Գրիգոր Շահինեան
Գրիգոր Շահինեան (ծնած է 1930-ին Դամասկոս, Սուրիա - մահացած 2009-ին Պէյրութ,Լիբանան), սփիւռքահայ գրականագէտ: Ուսուցիչ, հիմնադիր եւ խմբագիր՝ «Ահեկան» գրական հանդէսին:
Գրիգոր Շահինեան | |
---|---|
| |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Կարողութիւն | Հիմնադիր, վարիչ-խմբագիր՝ «Ահեակ» գրական հանդէսին: Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնադիրներէն |
Մասնագիտութիւն | Պրիւքսէլի Պսակաւոր արուեստներու բանասիրութեան եւ մանկավարժութեան եւ Ուսուցչական աստիճան:Փարիզի Սորպոն համալսարանի գրականութեան բաժին |
Աշխատավայր | Ուսուցիչ, դասախօս, Խմբագիր |
Ամուսին | Արաքսի |
Երեխաներ | Շաղիկ, Յասմիկ, Նանէ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՈւսումը ստացած է Դամասկոս, հայկական եւ ֆրանսական վարժարաններու մէջ: 1945-ին Պէյրութ փոխադրուած է, ուր յաճախած եւ աւարտած է «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը: Հոն դասաւանդած է նաեւ, նախքան բարձրագոյն ուսումի համար մեկնիլը Պելճիքա։ Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր արուեստներու վկայականը բանասիրութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերու մէջ, իսկ 1956-ին՝ ուսուցչական աստիճան:
Լիբանան դարձին շարունակած է ուսուցչական-դասախօսական ասպարէզը 1950-էն սկսեալ երկար տարիներ դասաւանդած է Ճեմարանի մէջ, նաեւ՝ Ֆրեռներու դպրոցին, Հայկազեան Գոլէճին եւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ:1970-1994-ին ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Լիբանանի պետական համալսարանը: 1990-ականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ գլխաւորաբար Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին կարճ դասընթացներ վարած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին, Արցախի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասեր՝ Վենետիկի ամառնային դասընթացներու ծիրէն ներս:
1987-ին հիմնադրած եւ մինչեւ 2007 ղեկավարած է Անթիլիասի Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնը:
Աշխատակցած է բազմաթիւ հայկական օրաթերթերու եւ գրական հանդէսներու:1966-1970-ին հիմնադրած եւ վարիչ խմբագիր եղած է «Ահեկան» մշակութային ու գրական եռամսեայ հանդէսին:
Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրող տոքթորական աւարտաճառ պաշտպանած է 1979-ին, Փարիզի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ, իսկ 1994-ին՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունեայ անդամ էր: Իր ղեկավարած Շրջանային Վարչութեան կազմի օրով եւ իր նուիրուած ու խանդավառ ճիգերուն շնորհիւ հիմնադրուած է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը:[1]
Իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի մէջ, 15 Փետրուար 2009ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Անշփոթելի է Գրիգոր Շահինեանի, իբրեւ գրականագէտի ու պարզապէս Մարդու կերպը, կերպընկալումը, մարդկանց հետ յարաբերուելու մեղմաբարոյ «արուեստը», որ շատերուն գուցէ տարօրինակ թուի, բայց իմ պատկերացմամբ,- հակառակ մեր շփումներու, հանդիպումներու սակաւութեանը,- իր առաքելութեամբ ան «լռելեայն» ոգեւորուած էր, խորապէս կը գիտակցէր «գիրը մնայ յիշատակող» ի մասնաւոր խօսքի նշանակութիւնը եւ կ'ապրէր իր՝ շահինեանական գրադատական, մանկավարժական եւ մարդկային գեղագիտութիւնը ի սպաս դնելով յատկապես նորեկ սերունդի զարգացմանը, ազգային ինքնութեան գիտակցմանը․ եւ այն ալ Սփիւռքի մէջ։ Ծանօթներէս մէկը, որ ուսաներ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ, շատ պատկերաւոր կը ներկայացնէր իր Ուսուցիչին․ «Պարոն Գրիգորը կը դասաւանդէ նոյն կերպ, ինչպէս իրեն դասաւանդած են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը։ Անոնց զարմանքը կու գար․ այդչափ հայամտած ուսուցիչ-գեղագէտ՝ իմաստութեամբ լեցուն եւ խանդավառող իմ սերունդի տղաքը չեն տեսած․․․»։ - Արթուր Անդրանիկեան
|
Գրիգոր Շահինեանը բացառիկ երեւոյթ մըն էր Լիբանանի սփիւրքահայ գրական եւ մշակութային կեանքէն ներս, ամբողջական մշակ մը--ուսուցիչ, խմբագիր եւ գրականագէտ։ Զինք ճանչցած եմ իբրեւ «Ահէկան»ի խմբագիր երբ թատերական գրոնիքներ եւ վերլուծումներ կը գրէի այդ կարեւոր եւ կարճատեւ հարդէսին համար։ Կը հասկնար խմբագիրի պարտականութիւնը։ Աւելին՝ որովհետեւ «վաթսունական թուականներու» մարդ էր կը հաւատար թէ «Ահէկան»ը պէտք է նաեւ իր ծիրին մէջ բերէ տեղական--այսինքն ոչ-հայկական--մշակոյթը՝ իր հոգերով եւ նորարարութիւններով։ Այդ տարիները հատկանշական էին թէ հայկական թէ ալ արաբական ծիրէն ներս, իրենց հարցադրումներով եւ փնտռտուքներով։ Գրիգոր Շահինեանի դերը այդ կարճ գրական եւ մշակութային զարթօնքին մէչ տակաւին չենք գնահատած լիովին, ոչ ալ իր վճռական եւ երկարատեւ տարիները «Ճեմարան» էն ներս իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ։ Այս յօդուածը՝ Էսքիզներ դիմանկարի համար․ Գրիգոր Շահինեան [3] այս զոյգ պակասին մէկ մասը կը գոցէ։ Շնորհակալութիւն։ - Թալին Ոսկերիչեան, 7 Դեկտեմբեր 2019
|
Մենագրութիւններ եւ օտարալեզու գործեր, հատորներ եւ բառարան
ԽմբագրելՈւնի գրաբանական-գրադատական ճոխ վաստակ,յատկապէս մենագրութիւններ՝ նուիրուած համաստեղի,Գ.Մահարիի, Լեւոն Շանթի: Արտադրած է նաեւ օտարալեզու գործեր՝ նուիրուած հայ գրականութեան եւ գրական դէմքերու:
ինչպէս նաեւ հայ գրականութիւնը Ֆրանսերէնով ներկայացնող «Panorama de la literature armenienne» ու «Oeuvres vives de la literature armenienne» եւ յուշերու հատընտիր «Վերաքաղ» հատորներուն:
Գրիգոր Շահինեան հեղինակած է եւ բազմիցս վերահրատարակուած իր «Ֆրանսերէն-հայերէն» ստուարածաւալ բառարանը։
- Շահան Շահնուր – Աքսոր եւ Արուեստ - Գրիգոր Շահինեան
- Կենսագրութիւն Եւ Մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի - Գրիգոր Շահինեան
- ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒՄԻ ԿԵՐՊ - Գրիգոր Շահինեան
- ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԵՐԵՔ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԽՈՐԷՆ Ա. ՄՈՒՐԱԴԲԷԿԵ - Գրիգոր Շահինեան
- ՀԱՅՐԻԿԻՆ ԵՒ ՏՈՒՏՈՒՆԻՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ - Գրիգոր Շահինեան
- «Դաւիթ Եւ Խանդութ», *«Սասունցի Դաւիթի Մանկութիւնը», *«Փոքր Մհեր», *«Սասունցի Դաւիթի Եւ Մսրայ Մելիքի Կռիւը», *«Սանասար Եւ Պաղտասար»,
- «Ծովինար»1994, Մանկապատանեկան Գրականութիւն, ՀայերէնԷջ: 38,
- «Սասունցի Դաւիթի Պատանութիւնը» 1994, Մանկապատանեկան Գրականութիւն, Հայերէն Էջ: 63
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելԾաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան,Պէյրութ 2009 էջ(351):