Վրացական ԽՍՀ Տնտեսութիւն

Վրաստանի տնտեսութիւնը, մինչեւ հոկտեմբերեան սոցիալիստական յեղափոխութիւնը Վրաստանը յետամնաց ագրարային երկիր էր։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն արմատապէս վերափոխուեցաւ Վրաստանի տնտեսութիւնը։ Վրաստանը դարձաւ միութեան ագրարային հանրապետութիւններէն մէկը։ Ստեղծուեցան ժամանակակից առաջաւոր ճիւղերը միաւորող բարձր զարգացած արդիւնաբերութիւն (որուն բաժին կ՛ինայ հասարակական համախառն արդիւնքի 61,1% -Q) եւ տեխնիկապէս յագեցած բազմաճիւղ գիւղատնտեսութիւն։

Ինգուրի ՋրԷԿ
ПБ21-ի փորձարկումները կաւկազական երկաթուղային գիծին 1934-1935 թուականներուն

Գիւղատնտեսութեան տեսակարար կշիռ

Խմբագրել

Գիւղատնտեսութեան տեսակարար կշիռը 19,5% է, շինարարութեանը, փոխադրամիջոցային եւ կապինը՝ 12,0%, մնացած ճիւղերինը՝ 7,4%: Ինդուստրացման քաղաքականութեան կապակցութեամբ յատկապէս արագ զարգացաւ արդիւնաբերութիւնը։ Իրականացուեցաւ արտադրութեան ճիւղերու սոցիալիստական վերակառուցումը, շարք մտան խոշոր արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ փոխադրամիջոցային ձեռնարկութիւններ, ստեղծուեցան սպասարկման ժամանակակից ճիւղեր։

Ռուսթաւիի քիմիական մանրաթելի գործարան

Խմբագրել

Ռուսթաւիի քիմիական մանրաթելի գործարանին մէջ 1921–1981 թուականներուն տնտեսութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ գլխաւոր ներդրումները կազմած են 30307 միլիոն ռուպլի: Եթէ նախապատերազմեան հնգամեակներուն (համադրելի գիներով) գլխաւոր ներդրումները տարեկան չէին գերազանցէր 80 միլիոն ռուպլին, ապա 1976–1981 թուականներուն այդ թիւը հասած է 1692 միլիոն ռուպլիի։ Գլխաուր ներդրումներու կէսէն աւելին բաժին կ՛ինայ արդիւնաբերութեանն ու գիւղատնտեսութեանը։ Բարձր է նաեւ բնակարանային շինարարութեան եւ սոցիալ–կուլտուրական միջոցառումներու ծախսերու բաժինը։ Վրաստանի ընդհանուր միութենական մասշտաբով հանդէս կու գայ որպէս սեւ մետալուրգիայյի, քիմիայյի, մեքենաշինութեան, թէթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերութեան արտադրանքի շարք մը տեսակներու արտադրող։ Արտադրատնտեսական լայն կապեր հաստատուած են Վրաստանի եւ երկրի այլ շրջաններու մէջ եւ առաջին հերթին՝ անդրկովկասեան հանրապետութիւններու միջեւ։ Արդիւնաբերութիւնը, գրաւելով առաջատար դիրք նիւթական արտադրութեան ճիւղերու մէջ, կը զարգանայ առաւել բարձր տեմպերով։

 
Պաթումիի նաւահանգիստ

Արտադրանքի ընդհանուր ծաւալ

Խմբագրել

1922–1981 թուականին այդ ճիւղի արտադրանքի ընդհանուր ծաւալը աճած է 292 անգամ։ 1978 թուականի տուեալներով արդիւնաբերութեան համախառն արտադրանքը կազմած է 8,9 միլիար ռուպլի, որմէ մօտ 65%–ը բաժին կ՛ինայ արտադրութեան միջոցներ արտադրող արտադրութեանը, 35%–ը՝ սպառողական առարկաներուն։

Առաւել բարձր նիւթերով կը զարգանան մեքենաշինութիւնն ու մետաղամշակումը, քիմիական արդիւնաբերութիւնը, շինանիւթերու արտադրութիւնը եւ թեթեւ ու սնունդի արդիւնաբերութեան շարք մը ճիւղեր։ Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալին մէջ բարձր տեսակարար կշռով աչք մտած են (1981 թուականի տուեալներով) սնունդի (39,5%), թեթեւ (21,8%) արդիւնաբերութիւնը, մեքենաշինութիւնն ու մետաղամշակումը (13,7%): Վառելիքայ–էներգետիկ արդիւնաբերութիւնը ներկայացուած է քարածխի (Տղիբուլի, Տղուարչելի) եւ նաւթի արդիւնահանութեամբ, ելեկտրաէներգիայի արտադրութեամբ։ Կառուցուած են հզօր հիդրոյ (Ռիոնի, Լաջանուրի, խրամի են) եւ ջերմաէլեկտրակայաններ (Թիֆլիսիի ՊՇԷԿ), որոնք միացուած են ԽՍՀՄ եւրոպրոպայի մասի միասնական էներգահամակարգին։ 1978 թուականին շարք մտած է խոշորագոյն (Կովկասի մէջ) Ինգուրի հէկը։ 1879 թուականէն կը շահագործուի ճփաթուրայի մանգանի հանքավայրը, որուն հանքանիւթը կ՛օգտագործեն Ռուսթաւիի մետալուրգիական (արտադրութեան լրիւ ցիկլով) եւ Զեստաֆոնի ֆեռոհամաձուլուածքներու գործարանները։

Մետալուրգիայ

Խմբագրել

Վրաստանի մետալուրգիայի հիմնական արտադրանքը՝ սեւ մետաղներու գլոցուածքի պողպատէ խողովակներն ու այլ տեսակները կ՛արաքուին այլ հանրապետութիւններ եւ արտասահման։ Մառնէուլի մէջ ստեղծուած է գունաւոր մետաղների արդիւնահանման եւ հարստացման ամէնահզօր ձեռնարկութիւնը Անդրկովկասի մէջ։ Գունաւոր մետաղներու արդիւնահանութիւն կը կատարուի նաեւ Հարաւային Օսէթիայի ԻՄ–ի մէջ (Կուայիսի մէջ աւ․): Քիմիական արդիւնաբերութեան խոշոր ձեռնարկութիւններ կը գործեն Ռուսթաւիի եւ Քութայիսի մէջ։ Կ՛արտադրուին՝

  • հանքային պարարտանիւթեր
  • հանքային ներկեր
  • արհեստական մանրաթելեր
  • կենցաղային քիմիայի առարկաներ
  • դեղագործաքիմիական ապրանքներ

Արդիւնաբերութեան մէջ առաջատարներէն են մեքենաշինութիւնն ու մետաղամշակումը։ Առաւել զարգացած է փոխադրամիջոցային եւ ելեկտրատեխնիկական մեքենաշինութիւնը։ Այդ Ճիւղի խոշորագոյն կեդրոնը Թիֆլիսին է, ուր կը գործեն աւիացիոն, ելեկտրաքարշաշինական, հաստոցաշինական, ելեկտրատեխնիկական ձեռնարկութիւններ, ինչպէս նաեւ սննդարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան համար մեքենաներ ու սարքաւորումներ արտադրող գործարաններ։ Բեռնատար մեքենայներ, ելեկտրատեխնիկական սարքաւորումներ ու փոքրածաւալ տրակտորներ կը թողարկուին Քութայիսի, ծովային նաւակներ (այդ թիւին մէջ են ստորջրեայ թեւերով) եւ այլ տեսակի մեքենաներ՝ Պաթումի եւ Փոթիի գործարանները։ Մեքենաշինական գործարաններ կան նաեւ Ռուսթաւիի, Մուխումի, Զեստաֆոնի, Ցխինուալիի, Գորիի, Կասպիի, Սամտրեդիայի մէջ։

Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է շինանիւթերու արդիւնաբերութիւն եւ շինարարական ինդուստրիայ։ Ցեմենտի գործարաններ կան Ռուսթաւիի եւ Կասպիի մէջ։ Կը շահագործոոուին մարմարի եւ երեսպատման քարերու հանքավայրերը, կառուցուած են տնաշինական հզօր գործարաններ։

Փայտամշակման ձեռնարկութիւններ

Խմբագրել

Փայտամշակման ձեռնարկութիւնները կը պատրասեն շինարարական մասեր եւ կահոյք։

Արտադրանք

Խմբագրել

Կ՛արտադրուին ապակէ տարաներ, ճենապակէ եւ հախճապակէ իրեր։

Թեթէ արդիւնաբերութիւնը զբաղուածներու քանակակազմի տեսակարար կշռով հանրապետութեան մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը։ Թիֆլիսի, Քութայիսի, Պաթումի, Սուխումի եւ այլ քաղաքներու մէջ կ՛արտադրուին անձնական սպառման բազմաքանակ իրեր, այդ թիւին մէջ՝ բուրդէ, մետաքսէ եւ բամպակէ գործուածքներ, հագուստ, կօշիկ, տրիկոտաժէ եւ գալանտերէական ապրանքներ։ Սննդարդիւնաբերութիւնը համախառն արտադրանքի ծաւալով կը գերազանցէ մնացած բոլոր ճիւղերուն, կը վերամշակուի գիւղատնտեսութեան հումքը եւ թէյ կ՛արտադրուի, բարձր տեսակի սեղանի գինիներ, շամպայն, քոնեակներ, պտուղի ու բանջարեղէնի պահածոներ, ծխախոտ, եթերաիւղեր, հրուշակեղէն, մսեղէն, կաթնամթերք։ Կը կատարէ հանքային ջուրերու լցում։ Սննդարդիւնաբերութեան արտադրանքի նշանակալի մասը կ՛արաքուի միութենական այլ հանրապետութիւններ եւ կ՛արտահանուի։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։