Տրապիզոնի Կանացի Տարազներ
Տրապիզոնի կանանց եւ տղամարդոց զգեստները Հայաստանի տարբեր գաւառներու տարազներուն միաձուլուած տարբերակներն են։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին Հայաստանի տարբեր գաւառներէն հոն գաղթած հայերու տարազները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են Տրապիզոնի հայկական տարազին ձեւաւորման վրայ: Սակայն, նկատելի է նաեւ օտար, յատկապէս թրքական (պոլսական) տարազներու ազդեցութիւնը։
Տարազին յատկանշական մասերէն էր Անթարին, զոր կը կարէին մետաքսեայ մանիշակագոյն, կարմիր եւ գոց կարմիր գոյներու կերպասներով եւ կ'ասեղնագործուէին ոսկեթել հիւսուածքով: Տրապիզոնի անթարին միւս գաւառներու տարազներէն կը տարբերէր իր եզերքին կարուած ծալազարդով (փլիսէ): Անթարիին վրայէն կը հագնէին կարճ սալթա, որուն կռնակին մէջտեղը կ՛ասեղնագործուէր հայկական զարդանախշեր։
Տօնական Տարազները
ԽմբագրելԿանացի տօնական զգեստները ունէին շքեղ ասեղնագործութիւն:
Տօնական բաճկոնները կը կարուէին թաւշեայ կերպասով։ Բաճկոնները նոյնպէս ունէին գրաւիչ զարդարանքներ: Անոնց առջեւի երկու անկիւնները կը զարդարուէին օձաձեւ «Տ» նախշով, որուն տարբեր ձեւերով օգտագործումը շատ տարածուած էր Հայաստանի մէջ:
Կիներու Տարազներու Գօտին
ԽմբագրելՀայկական տարազի բաղկացուցիչ եւ կարեւոր մասը եղող գօտին Կիլիկիոյ կիներու զգեստի պարագային կը կարուէր վանդակաւոր կամ գծաւոր կերպասէ եւ եզրերը ծոպերով կը զարդարուէին: Ան կը ծածկէր կիներուն ամբողջ կոնքամասը: Գօտիի գործածութեան այս ձեւը յատուկ էր միայն Տրապիզոնի հայկական տարազին:
Կիներու Գլխու Զարդերը
ԽմբագրելԿիներու գլխու հիմնական յարդարանքը արծաթեայ թասակն էր (թարքոշ թաբլա), որ ունէր նաեւ իր մետաքսէ կամ մահուտէ պատրաստուած տարբերակները: Եթէ Հայաստանի որոշ գաւառներու մէջ թասակը կը դրուէր գլխարկին որպէս զարդ, ապա Տրապիզոնի մէջ ան կը ծառայէր իբրեւ «գլխարկ»: Նաեւ կ՛օգտագործուէր գդակը, որ կը զարդարուէր ոսկեդրամներու եւ մարգարիտներու շարքերով։
Աղբիւրներ
Խմբագրել«Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 23, 24, 106։