Տարեցներու Միջազգային Օր

Տարեցներու Միջազգային Օր, 1 Հոկտեմբերը կը նկատուի տարեցներու միջազգային օր[1][2], որ հռչակուած է 14 Դեկտեմբեր 1990-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի կողմէ։

Տարեցներու Միջազգային Օր

1990 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի կողմէ կատարուած քուէարկութեամբ՝ 1 Հոկտեմբերը, հաստատուած է իբրեւ Տարեցներու Միջազգային Օր, ըստ արձանագրուած 45/106[3] բանաձեւին։ Տօնը առաջին անգամ նշուած է 1991 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին[4]։

Տօնը կը նշուի տարեց մարդոց խնդիրները եւ իրենց շրջապատին միջեւ ծագած տարակարծութիւնները բարձրացնելու նպատակով, ինչպէս, օրինակ, ծերանալը եւ երէցներու չարաշահումները: Այն նաեւ երէցներուն՝ հասարակութեան նկատմամբ, կատարած ներդրման գնահատման օր է։

Այս տoնը համանման է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ նշուած ազգային Մեծ տատիկի ու պապիկի օրուան, ինչպէս նաեւ Չինաստանի «Double Ninth Festival»-ին (կրկնակի իններորդ փառատօն) եւ Ճափոնի «Respect for the Aged Day»-ին (Երէցներու յարգանքի օր):

Թիրախային Խումբ

Խմբագրել

Տարեցները կամաւոր աշխատանքներ կը ներկայացնեն ըկերութեան, իրենց կատարած բազմաթիւ ներդրումներով՝ կեանքէն ստացած իրենց փորձառութիւններն ու գիտելիքները փոխանցելու յաջորդող սերուդներուն։

Աշխարհի տարածքին երէց մարդոց թիւը կը հասնի (60 տարիէ աւելի) մօտ 600 միլիոն մարդու (2012 թուական)։ Իսկ 50 տարի ետք, այդ կ՛ակնկալուի բարձրանալ 2 երկիլիոն մարդու[5]։

 
Տարեց կին մը՝ Մեքսիքայէն

Կազմակերպութիւններն ու խմբակները, որոնք կը նշեն համաշխարհային այս օրը՝[6][7]

  • Տարեց մամիկներն ու պապիկները:
  • Տարեցները հոգացող պետական հաստատութթիւնները:
  • Անհատներ եւ ընտանիքներ որոնք հետագրգրուած են ծերերու խնամատարութեամբ:
  • Առողջապահական խնամատարութեան եւ տարեցներու վերականգնման ոլորտներու աշխատակիցները:
  • Առողջապահական կեդրոններէն ներս առողջապահութեանբ աշխատողները:

Օրուան նպատակներն ու պատգամները

Խմբագրել

Միջազգային Տարեցներու օրուան նպատակներն ու պատգամներն կ՛անդրադառնան այդ խմբակին կատարած ներդրումներուն եւ հասարակութեան զարդացման համար նախաձեռնած քայլերուն: Այդ նպատակներէն են՝

  • Առողջապահական ծառայութիւններու հզօրացումը եւ հիւանդութիւններու կանխարգելութիւնը, համապատասխան արհեստագիտական միջոցներու յատկացումն ու բարեփոխութիւնը։
  • Ծերերը խնամելու հեռանկարով՝ վերապատրաստել աշխատակազմը:
  • Ապահովել երէցներուն անհրաժեշտ կարիքները, անոնց պահանջները բարելաւելու նպատակով (դարմանատուները):

Տարեկան Թեմաներ

Խմբագրել
 
Լայփցիկ համալսարանի հին ուսանողները
  • 2011: Աճող հնարաւորութիւնները եւ Համընդհանուր ծերացման մարտահրաւէրները
  • 2012: Երկարակեցութիւնը: Ապագայի կերտմումը
  • 2013: Ապագան որ կ՛ուզենք: Տարեցները ի՞նչ կ՛ըսեն
  • 2014: Ոչ ոք ետեւ ձգել: Բոլորին համար հասարակութիւնը խթանել
  • 2015: Կայունութիւնն ու Տարիքի համընդգրկունութիւնը քաղաքային միջավայրի մէջ
  • 2016: Ընդդիմանալ Ծերութեան

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. الموقع الرسمي للأمم المتحدة: اليوم العالمي لكبار السن.(արաբ.)
  2. الإمارات تحتفل باليوم العالمي لكبار السن. Archived 2012-10-06 at the Wayback Machine.(արաբ.)
  3. Resolution 45/106 Archived 2011-08-14 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  4. Ideas for observing this day(անգլերէն)
  5. Health Awareness(անգլերէն)
  6. اليوم العالمي للمسنين 2012: الفئة المستهدفة.(արաբ.)
  7. International Day of Older Persons 2011. Archived 2012-11-15 at the Wayback Machine.(անգլերէն)