Վիսպատենը Գերմանիոյ խոշոր քաղաքներէն է եւ Դաշնային Գերմանիոյ Հեսսեն տարածաշրջանի մայրաքաղաքն է։ Ան պատմական առողջարանային քաղաք է, որ դարեր շարունակ իր տաք աղբիւրներու շնորհիւ դէպի իրեն կը կանչէ աշխարհի տարբեր ծայրերը բնակող հազարաւոր մարդիկ։ Այսօր արդէն Վիսպատընը Ռէյն Մայն մեծ տարածաշրջանի մէկ մասը կը կազմէ։ Քաղաքը տեղակայուած է Մայնի Ֆրանքֆուրթ օդակայանի ու առեւտուրի կեդրոնի մօտ (մօտաւորապէս 20 քմ)։ Շատ հաճախ Ֆրանքֆուրթի մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու ժամանակ գործարար մարդիկ կը ձգտին երթալ այնտեղ, որպէսզի հանգստանան հիասքանչ քաղաքի ստուերին տակ։ Վիսպատընը քոյր քաղաք է Հայաստանի Ստեփանաւան քաղաքին հետ։

Քաղաք
Վիսպատըն
Wiesbaden
Դրօշակ Զինանշան

Քաղաքի տեսարան
Երկիր Գերմանիա
Ներքին բաժանում Mitte?, Nordost?, Rheingauviertel?, Südost?, Westend?, Auringen?, Բիբրիխ?, Bierstadt?, Breckenheim?, Delkenheim?, Dotzheim?, Erbenheim?, Frauenstein?, Heßloch?, Igstadt?, Klarenthal?, Kloppenheim?, Medenbach?, Naurod?, Nordenstadt?, Rambach?, Schierstein?, Sonnenberg?, Mainz-Amöneburg?, Mainz-Kastel? եւ Mainz-Kostheim?
Հելմութ Միւլլեր Helmut Müller
Այլ անուանումներ Aquae Mattiacorum (Latin for "Waters of the Mattiaci" The Mattiaci
Տարածութիւն 203,93 քմ²
ԲԾՄ Բարձրութիւն ծովի մակարդակէն մ
Խօսուող լեզուներ Գերմաներէն
Բնակչութիւն 283 083 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2022)[1]
Կը գտնուի ափին Ռայն գետ եւ Salzbach?[2]
Կրօնական կազմ Կաթոլիկութիւն
Տեղաբնականուն Վիսպատենցի
Ժամային գօտի UTC+1 եւ UTC+2
Հեռախօսային ցուցանիշ 6122, 6127, 6134 եւ 0611
Փոստային ցուցանիշ 65183–65207, 55246 եւ 55252
Շրջագայութեան պետ-համարագիր WI
Պաշտօնական կայքէջ wiesbaden.de(գերմ.)
Քարտէս

Քաղաքի գեղեցկութիւնը

Խմբագրել

Վիսպատըն քաղաքը ամենայարմար վայրն է միլիոնատէրերու համար, քաղաքի շքեղ գազինոյներուն մէջ կը հանդիպիք փողի, գեղեցկութեան եւ յայտնիներու։ Ռուս յայտնի գրող Տոսդեւսկին իր նախասիրութեամբ զբաղուեր է Վիսպատընի մէջ։ Յոհաննէս Բրամսը Երրորդ սիմֆոնիան ստեղծեր է 1883 թուականի ամրանը՝ Վիսպատընի մէջ։ Վիսպաստըն անունը ինքնին պատմութեան խորհրդանիշ է, առաջին դարուն հռոմէական պատմագիրները յիշատակեր են տաք ջուրի աղբիւրներ: Մարդը Վիսպատընի գեղատեսիլ բնութիւնը, քաղաքի այցելուներու կողմէ կը գնահատուի: Լայն փողոցները, ընդարձակ տարածքները, տուները եւ բազմաթիւ հանրային զբօսայգիները այցելուներուն կը ստիպեն զգալ, որ իրենք այլ ժամանակներու մէջ են:

Հարուստներու քաղաք

Խմբագրել

1907 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, Գերմանիոյ միլիոնատէրերու մեծ մասը կ'ապրէr Վիսպաստընի մէջ, եւ այդ կը կապուի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն յետոյ ռուս շատ մը ազնուականներու փախուստի եւ այնտեղ բնակութեան հետ:

Ինչպէս կ'ըսեն, փողը փող կը բերէ, որովհետեւ կառուցեր են վիլլաներ, որոնք մինչ օրս կը համարուին քաղաքի տարբերակիչ կերպարը եւ անոր զբօսաշրջիկներու համար նախատեսուած վայր: Ան ​​ժամանակին կոչուած էր «Կլոպալ բուժիչ քաղաք», ուր կ'այցելէին ամբողջ աշխարհէն: Քաղաքը ունի ոչ պաշտօնական մականուն՝ «Հիւսիսային գեղեցիկ», թէեւ Նիցցան աւելի տաք է, քան Վիսպատեընը: 1995 թուականի մարդահամարի համաձայն՝ 997 միլիոնատէրներ կը բնակին Վիսպատըն եւ այդպիսով կը զբաղեցնէ երկրորդ տեղը Ֆրանկֆուրտէն ետք: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ Վիսպադընը ​​ոչ միայն վիճակագիրներուն գրաւեց, այլ նաեւ Քրէական իրաւունքի դաշնային բիւրոյին:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Յղումներ

Խմբագրել
  1. Alle politisch selbständigen Gemeinden mit ausgewählten Merkmalen am 31.12.2022DESTATIS, 2023.
  2. Renaturierung Unterer Salzbach