Տիգրան Պօղոսեան
Տիգրան Պօղոսեան (1946) Ծնած է Իրանի երբեմնի հայահոծ Մասջէդ-Սուլէյման քաղաքին մէջ, ուր ո՛չ մէկ հայ կ՚ապրի այլեւս։
Տիգրան Պօղոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1946 |
Ծննդավայր | Մասջէդ-Սուլէյման |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Ուսուցիչ |
Աւարտած է ծննդավայրին Հայոց Ազգային Միհրդատ միջնակարգ դպրոցը։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Սպահանի (Նոր-Ջուղա) պետական համալսարանին մէջ, եւ աւարտած է հայոց լեզուի ու գրականութեան ճիւղը 1970–ին։
Բանաստեղծութիւն գրելու առաջին փորձերուն սկսած է 1969-ին։ Իր քերթուածները լոյս տեսած են «Ալիք» օրաթերթին, «Շիրակ» գրական հանդէսին, Հայաստանի «Ու֊րբաթ» շաբաթաթերթին եւ Իրան հրատարակուող «Ռաֆֆի», «Կաթիլ» ու «Նայիրի» օրացոյցներուն մէջ։
Ասպարէզով ուսուցիչ է, 1970–էն ի վեր։ Ներկայիս կը պաշտօնավարէ Թեհրանի հայ վարժարաններէն մէկուն մէջ, որպէս հայոց լեզուի ու գրականութեան դասատու։ Իր պաշտօնին զուգընթաց կ՚աշխատի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ձայնասփիւռի հայերէն ռատիօժամի մէջ, որպէս խմբագիր, թարգմանիչ եւ խօսնակ, 1982–էն ի վեր։
Տիգրան Պօղոսեան արտագրած է մարգկայնական շունչով օծուն հարազատ, սրտցաւ եւ ինքնատիպ տաղեր։ Արդի՝ զգայուն բանաստեղծ մըն է անՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել