Գրիգոր Պըլտեան (անգլերէն՝ Krikor Beledian, 1945[1], Էշրեֆիէ, Պէյրութ, Լիբանան), սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր[4]։

Գրիգոր Պըլտեան
Ծնած է 1945[1]
Ծննդավայր Էշրեֆիէ, Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Փարիզ Սորբոնի համալսարան?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, գիտաշխատող, գրաքննադատ, գրականության պատմաբան
Աշխատավայր Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ[3]
Լիոնի Կաթոլիկ Համալսարան
Վարած պաշտօններ senior lecturer?[3]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքօլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։

1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։ 1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։

Կ'ապրի Փարիզ։

Գրական վաստակ

Խմբագրել

Փարիզ մեկնելէ մէկ տարի առաջ՝ 1966-ին, Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կը հիմնէ «Ահեկան» գրական եռամսեան։ Այս գրական հանդէսին կ'անդրադառնայ Մինաս Թէօլէօլեան՝ ըսելով. «Ահեկան»ի ներկայութիւնը շարժում մը ստեղծած է լիբանանահայ երիտասարդութեան մէջ դէպի «արդիական արուեստ»։

Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»՝ ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս կը տեսնէ 1976-ին, Փասատինա, եւ երկրորդ հրատարակութեամբ՝ 1997-ին, Կլէնտէյլ։

Հետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական։ Պըլտեանի հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերն են՝ «Հատուածներ Սենեակի Մասին» (1978, Պէյրութ), «Հակաքերթուած» (1979, Լոս Անճելըս), «Վայրեր» (1983, Փարիզ), «Մանտրաներ» (1986, Փարիզ), «Էր» (1992, Երեւան), «Հատուածներ հօր» (1993, Երեւան), «Ելք» (1993, Փարիզ

«Հատուածներ Սենեակի Մասին»ը, Պըլըտեանի գրեթէ բոլոր գիրքերուն նման, կ'անցնի «գրեթէ աննշմար»:

Իսկ գրաքննադատական գործերու շարքէն կարելի է նշել «Տրամ»ը (1980, Պէյրութ), «Գրիգոր Նարեկացի, Լեզուի Սահմաններուն Մէջ» (1985, Վենետիկ), «Կրակէ Շրջանակը» (1988, Անթիլիաս), «Մարտ» (1997, Անթիլիաս), «Դէպի Մեծ Փոխաբերութիւն» (1999, Փարիզ), «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին» (1999, Երեւան), «Ի Գործ Արկանել» (2003, Մոնթրէալ), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ» (2008, Երեւան), «Հայկական Ֆուտուրիզմ» (2009, (Երեւան)։

Պըլտեան գեղարուեստական առաջին արձակը սկսած է «Սեմեր»ով (1997, Հալէպ), ապա յաջորդաբար լոյս տեսած են շարքէն՝ «Հարուածը» (1998, Պէյրութ), «Նշան» (2000, Կլէնտէյլ), «Պատկերը» (2003, Կլէնտէյլ), «Անունը Լեզուիս Տակ» (2003, Փարիզ), «Երկուք» (2006, Կլէնտէյլ)։

Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու, որոնց շարքին են՝ «Ազդակ» (Պէյրութ), «Բագին» (Պէյրութ), «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Բաց Նամակ» (Կլէնտէյլ), «Գարուն» (Երեւան), «Ի Դէպ» (Կլէնտէյլ), «Ինքնագիր» (Երեւան), «Կամ» (Լոս Անճելըս), «Կայք» (Փարիզ), «Հանդէս» (Թեհրան), «Յառաջ, Միտք Եւ Արուեստ» (Փարիզ)։ Ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ, որուն շարքին են՝ «Armenian Review», «Le Croquant», «Les temps modernes», «Raft», «Revue des deux mondes», «Zeitschrift fur Genozidforshung»։

Ան ունի Ֆրանսերէն լեզուով հետեւեալ հրատարակութիւնները՝ «Les Armeniens», (1994 Պրիւքսէլ), «Objets & Debris», (1978, Փարիզ), «Cinquante ans de Litterature Armenienne en France», (2001, Փարիզ

Գրիգոր Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ'արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու յատկապէս լեզուին. Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Բանաստեղծական երկեր

Խմբագրել
  • «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար» (Փասատինա, 1976. Բ. տպ. Կլէնտէյլ, 1997)
  • «Հատուածներ Սենեակի Մասին» (Պէյրութ, 1978)
  • «Հակաքերթուած» (Լոս Անճելըս, 1979)
  • «Վայրեր» (Փարիզ, 1983)
  • «Մանտրաներ» (Փարիզ, 1986)
  • «Էր» (Երեւան, 1992)
  • «Հատուածներ Հօր» (Երեւան, 1993)
  • «Ելք» (Փարիզ, 1993)
  • «Ինչ որ չես տեսներ» (Երեւան, 2016)[5]

Գրաքննադատական գործեր

Խմբագրել
  • «Տրամ» (Պէյրութ, 1980)
  • «Գրիգոր Նարեկացի լեզուի սահմաններուն մէջ» (Վենետիկ, 1985)
  • «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» (Անթիլիաս, 1988. Բ. տպ. Երեւան, 2014)
  • «Մարտ» (Անթիլիաս, 1997)
  • «Դէպի մեծ փոխաբերութիւն» (Փարիզ, 1999)
  • «Զրոյցներ բանաստեղծութեան մասին» (Երեւան, 1999)
  • «Ի գործ արկանել» (Մոնթրէալ, 2003)
  • «Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ» (Երեւան, 2008)
  • «Հայկական ֆուտուրիզմ» (Երեւան, 2009-ին)
  • «Տարմ» (Երեւան, 2015)[5]

Վէպ /արձակ գրութիւններ

Խմբագրել
  • «Սեմեր» (Հալէպ, 1997)
  • «Հարուածը» (Պէյրութ, 1998)
  • «Նշան» (Կլէնտէյլ, 2000)
  • «Պատկերը» (Կլէնտէյլ, 2003)
  • «Անունը լեզուիս տակ» (Փարիզ, 2003)
  • «Երկուք» (Կլէնտէյլ, 2006)
  • «Շրջում» (Երեւան, 2012)
  • «Կրկնագիր մարդը» (Երեւան, 2015)[5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել