Տիրան Քէլէկեան
Տիրան Քէլէկեան, (1862, 20 Սեպտեմբեր,Կեսարիա- 1915), հրապարակագիր, լրագրող եւ Տարուլֆունուն-ու Շահանէ (այժմ՝ Կոստանդնուպոլիսի համալսարան) ուսուցչապետ (անգլերէն՝ Professor)։ Եղած է երկու թերթերու խմբագրապետ՝ «Ճիհան» (1883-էն ի վեր) եւ «Սաբահ» (1908-էն ի վեր)։
Տիրան Քէլէկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1862[1][2] |
Ծննդավայր | Կեսարիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 20 Հոկտեմբեր 1915 |
Մահուան վայր | Չանկիրի, Չանքըրըի մարզ |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, գրագէտ, համալսարանի դասախօս |
Աշխատավայր | Դար ուլ Ֆունուն? |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՏիրան Քելէկեան ծնած է Կեսարիա քաղաքին մէջ 1862 թուականին։[3] 6 ամսու մանուկ հասակին, ընտանեօք փոխադրուած է Պոլիս: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Հասքէօյի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, իսկ իր միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը՝ Մեզպուրեան եւ Սուրէնեան վարժարաններու մէջ։ Ան 1880-ին կ'երթայ Մարսէյլ եւ կը յաճախէ է վաճառականական դպրոց մը։ Ապա, կը հետեւի Գիտութեանց Կաճառի եւ կ'աւարտէ Մարսէյլի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը։ Ան, իր ուսանողական տարիներուն յօդուածներ ղրկած է «Մանզումիէ Էֆքեար»ի,որուն խմբագիրը կ'ըլլայ իր Պոլիս վերադարձին, եւ թերթին անկման ժամանակաշրջանին՝ 3-4 տարի, ան կը վարէ զայն։
Համալսարանը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը դասաւանդէ Քաղծառայողներու (թրք.՝ Mekteb-i Mulkiye) դպրոցին մէջ։ Ինչպէս նաեւ ան զբաղած է փաստաբանութեամբ եւ աշխատած է իբրեւ լրագրող։ Յետոյ հրատարակած է «Ճիհան» հայատառ-թրքաբարբառ շաբաթաթերթը, մէկ տարի։ Նոյն շրջանին էր որ Համիտ Վէհպի անուն ծանօթ գրագէտը սկսաւ հրատարակել «Սաատէթ» թերթը, որուն թարգմանիչն ու խմբագրականները գրողը եղաւ Տիգրան Քէլէկեան, յետոյ՝ անոր խմբագրապետը։ 1994-ի դէպքերուն, ան կը ստիպուի մեկնիլ Յունաստան եւ Մարսիլիս, ուր որոշ ժամանակ մը տառապած է կուրծքի հիւանդութենէ։ Պոլիս վերադառնալէն հինգ ամիս վերջ աշխատակցած է «Ճէրիտէի Շարգիէ», «Սաատէթ» եւ «Թարիգ» թերթերուն, ինչպէս նաեւ ստանձնած է «Թարիգ» թերթի խմբագրապետութիւնը։ Իզմիրլեան Պատրիարքի օրով ան նշանակուած է գլխաւոր թարգմանիչ ազգ. Պատրիարքարանի։ Պոլսոյ ջարդերէն յետոյ, Տիգրան Քէլէկեան անցած է Եւրոպա եւ աշխատակցեցած է «Նայնթինթհ Սէնչըրի»ի, ուր հրատարակած է իր Թուրքիա եւ Իր Վեհապետը յօդուածը։ Ինչպէս նաեւ ան աշխատակցած է «Քօնթէմբըրըրի Ռըվիու»ին, ուր գրած է Կեանքը Եըլտըզի Մէջ յօդուածը։ Այդ օրերուն, այս երկու յօդուածները վերատպուած են բազմաթիւ եւրոպական թերթերու մէջ։ Ան աշխատակից եղած է «Տէյլի Մէյլ»ի, որուն արեւելեան լուրերու բաժնին օժանդակած է 7 ամիսի չափ։ Ինչպէս նաեւ, ան աշխատակցած է «Տէյլի Կրէֆիք»ի եւ այլ թերթերու։ 1898-ին, Եւրոպա գտնուող Օսմանեան հպատակներու մասին հրատարակուած ներումէ մը օգտուելով Քէլէկեան վերադարձած է Պոլիս եւ աշխատակիցը դարձած է «Սապահ»ի։ Այդ շրջանին էր որ Օսմանեան կառավարութիւնը նշանակեց թուրք թերթերու խմբագիրներ եւ Տիգրան Քէլէկեանն ալ նշանակուեցաւ «Խազինէի Խասսա»ի քարտուղար։ Ստեղծուած քաղաքական ճնշուած իրավիճակին պատճառով, ան Պոլիսը կրկին ձգելով անցած է Եգիպտոս եւ խմբագիր դարձած է «Ժուռնալ Տիւ Գէռ»ի, ապա խմբագրապետ՝ «Պուռս Էժիբսիէն»ի, միաժամանակ թղթակից՝ Վիեննայի «Քօռէսբօնտէնց Պիւռօ»ի եւ Փարիզի «Փրէս Ասօսիէ»ի։ Ան նախ հրատարակած է «Էճիբշըն Կրէֆիք» անգլերէն թերթը մէկ տարի, յետոյ՝ «Եէնի Ֆիքիր» թուրք ազատական երկշաբաթաթերթը, երկու տարի։ Օսմանեան Սահմանադրութիւն հռչակումէն ետք, Քէլէկեան Պոլիս եկաւ եւ խմբագրապետ նշանակուեցաւ «Սապահ» թերթի։ Ան կամաւոր հիմունքներով աշխատակցած է Գրիգոր Զօհրապի «Մասիս»ին, Շամտանճեանի «Ծաղիկ»ին ու «Մասիս»ին, «Ժամանակ»ին ու «Տարեցոյց»ին։ Անոր գրական ծածկանունն էր Գլանիկ զոր Եւրոպա ալ գործածեց «Վիքօնթ տը Գլանիկ» ձեւին տակ։ Ան ունէր նաեւ վեցեակ մը ծածկանուններ։ Ան կանոնաւորաբար աշխատակցած է «Սուրհանդակ» օրաթերթինՍիրայր ծածկանունով, եւ մատնագիրի մը հետեւանքով պահ մը դադրած է գրելէ։ Յետոյ վերստին՝ Տիոնքէ ծածկանունով շարունակած է գրել։1879-ին իր պատանի հասակին, լոյս ընծայած է «Անցեալն եւ Ապագայն» կամ Ազգ. Վերակազմութիւն վերնագրով տետրակ մը, նաեւ հեղինակած է ֆրանսերէնէ թրքերէն բառարան մը։ Տաղանդաւոր հրապարակագիրը կը պատկանէր [[Սահմանադիր Ռամկավար կուսակցաթեան|Սահմանադիր Ռամկավար կուսակցաթեան[4]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ NUKAT — 2002.
- ↑ Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
- ↑ «Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık»։ Kanun ve Nizam Dairesinde - Aras Yayıncılık (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-12-25
- ↑ «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկ, Թէոդիկ,Կ. Պոլիս, 1915 «Արզուման» Հրատարակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-06