Տ. Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան
Առաջարկուած է այս եւ Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
Տ. Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան.- (1960 թ.) Քեսապ:
կենսագրութիւն
ԽմբագրելՏ. Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան աւազանի անունով Արամ, ծնած է Քեսապ, (1960 թ.):
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ:
Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած է Վենետիկի Ս. Ղազարու վանքին մէջ:
Ապա աւարտելէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհեան դպրեվանքի ընծայարանի բաժնի աստուածաբանական եւ իմաստասիրական եռամեայ ընթացքնու քահանայից յատուկ դասընթացքները, քահանայ ձեռնադրուած է (նոյեմբեր 20-ին 1983), Քեսապի մէջ, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի:
Տասնըչորս տարի որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է իր ծննդավայր Քեսապի մէջ, միաժամանակ կրօնագիտութիւն դասաւանդելով Ազգ. ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարաէն ներս:
(1997) էն ի վեր, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկղեցւոյ մէջ:
(1998)էն սկսեալ որպէս կրօնի դասատու կը ծառայէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս:
(1992)ին ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք, (2003)ին ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, իսկ (2007)ին Աւագութեան տիտղոս:
Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Կրօնական եւ Գաւառական ժողովներու անդամ:
Աղբիւր
Խմբագրել- Ինքնակենսագրութիւն
- Վարք Քահանայից