Վիգէն Ադդարեան, որդին գրագէտ Արմէն Դարեանի եւ Արսինէ Փիլիկեանի, օժտուած է բանաստեղծի ձիրքերով. կու տայ զգայուն տաղեր Հայաստանի աղէտեալներուն եւ իր որդիին մասին, ինքնատիպ ու կենսունակ գրիչովը։

Ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Հ.Բ.Ը.Մ. Երուանդ Տէմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները։ Յաճախած է նաեւ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկը։

Մասնագիտական ուսումը ստացած է Չեխոսլոխաքիոյ Պոնօ քաղաքի (այժմ Չեխական Հանրապետութեան երկրորդ մեծագոյն քաղաքը) բարձրագոյն փոլիթէքնիք համալսարանին մէջ։ Ապա մասնագիտութիւնը կատարելագործած Է Ֆրանսայի Կռընոպլ քաղաքի փոլիթէքնիքի կիրառական թուագիտութեան եւ համակարգիչներու բաժանմունքին մէջ, ուր կատարած է նաեւ գիտահետազօտական աշխատանք։ Տիրացած է ելեկտրական ճարտարագիտութեան մագիստրոսի տիտղոսին։

Հաստատուած է Մոնթրէալ եւ այժմ կը շարունակէ ուսումը, տիրանալու համար առեւտրական վարչագիտական ճիւղի մագիստրոսի աստիճանին։

Շնորհիւ չեխերէն լեզուի մէջ ունեցած հմտութեան, ծանօթացած է այդ ժողովուրդին դրական գլուխ-գործոցներուն, իրենց բնագրին ընդմէջէն։

Իր բանաստեղծութիւններէն ոմանք լոյս տեսած են Մոնթրէալ հրատարակւող «Ապագայ» շաբաթաթերթին մէջ եւ արտատպուած՝ սփիւրքահայ այլ պարբերականներու մէջ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել