Վիեննայի Նկարիչներու Տուն

Վիեննայի նկարիչներու տուն (գերմ.՝ Künstlerhaus Wien), ցուցահանդէսային համալիր Վիեննա քաղաքի կեդրոնը, որու գլխաւոր մուտքը Քարլսբլաց հրապարակէն է` Ռինկշդրասէի հարեւանութեամբ: Սեփականատէրը կը համարուի «Աւստրիոյ նկարիչներու միութիւնը» (գերմ.՝ Gesellschaft bildender Künstler Österreichs, Künstlerhaus), որ Աւստրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող արուեստի ամենահին կազմակերպութիւնն է:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Շէնքը կառուցուած է 1865-1868-ականներուն եւ կատարած է եռակի դեր. եղած է գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, ճարտարապետութեան եւ դեկորատիւ-կիրառական արուեստի ցուցահանդէսային կեդրոն, ծառայած է իբրեւ ակումբ բոլոր նկարիչներուն համար` անկախ անոնց տեսակէտէն, աշխատանքի որակէն եւ ոճէն, համարուած է վիեննացի նկարիչներու մասնագիտական կեդրոն: Նկարիչներու ընկերութիւնը եղած է միաւորում, ուր իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքները կը յարգուին ժողովրդավարութեան համընդհանուր սկզբունքներու հիման վրայ[1]:

 
Յոբիլանական ցուցահանդէսի պաստառ, 1898 թ.

Շէնքի ճարտարապետը եղած է Ավկուսդ Վեպերը[2]: Շինարարութեան ընթացքին օգտագործուած է Վիեննական Անտօն Վասերպուրկէր ընկերութեան աւստրիական տարբեր տեսակի քարեր: Շէնքի փականաքարը դրած է կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ Ա.-ը: Շէնքը կառուցուած է իտալական վերածնունդի ոճով, որու բացումը կատարուած է 1 Սեպտեմբեր1868-ին: Բացման պահուն եղած է Ռինկշդրասէի առաջին քարէ շէնքերէն մէկը: 1882-ին շէնքը ընդարձակուեցաւ, կցակառուցելով երկու կողաշէնքեր:

Ամէն գարուն նկարիչներու տան մէջ տեղի կ՚ունենայ ամէնամեայ ցուցահանդէս, ուր կը ցուցադրուին վերջին տասներկու ամիսներու ընթացքին եղած աշխատանքները: Իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ տեղի կ՚ունենայ խոշոր միջազգային գեղարուեստական ցուցահանդէս:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

1949-ին շէնքի աջ թեւին մէջ բացուեցաւ պատկերասրահ, որ կ՚օգտագործուէր Վիեննայի մէջ կազմակերպուող ամէնամեայ Viennale պատկերասրահի փառատօնի ֆիլմերու ընտրութեան համար: 20 Դեկտեմբեր 2012-ին Վիեննայի նկարիչներու տունը 20 տարուայ պայմանագիր կնքեց Վիեննայի պատկերասրահի փառատօնի ղեկավարութեան հետ, որու համաձայն «Վիեննայի քաղաքային պատկերասրահը» Շուարցենպերկպլատց հրապարակի № 8 շէնքէն տեղափոխուեցաւ Նկարիչներու տան պատկերասրահ: «Քաղաքային պատկերասրահի» բացումը տեղի ունեցաւ 26 Սեպտեմբեր 2013–ին, «Զինուոր Ժաննետտ», «Ռատիոյի տուն» եւ «Յարմոնիայի դասերը» ֆիլմերու ցուցադրութեամբ: 2014-էն ի վեր այն կը համարուի Վիեննայի պատկերասրահի փառատօնի կարճ ֆիլմերու փառատօնային կեդրոն[3]: 1974-ին այստեղ բացուած էր նաեւ թատրոն[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. HGWulz։ «KH Doku»։ www.wulz-art.net։ արտագրուած է՝ 2018-04-22 
  2. Österreichische Nationalbibliothek։ «ÖNB-ANNO - Allgemeine Bauzeitung» (գերմաներեն)։ anno.onb.ac.at։ արտագրուած է՝ 2018-04-22 
  3. m.b.H. STANDARD Verlagsgesellschaft։ «Stadtkino übersiedelt definitiv ins Künstlerhaus»։ derStandard.at։ արտագրուած է՝ 2018-04-22 
  4. https://austria-forum.org/ Austria-Forum |։ «Künstlerhaus»։ Austria-Forum (գերմաներեն)։ արտագրուած է՝ 2018-04-22 

Լրացուցիչ գրականութիւն

Խմբագրել

Արտաքին հղումներ

Խմբագրել