Փասատինա (անգլերէն՝ Pasadena), քաղաք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լոս Անճելըս քաղաքի՝ Քալիֆորնիա Նահանգի մէջ։ Փասատինան հանրածանօթ է որպէս վարդերու քաղաք, շնորհիւ ամանորեայ Վարդերու Մրցաշարքի Տողանցքին։ Քաղաքին մէջ կայ հոծ հայ բնակչութիւն, ուր կը գործեն Յովսէփեան, Սահակ-Մեսրոպեան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀԲԸՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանները։

Քաղաք
Փասատինա
անգլ.՝ Pasadena
Դրօշակ

Երկիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ԱՄՆ
Mayor of Pasadena, California? Victor Gordo?[1]
Հիմնադրուած է՝ 1886 թ.
Տարածութիւն Մակերես 59,901735 քմ² քմ²
ջրայինը 0,6834 տոկոս
ԲԾՄ 263 մեթր մ
Բնակչութիւն 138 699 մարդ (1 Ապրիլ 2020)[2]
Ժամային գօտի Խաղաղօվկիանոսյան ժամային գոտի?
Հեռախօսային ցուցանիշ 626
Փոստային ցուցանիշ 91101 եւ 91191
Պաշտօնական կայքէջ cityofpasadena.net

Փասատինան քոյր-քաղաք է Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին հետ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

1771 թուականին Փասատինան կը պատկանէր կաթոլիկ առաջնորդ Գաբրիէլի ենթակայութեան տակ գտնուող բնակավայրերու թիւին, ով եւ տուած էր տարածքի հարթավայրերու եւ լեռներու անունները:

Բնակավայրը հիմնադրուած է 1874 թուականին Թոմաս Էլլիոթը Ինտիանա նահանգէն: Յաճախ քաղաքի անուանումը կը թարգմանուի որպէս «Դրախտի պսակ»:

Բնակավայրը նախապէս եղեր է կիտրոնազգի (citrus) հողագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զարգացող փոքր գիւղ, սակայն երկաթուղիի կառուցումէն յետոյ այն զարգացաւ, կառուցապատուեցաւ եւ դարձաւ ձմեռային զբօսաշրջութեան կեդրոն:

Կրթութիւն եւ գիտութիւն

Խմբագրել

Փասատինան Խաղաղական ովկիանոսի ափի գլխաւոր ուսումնական կեդրոններէն մէկն է. այստեղ կը գտնուի Քալիֆորնիայի արուեստագիտական հիմնարկը:

Քաղաքին մօտ կը գտնուի NASA գիտահետազօտական տարրալուծարանը` Jet Propulsion Laboratory: Այն կը զբաղի բարձր ճշգրտութեան սարքաւորումներու արտադրութեամբ, որոնք կ'օգտագործուին ելեկտրոնային եւ օդանաւային ոլորտի մէջ:

Քաղաքին կից կառուցուած են երեք քոլէճներ՝ Pasadena City College (1924), Pacific Oaks College (1945) եւ Art Center College of Design (1930):

Տեսարժան վայրեր

Խմբագրել

Փասատինայի կեդրոնին մէջ պահպանուեր են 20-րդ դարու սկիզբի բազմաթիւ առանձնատուներ, որոնք կը հանդիսանան արուեստի եւ արհեստներու յուշարձաններ: Քաղաքի ոչ պաշտօնական խորհրդանիշը կը համարուի 1927 թուականին կառուցուած շքեղ քաղաքապետարանը:

Այլ շէնքերու շարքին կը գտնուի Քոլորատօ սթրիթ կամուրջը, որ կառուցուեր է 1913 թուականին:

Քաղաքին մէջ կան շատ նշանաւոր թանգարաններ[3]՝

  • Նարթոն Սայմընի թանգարան, նախապէս՝ Փասատինայի գեղարուեստի թանգարան:
  • Խաղաղական ովկիանոսեան Ասիոյ թանգարանը, կը պահպանէ Արեւելեան Ասիայի եւ Ովկիանիայի մշակոյթի մասին պատմող ցուցանմոյշներ:
  • Հանթինկթընի գրադարանը Սան Մարինոյի մէջ, Փասատինայի մօտ, կը գտնուի բուսաբանական այգիներու տարածքին վրայ, որոնք մշակուած են աշխարհի ժողովուրդներու ազգային ոճերու մէջ:
 
Փասատինայի քաղաքապետարանի շքեղ շէնքը (1926-27)

Մարզաշխարհ

Խմբագրել

Ամանորի առաջին օրը, վարդերու շքերթի ժամանակ տեղի կ'ունենայ ամերիկեան ֆութպոլի՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող առասպելական իրադարձութիւնը` « Pink Cup » մրցանակի համար լաւագոյն ուսանողական խումբերու թիմերու խաղը: Առաջին խաղը տեղի ունեցեր է 1902 թուականի Յունուար 1-ին: 1922 թուականէն սկսեալ խաղը տեղի կ'ունենայ Rose Bowl խաղահրապարակին վրայ:

1994 թ.-ին «Rose Bowl» մարզադաշտին մէջ հիւրընկալուել էին ՖԻՖԱ-ի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան կիսաեզրափակիչի, 3-րդ եւ եզրափակիչ տեղերու համար նախատեսուած հանդիպումները[4], իսկ յետագային՝ 1999-ի FIFA Women's World Cup եզրափակիչ խաղերը[5][6]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել


Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել