Տիրայր Արք. Փանոսեան

Տիրայր Արք. Փանոսեան (ծն.՝1937 Հալէպ, Սուրիա- Վախճանած՝ 18 Մարտ 2020,[1] Անթիլիաս, Լիբանան) Կիլիկեան Աթոռի անմոռանալի ու երէց միաբաններէն: Վարած է ուսուցչական պաշտօն դպրեվանքէն,զանազան վարժարաններէ ներս: Վարած է Հայ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը եւ հինգ տարի հրատարակած է «Դրազարկ» տարեգիրքը։

Տիրայր Արք. Փանոսեան
Ծնած է 1937
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 18 Մարտ 2020(2020-03-18)
Մահուան վայր Անթիլիաս, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն հինգ տարի հրատարակած է «Դրազարկ» տարեգիրքը
Մասնագիտութիւն Leader of Christian Education վկայագիր, Անգլիա
Աշխատավայր «Թռչնոց բոյն»ի տեսուչ,կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տիրայր Արք. Փանոսեան,աւազանի անունով Փանոս։ Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937 թուականին։[2] Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կրթասիրաց ազգային վարժարանին մէջ, ապա 1961 թուականին՝ ընդունուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ 1963 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ 1965 թուականին՝ աբեղայ, վերակոչուելով Տ. Տիրայր։

1967 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Համառօտ պատմութիւն հայ-լատինական յարաբերութեանց սկիզբէն մինչեւ 1382 թուական», որ ապա հրատարակուած է։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Անգլիոյ մէջ, 1968-1970 թուականներուն, ստացած է Leader of Christian Education վկայագիրը։ 1995 թուականին ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 1997 թուականին, իսկ արքութեան տիտղոս՝ 2010 թուականին։

1965-1972 թուականներու միջեւ վարած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի լուսարարապետի պաշտօնը։

1972-1979 թուականներուն ծառայած է Ատրպատականի թեմէն ներս՝ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ։

Վարած է ուսուցչական պաշտօն դպրեվանքէն եւ զանազան վարժարաններէ ներս։ 1966-1972 թուականներուն վարած է Հայ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը եւ հինգ տարի հրատարակած է «Դրազարկ» տարեգիրքը։ Մայրավանքին մէջ զանազան պաշտօններու կողքին ստանձնած է մատենադարանապետի պաշտօնը 1984-1997 թուականներուն եւ նոյն պաշտօնը վերստանձնած՝ 2005-2019 թուականներուն։ 1998 թուականին վարած է Կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչի, իսկ 1999-2000 թուականներուն՝ «Թռչնոց բոյն»ի տեսչութեան պաշտօնները։

Հանգուցեալ սրբազանը եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ, նուիրեալ եւ աշխատունակ միաբաններէն մէկը։ Գիրն ու գրականութիւնը, յատկապէս գեղանկարչութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձած են իր կեանքին մէջ։

Հոգելոյս Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի Վերջին օծման ու թաղման կարգի յուզումնախառն արարողութիւնները կատարուեցաւ Ուրբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամ, եւ ապա, սրբազան հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել