Տաւուշի Բերդ
Տաւուշի բերդ կամ Ցլիկ Ամրամի բերդ, միջնադարեան բերդ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի ծայրամասին մէջ, Տաւուշ գետի աջ ափին, պատմական Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի Տաւուշ գաւառին մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՏաւուշ բերդը առաջին անգամ կը հիշատակուի 10-րդ դարի սկիզբէն որպէս Աշոտ Երկաթի փոխարքաներու նստավայր (հիմնականին Ցլիկ Ամրամի)։ 10-11-դարերուն ամրոցը անցած է լոռեցի Կիւրիկեաններուն։ Ամրոցի տարածքին մէջ այսօր ալ կը գտնեն կավից սպասք եւ ուրիշ իրեղէն։ Ամրոցը եղած է այն իւրահատուկներէն, որ ունեցած է իր ներդաշնակ ջրամատակարարումը։ Քանի որ 14-րդ դարէն բերդը եղած է լքուած, այժմ ան կը գտնուի վատ վիճակի մէջ։ Մարդիկ չեն կրնար ներս մտնել, որովհետեւ անոր մուտքի եւ ելքի տեղերը անհայտ են։
Հիմնադրման թուականը յայտնի չէ։ Տաւուշի բերդը 9-10-րդ դարերուն հռչակուած վայր էր։ Այստեղ նստող իշխանները մի քանի անգամ ապստամբութիւն բարձրացուցած են Բագրատունի թագաւորներու դէմ։ Աշոտ Բ-ը (914-928) զէնքի ուժով կը կտրէր անոնց դիմադրութիւնը եւ գրաւում Տաւուշի բերդը։ Գրաւոր աղբիւրներուն մէջ առաջին անգամ կը յիշատակուի X դ. սկզբին, որպէս Հայոց թագաւոր Աշոտ Բ Երկաթի կուսակալներու նստավայր։ X-XI դդ. պատկանած է Բագրատունիներու Կիւրիկեան ճիւղին, XII-XIII դդ.՝ Զաքարեաններուն[1]։ XIV դ. վերջը անտերունչ մնացած Տաւուշը աստիճանաբար աւերուած եւ քայքայուած է։ Տաւուշը բաղկացած էր միջնաբերդէն եւ ստորին բերդէն։ Միջնաբերդը կը գրաուէր բարձրադիր, զառիթափ ժայռերով եզերուած բլուրի գագաթի նեղ (առավելագոյն լայնութիւնը 25մ), լեզուականման տարածքը։ Կիսագլանաձեւ բուրգերով ամրացուած պարիսպի մնացորդները (մինչեւ 12մ բարձրութեամբ, կառուցուած ոչ խոշոր գետաքարերով եւ ճեղքուած անդեզիտի քարերով) պահպանուած են արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան մասերուն մէջ։ Մուտքը եղած է հարաւային կողմէն։ Տարածքին մէջ շինութիւններու հետքեր չեն պահպանուած։ Միջնաբերդը հիւսիսային կողմը շարունակուած է աւելի ցած դիրքով փոքր բլուրի վրայ, դէպի ուր ունեցած է ելք։ Ստորին բերդը գտնուած է միջնաբերդի արեւելեան ստորոտին, ուր պահպանուած են ճեղքուած խոշոր քարերով կիկլոպեան շարուածքով պարիսպի մնացորդներ, միանավ դահլիճ տիպի եկեղեցիի պատեր, կացարաններու եւ տնտեսական շինութիւններու հետքեր։ Խմելու ջուրը մինչեւ ստորին բերդ բերուած է հարաւային կողմի Գլգլան կոչուող աղբիւրներէն՝ կավէ փողրակներով (մնացորդները պահպանուած են)։
Բերդի աւերակները, որոնք մինչեւ օրս կը նշմարուին, կը գտնուին Բերդ քաղաքի մէջ, բարձր եւ զառիթափ լեռան վրայ։ Անոր շինութիւնները բռնած են բաւական մեծ տարածութիւն։ Այժմ անոր բոլորը, գրեթէ առանց բացատրութեան, կը գտնուին հողի հաստ շերտի տակ։ Այստեղ կատարուած են մասնակի պեղումներ[1]։
Աւանդութիւն
ԽմբագրելԵրբ արաբները կու գան այս կողմերը, Աշոտ Երկաթը իր զորքով կ'ամրանուի Ղալի քար կոչուած ապառաժին շինուած բերդին մէջ։ Թշնամին կը պաշարէ այն, բայց ոչինչ չի կրնար ընել բերդականներուն։ Պառավ կին մը թաքուն դուրս կու գայ բերդէն, որ պաշարուածներու համար ուտելիք բերէ։ Արաբները բռնութեամբ կ'իմանան անորմէ ջուրի ճանապարհը եւ կտրում ջուրը։ Չնայած անոր, բերդին մէջ գտնուող Աշոտ Երկաթը անձնատուր չ'ըլլար։ Մութ գիշեր մը ան իր զորքով դուրս կու գայ բերդէն եւ կը տեղափոխուի Սեւանի կողմերը[2]։