Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան
Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1941-ին, Պոլիս: Հակառակ իր թոշակի տարիքին, ան ցայսօր կը ծառայէ Աւստրալիոյ, Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ որպէս հովիւ: Յուլիս 2020-ին, Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան կը բոլորէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանը[1]:
Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Յակոբ Գարագաշեան |
Ծնած է | 25 Դեկտեմբեր 1941 |
Ծննդավայր | Պոլիս |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | առաքելական |
Ուսումնավայր | Էսայեան Վարժարան |
Կոչում | Աւագ Քահանայ |
Գործունէութիւն | քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակ |
Վարած պաշտօններ | Սիտնի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Աւագ Քահանայ |
Ամուսին | Վերգին Վիքի Ծաղիկեան |
Երեխաներ | Լուսի եւ Զարուհի |
Կայքէջ | armenianchurchsydney.org.au |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՏ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան ծնած է Պոլիս: Իր պոլսահայ ծնողքը՝ Հայկարամ եւ Զարուհի Գարագաշեաններու նախորդող սերունդները եղած են նոյնպէս պոլսահայեր: Պոլսոյ մէջ, Տէր հայրը կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ Օրիորդ Վերգին Ծաղիկեանին, որուն հետ կնքած ամուսնութեամբ (2 Նոյեմբեր 1969) կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Լուսի եւ Զարուհի եւ երեք թոռներով[2]:
Կրթութիւն
ԽմբագրելՅաճախած է Էսայեան Վարժարանը, որ հիմնուած է 1895-ին, Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսայեան եղբայրներու կողմէ ու անուանած են Էսայեան վարժարան, որ կը գտնուի Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասը, Մէշէլիք փողոց թիւ 24: Այստեղ նշենք, որ վարժարանի բակին տարածքին մէջ կառուցուած է նաեւ եկեղեցի 1895 ին, Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Իզմիրլեանի օրով ու անուանուած է Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի: Վարժարան յաճախած տարիներուն՝ 1948 – 1956, մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարանի աւարտը օրիորդ Հերմինէ Գալուստեանի տնօրէնութեան շրջանն էր[2]:
Մենք աշակերտներս , ամէն առտու անպայման նախ եկեղեցի կը մտնէինք մոմ վառելու, մանաւանդ քննութիւն յանձնելու օրերուն: Հոս կ’ուզէի պատմել իմ աշակերտական օրերու յուշերէս մին. եկեղեցւոյ արարողութիւնները, ինչպէս ըսի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն էր, այնուամենայնիւ հարսանեկան պսակներ եղած են նաեւ շաբթուայ ընթացքին, մինչ մենք մեր դասարաններուն մէջ, յանկարծ կը լսեմ իմ ուսուցչուհիիս ձայնը պարտէզի կողմէն, «Յակոբ Գարագաշ, արագ իջիր եկեղեցի» …որպէսզի պսակի արարողութեան մոմ բռնեմ …[2]: - Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան
|
Փոքր տարիքէն յաճախելով եւ մասնակցելով եկեղեցւոյ ու դասաւանդութիւններու, սորված ու տիրապետած է եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, շարականներուն, ի մասնաւորի այդ ժամանակուայ հոգեւոր հովիւ, շարականագէտ ու Նոթաճի Պապա Համբարձումի հայկական նոթայի հմուտ՝ Տէր Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի դասընթացքներուն մասնակցելով: (Համբարձում Լիմոնճեան (1768, Կ.Պոլիս – 29 Յունիս, 1839, Կ.Պոլիս) հայ երգահան, երաժշտագէտ, որ կոչուած է նաեւ Նոթաճի պապա Համբարձում):
Ձեռնադրութիւն եւ Եկեղեցւոյ մէջ ձեր ծառայութիւն
Խմբագրել20 Դեկտեմբեր 1964-ին, Տ. Շնորհք Սրբազան Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի ձեռամբ ստացած է դպրութեան 4 աստիճան, 31 Յուլիս 1966-ին, ուրար կրելու հրաման ստացած է, ձեռամբ Տ. Շնորհք Սրբազան Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի:
29 Սեպտեմբեր 1985-ին, Թուրքիոյ հայոց արժանընտիր հոգեւոր պետ՝ ամէնապատիւ տէր Շնորհք Սրբազան Պատրիարքի հրամանաւ ստացած է սարկաւագութեան աստիճան՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի, ծառայած է Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ: Եւ նոյն տարին, ընտանիքի անդամներով փոխադրուած են Աւստրալիա:
Մինչեւ իմ վերջնական Աւստրալիա հաստատուիլս Հոկտեմբեր 1985-ին, Աւստրալիա այցելած էի Դեկտեմբեր 1979-ին արձակուրդին եւ երկիրը ուսումնասիրելու նպատակով եւ 1980-ի Ս. Ծնունդի տաղաւարի Ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի մասնակից եղած եմ: Այդ ժամանակ Գարեգին Արքեպս. Գազանճեան առաջնորդն էր, Աղան վարդապետ Պալիօզեան՝ փոխանորդ ու Արամայիս Միրզոյեան՝ հոգեւոր հովիւ: - Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան
|
Աղան Արք. եպիսկոպոս արժանացուցած է քահանայական կոչումին եւ ծառայելու Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ՝ Սիտնի, ուր հոգելոյս Տէր Աղան Առքեպիսկոպոս Պալիօզեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է ամուսնացեալ քահանայ 15 Յուլիս 1990ին, որպէս Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ` վերանուանուելով Պարթեւ Քահանայ:
13 Սեպտեմբեր 1996ին, արժանացած է Լանջախաչի՝ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոցի օրհնութեամբ, 6 Յուլիս 2003ին՝ Ծաղկեայ Փիլոն կրելու պատիւին, իսկ 8 Սեպտեմբեր 2020ին՝ Աւագ քահանայի պատիւին՝ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք. Նաճարեանի խնդրանքով եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցի օրհնութեամբ[3]:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի երջանկայիշատակ առաջնորդ Աղան արք. Պալիօզեանի տնօրինութեամբ մեկնած է Սինկափուր 1982-ին եւ 11 Նոյեմբեր 2011-ին, հանդիպելու համար տեղւոյն փոքրաթիւ հայ գաղութին եւ Ս. Պատարագ մատուցելու Կիրակի, 13 Նոյեմբերի առաւօտեան, տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հինաւուրց եկեղեցւոյ մէջ:[4]
Սիտնիի արեւմտեան շրջանին մէջ բնակող հայերուն համար Սուրբ Պատարագ կը մատուցէր Տէր Նորայր Աւագ Քհնյ. Բաթանեանը եւ Տէր Պարթեւ Աւագ Քհնյ Գարագաշեանը, ամիսը մէկ անգամ վարձելով ասորիներուն, յետոյ տեղացի կաթոլիկ եկեղեցիներուն մէջ: Յետագային, Սիտնիի արեւմտեան շրջանը ունեցաւ իր եկեղեցին 26 Garfield Street, Wentworthville շրջանին մէջ, որ 2014 թ. Յունուարի 5-ին, Գերաշնորհ Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանը օծումը կատարած եւ Սուրբ Երրորդութեան Եկեղեցի անուանակոչած է:
Իսկ Աւստրալիոյ Perth եւ Adelaide քաղաքներուն մէջ փոքրաթիւ հայ համայնքներուն համար Տ. Պարթեւ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեան զանազան առիթներով Ս. Պատարագ կը մատուցէ:
Գնալը կղզիին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժամերգութիւն
Խմբագրել29 Օգոստոս 2017 Վաքըֆլը Գիւղի աւանդական խրախճանքին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որու կողքին էին՝ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան[5]:
Յակոբ Պարոնեանի արձանի բացումը
Խմբագրել7 Հոկտեմբեր 2019-ին, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ, յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանի (արձանը ձեռակերտն է յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի) բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ: Մշակութային այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Հայր Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն եւ գերեզմանատան յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ, թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ՝ կրթական մշակներ ու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը[6]։
Կ.ՊՈԼԻՍ, ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ ԵՒ ԱՆՏԻՈՔ
Խմբագրել11 Մարտ 2010, Հինգշաբթի, ուշ երեկոյեան ուխտաւորներու խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի Կեսարիա, Իսկէնտէրուն եւ Վագըֆ գիւղ եւ յաջորդ առաւօտ հասան Կեսարիա։
Պատրիարքական Աթոռին կարգադրութեամբ, այս ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, իր հետ ունենալով Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանն ու Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեանը, նաեւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը, Յարութիւն Կ. Սրկ. Սարգիսեանը եւ Արտաշ Ուր. Դպ. Մատաթեանը։ Ուխտագնացութեան ընթացքին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին նաեւ իբրեւ ուխտաւոր ներկայ գտնուող Աւստրալիայէն՝ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան, Զուիցերիայէն՝ Եդուարդ Սրկ. Դաւիթեան եւ Ստանպուլահայ զանազան Դպրաց Դասերէ՝ տասը անդամներ [7]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Der Bartev 30 Years Ordination Anniversary
- ↑ 2,0 2,1 2,2 «Տէր Պարթեւ Աւագ Քահանայ Գարագաշեան եւ իր 30 տարիներու քահանայութեան ծառայութիւնը Զրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-18-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-18
- ↑ Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց՝ Պատարագիչ` Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան [permanent dead link]
- ↑ Պատարագ Սինկափուրի Մէջ_P46
- ↑ Աւանդական դարձած Վաքըֆլը Գիւղի կազմակերպած աւանդական խրախճանքը
- ↑ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԸ՝ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
- ↑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ ԵՒ ԱՆՏԻՈՔ
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Armenian Apostolic Church of Holy Resurrection Sydney Australia Պատարագ
- Armenian Apostolic Church of Holy Resurrection Sydney Australia.
- Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարգ մատուցուեցաւ Սիտնիի St Mary’s Cathedralի մէջ Հաղորդագրութիւն թիւ 03.05.15 :
- ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵՒ ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒ ՓԱՐՈՍ ISSUE 9 - APRIL / ԹԻՒ 9 – ԱՊՐԻԼ 2018
- Հայց. Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցի պաշտօնական կայքէջ