայ իր կայուն հրատարակութիւններով։
«Ժամանակ» օրաթերթը հիմնադրութեան օրէն իսկ Գօչունեան գերդաստանի տնօրինութեան ներքեւ
ԽմբագրելԺամանակ օրաթերթը հիմնադրութեան օրէն իսկ գտնուեցաւ Գօչունեան գերդաստանի տնօրինութեան ներքեւ։ Արմատներով Խոյ գիւղէն այս գերդաստանը յաջորդող դարերուն հաստատուած էր Սեբաստիոյ (Կիւրիւն) եւ Հալէպի շրջանները՝ իր զանազան ճիւղերով։ Միսաք Գօչունեանն էր, որ Պոլիս հաստատուելով հիմնած էր նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթը։ Իրմէ վերջ եղբայրը՝ Սարգիս Գօչունեան ստանձնեց թերթին ղեկը։ Հիմնադիր եղբայրները թերթի ապագային համար ամուր նախընթացներ ստեղծած էին հաւասարապէս կարեւորութիւն ընծայելով խմբագրութեան ու վարչութեան տարանջատման եւ զարգացման նկատմամբ։
Այս վիթխարի ոդիսականի ակունքներուն կը գտնուին Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները, արդէն իրենց ուրոյն տեղը գրաւած ըլլալով հայ մամլոյ պատմութեան մէջ։ «Ժամանակ»ի հիմնադիրները առանցքային դէմքեր էին արեւմտահայոց կեանքէն ներս, իրենց ապրած ու գործած ժամանակաշրջանին։ Միսաք Գօչունեան, գրական անունով Քասիմ, յայտնի մտաւորական մըն էր։ Ան յայտնի հրապարակագիր էր, թերթօն վէպերու եւ այլ երկերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ կրթական մշակ։ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» կոթողային ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած էր Միսաք Գօչունեանի կողմէ։
Հասարակութեան մօտ իր վայելած հեղինակութեան զուգահեռ ան ընտրուած էր նաեւ ազգային պատգամաւոր։ 1863 թուականին ծնած Միսաք Գօչունեան մահացած էր հազիւ յիսուն տարեկան հասակին՝ 1913 թուականին եւ իր յուղարկաւորութեան օրը դամբանախօսներու կարգին գտնուած էին երջանկայիշատակ Տ. Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի եւ Երուանդ Օտեանի նման դէմքեր։
«Ժամանակ» օրաթերթը հիմնադրութիւնը՝ Երկու եղբայրներ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններ
ԽմբագրելՄիսաք Գօչունեան Ժամանակ օրաթերթը հիմնած էր իր կրտսեր եղբօր՝ Սարգիս Գօչունեանի հետ։ Երկու եղբայրներու համագործակցութիւնը միեւնոյն ժամանակ փոխլրացման հանգամանք կը ներկայացնէր։ Արդարեւ, Սարգիս Գօչունեան (1867-1926) Օսմանեան պետութեան տարածքէն ներս մամլոյ ծանուցումներու գործակալութիւն հիմնած առաջին ձեռներէցներու կարգին էր։
Սարգիս Գօչունեանն ալ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած անուն մըն էր։ Եղած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ելմտական յանձնաժողովի ատենապետ եւ նոյն պատրիարքութեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ։ Իր գործունէութեան ամբողջին մէջ յատկանշական հանգրուան մը բնորոշած է Հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ Հայկական տպագրութեան 400-ամեակին առթիւ՝ Պոլսոյ մէջ աւելի քան դար մը առաջ կազմակերպուած յոբելենական մեծ հանդիսութեան ընթացքին արտասանած ճառը։
Հարկ է նշել, որ 2013 թուականին նշուեցան Միսաք Գօչունեանի ծննդեան 150-ամեայ եւ մահուան 100-ամեայ յոբելեանները։
Միսաք Գօչունեանի մահէն վերջ Ժամանակ օրաթերթի կայացման ճանապարհին կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ Սարգիս Գօչունեանի ջանքը։ Միջոց մը այս օրաթերթը հրատարակուեցաւ որպէս միացեալ թերթ «Ժողովուրդի Ձայնը Ժամանակ» անունով։
Սարգիս Գօչունեանի մահէն վերջ անոր այրին՝ Արաքսի Գօչունեան դարձաւ օրաթերթի արտօնատիրուհին։ Մինչ այդ, Սարգիս Գօչունեան ունէր եօթ զաւակ։ Հիմնադիրներէն վերջ անոնց երեք որդիները՝ Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները ստանձնեցին թերթին ղեկը։ Միջնեկ եղբայրը՝ Մելիք առաջինը ստանձնեց թերթին պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իր աւագ եղբայրը կը գտնուէր արտասահման։ Մելիքէն վերջ «Ժամանակ»ի ղեկը ստանձնեց Մարտիրոս Գօչունեան, որ կ՚ընդունուէր իբրեւ Քասիմորդի, քանի որ մանկութեան տարիներուն հասած էր Միսաք Գօչունեանի շունչով եւ անոր հսկողութեան ներքեւ։ Մարտիրոս Գօչունեան եղաւ Ժամանակ օրաթերթի պատմութեան տիրական գլխաւոր դէմքերէն մին։ Ան շատ հեղինակաւոր լրագրող մըն էր։ Իր գործունէութիւնը սահմանափակ չէր մնար հայկական մամուլով, այլ կ՚աշխատակցէր նաեւ թրքական առաջատար թերթերուն։ 1975 թուականին, Մարտիրոս Գօչունեանի մահէն վերջ Ժամանակ օրաթերթի ղեկը ստանձնեց իր կրտսեր եղբայրը՝ Արա Գօչունեան։ Այս վերջինը շուրջ 65 տարի հայ մամուլին ծառայութիւն բերած անուն մըն էր։ Արա Գօչունեան Ժամանակ օրաթերթը ղեկավարեց մինչեւ իր մահը, ապահովելով նաեւ թերթին սերնդափոխութիւնը։ Ան իրեն որպէս գլխաւոր օգնական ունէր կողակիցը՝ յայտնի գրող Լիլի Գօչը (Աստղիկ Արշալոյս Սեպուհեան-Գօչունեան)։
Երբ 1996 թուականին մահացաւ Արա Գօչունեան, արդէն այդ վախճանը եկաւ սերնդափոխութեան հանգրուան մը բնորոշել Ժամանակ օրաթերթի պատմութեան մէջ։ Թերթին ղեկը ստանձնացին հիմնադիրներու թոռը։ Այսպէս, «Ժամանակ»ի պատասխանատուները դարձան Արա Գօչունեանի որդին՝ Սարգիս Գօչունեան (արտօնատէր) եւ Նատիա Գօչունեան (հրատարակութեան տնօրէնուհի)։ Այս վերջինը 1980-ական թուականներու սկիզբէն արդէն իր բազմակողմանի մասնակցութիւնը կը բերէր թերթի արտադրութեան։ Նոյն շրջանին խմբագրի պաշտօնը ստանձնեց դարձեալ Արա Գօչունեանի (1913-1996) անուանակից թոռը՝ Արա Գօչունեան, որ կը հանդիսանայ հիմնադիրներու ծոռը։
«Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրութեան դարու մը հոլովոյթին մէջ մաս կազմեցին
ԽմբագրելՇարունակականութեան նկատմամբ նման նախանձախնդրութիւնով յառաջ տարուած Ժամանակ օրաթերթի խմբագրութեան դարու մը հոլովոյթին մէջ մաս կազմեցին հայ մտաւորական եւ լրագրական աշխարհի ամենայայտնի անունները։ Հիմնադիրը՝ Քասիմ յաջողած էր առաջին իսկ օրէն ապահովել հեղինակաւոր աշխատակիցներու եւ խմբագիրներու մասնակցութիւնը։ Այդ անուններու կարգին կարելի է թուարկել հետեւեալները՝ Երուանդ Օտեան, Զապէլ Եսայեան, Վահան Թէքէեան, Արշակ Չօպանեան, Գրիգոր Զօհրապ, Թէոդիկ նաեւ Քէչեաններ, Գալփաքճեաններ, Ժիրայր Շիրակացիներ, Զաւէն Պիպեռեաններ, Զահրատներ եւ տակաւին հայոց տիպ ու տառին բազում երախտաշատ սպասաւորները։
2008 թուականին «Ժամանակ» օրաթերթը ողջունեց իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը
ԽմբագրելԴարադարձի շրջանը եզրափակուեցաւ 2013 թուականին, թերթի հիմնադիր՝ Միսաք Գօչունեանի ծննդեան 150-ամեակի նշումով։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պետական աւագանիներուն եւս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ այս եզակի հանգրուանը։ Նոյն շրջանին «Դարադարձի հերոսը» հռչակուեցաւ Հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան, որուն շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը։ Ընթացքին զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան ինչպէս Պոլսոյ եւ Երեւանի, այնպէս ալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Պատրաստուեցաւ նաեւ «Ժամանակ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը։
Ժամանակ օրաթերթի երթը կը շարունակուի իր ընթերցողներուն զօրակցութեամբ եւ խրախուսանքով։