Վիրճինիա Աբգար (1909, Նիւ Ճրզի - 1974, Նիւ Եորք), բժիշկ, մանկաբոյժ եւ անէսթէզաբան, յայտնի է Ապգարի նիշի՝ նորածնի վիճակի արագ գնահատման մեթոտի ներդրումով։

Վերճինիա Աբգար
անգլերէն՝ Virginia Apgar
Վիրճինիա Աբգար, 6 Յուլիս 1959
Ծնած է 7 Յունիս 1909
Ծննդավայր Ուեսթֆիլտ, Նիւ Ճրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 7 Օգոստոս 1974
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Կոլումբական համալսարանի բժշկական վիրաբուժական քոլեջ?[1]
Բլումբերգի Ջոնս Հոփքինսի անվան հանրային առողջության դպրոց?[1]
Ուիսքոնսին Համալսարան[1]
Andrés Bello University?[1]
Մաունթ Հոլիուոք քոլեջ?[1]
Westfield High School?
Ազդուած է Allen Whipple?[2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Is My Baby All Right? A Guide to Birth Defects
Մասնագիտութիւն բժիշկ, գիտնական
Աշխատավայր Կոլումբական համալսարանի բժշկական վիրաբուժական քոլեջ?[1]
Sloane Hospital for Women?
March of Dimes?[1]
Ծնողներ հայր՝ Charles E. Apgar?

Կեանքն Ու Գործունէութիւնը

Խմբագրել

Մանկաբոյժ Վիրճինիա Աբգարին կը պատկանի Ապգարի նիշը (Apgar score), որուն արդիւնքին իւրաքանչիւր ծնողք անհամբեր կը սպասէ, վստահ ըլլալու համար իր նորածինին անթերի առողջութեան: 1953-ին հաստատուած այս քննութիւնը գիտական առաջին գործիքը եղած է, որուն միջոցով կարելի կ’ըլլայ կանխագուշակել նորածինի մը առողջական ծանր, երբեմն մահացու հարցերը եւ անոնց լուծումներ փնտռել:[3]

Երբ Աբգար շրջանաւարտ կ’ըլլայ Գոլումպիայի Համալսարանէն 1933 թուականին, վիրաբուժութեան մէջ մասնագիտանալու կը ձգտէր: Իր դասախօսներէն մին սակայն չի քաջալերեր զինք եւ աբգար կը մասնագիտանայ անէսթէզիի մէջ եւ կը դառնայ առաջին տնօրէնը 1938-ին հիմնուած Գոլումպիոյ Presbyterian հիւանդանոցի անէսթէզիի բաժանմունքին:[3]

Աբգար կը խորանայ բժշկութեան մէջ, գտնելու համար իր մասնագիտութեան ազդեցութիւնները մարդկային մարմնին, ծննդաբերութեան եւ նորածինի մը առողջութեան վրայ: Ինքն է որ հաստատած է այս ցանկը, աշակերտի մը հարցումէն ելլելով: Այս ցանկէն առաջ դժուար էր իմանալ նորածինի մը առողջական վիճակը ծնունդին առաջին ժամերուն. ասիկա պատճառ կը դառնար, որ նորածիններ մահանային այնպիսի պատճառներով, որոնց առաջքը կարելի էր առնել:[3]

Իր յիսունականներուն Աբգար նոր ճիւղի մը կը սկսի հետեւիլ՝ ընկերային առողջաբանութեան մէջ նուաճելով մագիստրոսական աստիճան, Ճոնս Հոփքինս համալսարանէն ներս: Այս ընթացքին է, որ հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ծնունդի արատները կանխարգելելու միջոցներուն վրայ:[3]

ԱՄՆ-ի նախկին Surgeon General Յուլիոս Ռիչմընտ ըսած է.

«Տոքթ. Վիրճինիա Աբգար շատ բան ըրած է մայրերու, նորածիններու եւ սաղմերու առողջութեան համար, շատ աւելին, քան ոեւէ մէկը 20-րդ դարու ընթացքին»:[4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել