Տեւրիկ
Տեւրիկ քաղաքը հին հռոմէական քարտէզներուն մէջ նշուած է Տեւկիլա ձեւով, արաբները կոչած են Ապրիկ, թուրքերը՝ Դիւրիկ։ Տեւրիկը կը յիշատակուի իբրեւ ճանապարհային կայան, գիւղաքաղաք, բերդաքաղաք եւ քաղաք։ Կը գտնուէր Զիմարայէն Մալաթիա տանող ճանապարհին, Եփրատի աջակողմեան վտակ՝ Տեւրիկ գետի ստորին հոսանքին վրայ։
Քաղաք | |
---|---|
Տեւրիկ | |
Երկիր | Թուրքիա[1] |
ԲԾՄ | 1250 մեթր |
Բնակչութիւն | 16 893 մարդ (2023) |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 58300 |
Պաշտօնական կայքէջ | divrigi.gov.tr |
Քաղաքին բերդը կը գտնուէր բարձրաւանդակի վրայ։ Տեւրիկի հովիտը ամբողջովին ծածկուած էր այգեստաններով եւ պարտէզներով։ Ունէր ընտիր խաղող եւ գինի։ Շրջակայքը կային երկաթի հանքավայրեր։ Տեւրիկն ունէր հայկական 3 եկեղեցի։ Կը գործէին հայկական երկու վարժարաններ, որոնցմէ մէկը կը կոչուէր Ներսիսեան կամ Ազգային վարժարան եւ 19-րդ դարու 70-ական թ’ուականներուն ունէր երկսեռ 500 աշակերտ ու 14 ուսուցիչ, իսկ միւսն անհամեմատ փոքր էր եւ կը պատկանէր բողոքական հայերուն։
Քաղաքը հիմնադրուած է 855 թուականին՝ Պաւլիկեան շարժման յայտնի առաջնորդ Կարբէասի կողմէ։ Հին ժամանակներուն ունեցած է մօտ 1200 տուն, որոնց կէսէն աւելին հայկական։ Բիւզանդական Բարսեղ կայսրը 873-ին գրաւած եւ քարուքանդ ըրած է պաւլիկեան շարժման այդ հզօր կեդրոնը։
16-րդ դարու սկիզբը Տեւրիկին տիրած են օսմանեան թուրքերը։
19-րդ դարու վերջերը անոր բնակչութիւնը կը հասնէր 10 հազարի, իսկ 1915-ին՝ Ցեղասպանութենէն առաջ՝ 12 հազարի, որմէ 4000-ը հայեր։ Տեւրիկի հայ բնակչութիւնը նոյնպէս ենթարկուած է թուրք ցեղասպաններու արհաւիրքներուն։ Անոր մէկ մասը բնաջնջուած է, իսկ միւս մասը տեղահանուած։ 1955 թուականի տուեալներով այդտեղ կը բնակէր 5 հայ ընտանիք։ Իսկ 1951-ին անոր ամբողջ բնակչութեան թիւը կը հասնէր ընդամէնը 6000-ի[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ GEOnet Names Server — 2018.
- ↑ «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Տեւրիկ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-03-27-ին։ արտագրուած է՝ 2023-03-27