Վրթանէս Քերթող (- 620), Քչկանորդի (6-րդ դարու կէս – 7-րդ դարու սկիզբ), մատենագիր, դաւանաբան։ Ըստ 10-րդ դարու պատմիչ Ուխտանեսի, սորված է Դուինի կաթողիկոսարանի դպրատան մէջ։ Վրթանէս Քերթող, Գրիգոր անունով վարդապետի մը հետ մասնակցած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 589-ին գումարուած եկեղեցական ժողովին, որպէս Մովսէս Բ․ Եղիվարդեցի կաթողիկոսի նուիրակ։ Վերջինիս մահէն յետոյ՝ 604-ին, ընտրուած է կաթողիկոս. տեղապահ մինչեւ Աբրահամ ԱՅ Աղբաթանեցիի ընտրութիւնը։ Եղած է ժամանակի ուսեալ եւ գիտուն աստուածաբաններէն, ընտիր ոճով գրելու համար իրեն տրուած է «Քերթող» մակդիրը։

Վրթանէս Քերթող
Մահացած է 620
Մասնագիտութիւն աստուածաբան

Վրթանէս Քերթողի տեղապահութեան օրօք սկիզբ առած են հայ-վրացական եկեղեցական վէճերը՝ կապուած քաղկեդոնականութիւն ընդունելու Վրաց եկեղեցւոյ դիրքորոշման հետ։ Մեծ եղած է իր դերը «Գիրք Թղթոց»-ը կազմելու գործին, ուր, ինչպէս նաեւ Ուխտանեսի «Հայոց պատմութեան մէջ, պահպանուած են իր անուամբ մեզի հասած բազմաթիւ թուղթեր, շրջաբերականներ, դաւանաբանական գրութիւններ, նամակներ` ուղղուած հայ եւ վրացի հոգեւորականներուն։ Իրենց զգալի մասը Վրթանէս Քերթողի եւ Գուգարքի Ցուրտաւ քաղաքի եպիսկոպոս Մովսէսի թղթակցութիւններն են՝ Քաղկեդոնի ժողովի, նեստորականութեան դէմ եւ երկաբնակութեան խնդիրներու շուրջ։ Որպէս Ս. Հռիփսիմէ տաճարի կառուցման ժամանակակից եւ ականատես՝ գրած է անոր համառօտ պատմութիւնը։

«Յաղագս Պատկերամարտիցէ»

Խմբագրել

Գլխաւոր գործը «Յաղագս Պատկերամարտիցէ» (ձեռագրերուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ «ընդդէմ ընդդիմամարտիցէ», «յաղագս ընդդիմամարտացէ» խորագրերը) գրուածքն է, որն ուղղուած է պատկերամարտութեան դէմ։ Թուղթը մեծ արժէք կը ներկայացնէ ե՛ւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ, ե՛ւ հայ պատկերամարտութեան պատմութեան համար։ Ուսումնասիրողները (Ն. Ակինեան, Մ. Աբեղեան, Ս. Տէր-Ներսէսեան) հաստատած են, որ այն պատկերամարտութեան դէմ առաջին գրուածքն է ընդհանուր եկեղեցական գրականութեան մէջ, որ հասած է մեզի։ Վրթանէս Քերթողը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը յայտնէ հայ արուեստի (նկարչութեան, որմնանկարչութեան, քանդակագործութեան եւն.) վերաբերեալ, կը խօսի եկեղեցիներուն մէջ իր տեսած պատկերներու, մասնաւորապէս՝ Գրիգոր ԱՅ Լուսաւորչի, Գայանէի եւ Հռիփսիմէի, Ստեփանոս Նախավկայի նկարներու ու որմնանկարներու մասին, կը նկարագրէ աւետարանական թեմաներով, յատկապէս՝ Քրիստոսի փրկչական տնօրինութիւններուն նուիրուած նկարները (ծնունդ, մկրտութիւն, չարչարանքներ, խաչելութիւն, թաղում, յարութիւն, համբարձում): Հեղինակի վկայութեամբ, եկեղեցիներուն մէջ եղած են նաեւ Աւետարանի ոսկիէ եւ արծաթէ նկարազարդ տուփեր, փղոսկրէ եւ կարմիր մորթէ պատրաստուած կազմեր: Հեթանոսական տաճարներն ալ ունեցած են մեծ թիւով նկարներ եւ քանդակներ։ Գրելով «կուռքերու մեհեաններուն մէջ» Անահիտի, Աստղիկի, Աֆրոդիտէի նկարներու ու քանդակներու մասին՝ «իրենց պղծութիւններով, արբեցութիւններով եւ անառակութիւններով», Վրթանէս Քերթողը համեմատած է քրիստոնէական եւ հեթանոսական արուեստը, տուած է իրենց նշանակութեան, գործածման, ընկալման եւ մեկնաբանման տարբերութիւնները: Ըստ հեղինակի, քրիստոնէական «պատկերները աստուածութեան պատուի եւ երկրպագութեան փառքի սպասաւորութեան համար են», քանզի քրիստոնեաները ո՛չ թէ նիւթը կը պաշտեն, այլ պատկերուած սուրբերը կը փառաւորեն եւ անոնցմէ բարեխօսութիւն կը խնդրեն: Երբ կ'երկրպագեն կամ կը համբուրեն Աւետարանը, ո՛չ թէ փիղի ոսկորներուն կամ կաշիին երկրպագութիւն կը մատուցեն, «այլ Փրկիչի խօսքին, որ գրուած է մագաղաթի վրայ»: Պատկերային համեմատութիւններով եւ սուրբ գրային վկայութիւններով, Վրթանէս Քերթողը հիմնաւորած է պատկերայարգութիւնը եւ յանգած՝ այն եզրակացութեան, որ պատկերներու պաշտամունքը շեղում չէ Սուրբ Գիրքէն: Գրուածքն արժէքաւոր է նաեւ անով, որ կը բովանդակէ «դեղերու» (ներկերու) բաղադրութիւնը` պատկերացում տալով, թէ դեռեւս վաղ շրջանի մէջ ինչեր պատրաստած են այն ներկերով: Անոնցմով ստեղծուած գործերը մինչեւ հիմա պահած են իրենց պայծառութիւնը։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • «Քրիստոնյա Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։