Տը Սփրուս Կուս
Տը Սփրուս Կուսը եղած է աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը:
Աւելի քան 64 մեթր երկարութիւն ունեցող այս օդանաւին թեւերուն բացուածքը մօտաւորապէս 100 մեթր է: Ան միայն մէկ անգամ թռիչք կատարած է, 1947-ին:
Այս օդանաւը շինուած էր զինուորներ եւ զէնքեր փոխադրելու Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին: Սակայն երբ ան վերջապէս պատրաստ կ'ըլլայ իր պաշտօնը կատարելու, պատերազմը կ'աւարտի: Այժմ անիկա ցուցադրուած է Միացեալ Նահանգներու Օրեկոնի «Էվըրկրին աւիէյշըն էնտ սփէյս մուզիում» թանգարանին մէջ[1]: