Փարքինսըն
Փարքինսըն, կեդրոնական նեարդային համակարգին շարժողական գործառոյթը խաթարող խանգարում[1]։
Փարքինսըն | |
---|---|
|
Անուանում
ԽմբագրելՃէյմս Փարքինսըն (1755- 824) անգլիացի վիրաբուժ, դեղագործ, երկրաբան եւ քաղաքական գործիչ էր: Ան հանրածանօթ կը դառնայ իր 1817-ի «An Essay on the Shaking Palsy» աշխատութեամբ, որմով կը դառնայ առաջին անձը, որ կը նկարագրէ «paralysis agitans»ը. պայման մը, որ հետագային Ժան-Մարթին Շարքոյի կողմէ կը վերանուանուի «Փարքինսընի հիւանդութիւն»[2]:
Փարքինսընը
Խմբագրել- Փարքինսընը քրոնիք հիւանդութիւն մըն է, որ կ'ախտահարէ ուղեղին մէջ տոփամին արտադրող ջղաբջիջները (neuron): Այս նիւթին պակասը կը յառաջացնէ շարք մը ախտանշաններ, ինչպէս՝ դողոց, շարժումներու դանդաղեցում, կաշկանդուածութիւն եւ անկայունութիւն:
- Հակառակ անոր, որ անիկա ծանր հիւանդութիւն մըն է, սակայն մահացու չէ, ինչպէս օրինակ սիրտի կամ ուղեղի կաթուածը: Սակայն հիւանդներու համար վտանգ կը ներկայացնեն իյնալը եւ վարակումները, որոնք կրնան ուղեկցիլ հիւանդութեան:
- Հիւանդութիւնը սովորաբար դանդաղ կ'ընթանայ. անոր յատուկ չեն կտրուկ սաստկացումները: Եթէ վատթարացում տեղի ունենայ օրերու կամ շաբաթներու ընթացքին, անհրաժեշտ է կողմնակի պատճառներ փնտռել, ինչպէս՝ վարակումներ, ջրազրկում եւ քունի պակաս:
- Հակառակ անոր, որ Փարքինսընէ տառապող անձերուն մեծամասնութիւնը տարիքով 60-էն վեր է, շուրջ 10 առ հարիւր համեմատութեամբ, հիւանդութիւնը կը յայտնուի նաեւ մինչեւ 40 տարեկան անձերու մօտ:
- Ոմանք կ'ըսեն, թէ ենթական հակամէտ է այս հիւանդութեան, որովհետեւ ծիները ի վիճակի չեն երկար ժամանակով ապահովել վերապրումը կարգ մը ներոններու: Ուրիշ տեսութիւն մը կը մերժէ ինքնակործանումը ներոններուն եւ կը վերագրէ կենսոլորտի կամ մթնոլորտի մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը ժխտական նիւթերու եւ ազդակներու:
ԱԽտանշաններ
ԽմբագրելՄարմինին մէջ տոփամինին քանակը կը սկսի նուազիլ փարքինսընի շարժողական ախտանշաններուն յայտնուելէն շատ աւելի առաջ: Հետեւաբար, պնդութիւնը, քունի հետ կապուած հարցերը եւ հոտառութեան կորուստը կրնան հիւանդութեան առաջին դրսեւորումները ըլլալ: Սկզբնական ախտանշաններու շարքին կարելի է դասել նաեւ մատներու, ափերու, կզակի դողոցները, ձեռագիրի փոքրացումը կամ փոխուիլը, շարժումներու կաշկանդուածութիւնը, ձայնի փոփոխութիւնը, դէմքի շարժումներու թուլացումը եւ այլն: Այս բոլոր ախտանշանները, անշուշտ, ոչ միշտ կը վկայեն փարքինսընի գոյութեան մասին, բայց անոնց երեւան գալը արդէն բաւարար է դիմելու բժիշկին:
Այս վիճակը հետեւանք է ինքնագործ շարժելու դրութեան կորուստին: Ճկունութեան կորուստը հետեւանք է մկաններու սննդառութեան կորուստին, իսկ դողալը կը յառաջանայ կամաւոր շարժումներու ընթացքին, կ'անհետանայ քունի ժամանակ: Մատներու մակարդակին, դողը կը դառնայ աչքառու:
Նեարդներու անյայտացումը, որ պատասխանատու է այս մեծ յեղաշրջումին, սեւ բաղադրութիւններն են, որոնք կը կը գտնուին ուղեղին շատ փոքրիկ բաժինի մը մէջ, որ աւելի մութ է քան մնացեալ օրկանը: Իրենց բնական վիճակին մէջ այս գեղձը կ'արտադրէ նիւթ մը, Տոփամին կոչուած, որ կը պայմանաւորէ միւս նեարդներուն շարժումները, ապահովելով լաւ մեքենականութիւն մը:
Կանխարգիլումներ
Խմբագրել- Եթէ փարքինսընի բուժումը ժամանակին սկսի, անիկա զգալիօրէն կը բարելաւէ հիւանդութեան կանխատեսումը, կը դանդաղեցնէ անոր զարգացումը եւ կը բարձրացնէ հիւանդին կեանքին որակը:
- Սննդակարգին մէջ աւելի շատ չափաքանակներով հատապտուղներ եւ կարմիր գինի ունենալը կրնայ դանդաղեցնել Փարքինսընի Հիւանդութիւնը: Ըստ հետազօտողներու, փարքինսընի հիւանդութենէ տառապող մարդիկ, որոնք շաբաթական դրութեամբ երեք կամ աւելի չափաբաժիններ հակաօքսիտանթներով հարուստ մթերքներ կ'ուտեն, որոնք կը կոչուին ֆլաւոնոյիտներ (flavonoids), կրնան նուազեցնել կանուխ մահանալու հաւանականութիւնը` համեմատած այն մարդոց հետ, որոնք այդքան շատ ֆլաւոնոյիտներով հարուստ սնունդ չեն ուտեր[3]: Որոշ պտուղներու, թէյերու եւ կարմիր գինիի մէջ յայտնաբերուած ֆլաւոնոյիտները կրնան արագ անցնիլ արեան ուղեղի պատնէշը (Blood-brain barrier) եւ թեթեւցնել ուղեղի օքսիտացումի ճնշումը (oxidative stress), բորբոքումն ու աթերոսկլերոզը (atherosclerosis): Բան մը, որ կրնայ նուազեցնել փարքինսընի ազդեցութիւնը:
- Սուրճը կրնայ նուազեցնել փարքինսըն հիւանդութեան ախտանշանները:
- L. Popa անուամբ արտադրութիւն մը, կարեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրած է: Այս նիւթը ուղեղին մէջ կը փոխակերպուի Տոփամինի, կը սնուցանէ նեարդները, դժբախտաբար այս դեղամիջոցին կարողութիւնը սահմանափակուած է ժամանակով: Կը տեւէ քանի մը տարի (2էն 5), ապա իր ուժը կը նուազի աստիճանաբար կամ յանկարծակի: Բայց այլ դեղեր կրնան ստանձնել այս անշարժութեան շրջանին իրենց դեղը, իւրաքանչիւր ախտանշանը դարմանելով անջատաբար:
- Այնքան ատեն, որ ջիղերու խոցերը կամ վնասուածքները կ'ընդլայնին աստիճանաբար, նոյն ձեւով ալ հիւանդութեան յառաջխաղացքը կը մնայ սպասողական: Շնորհիւ տրամադրուած դարմանամիջոցներուն, հիւանդացած անձը կրնայ պահել ընդունելի գործունէութիւն, մինչեւ 80 տարիքը:
- Ֆիզիքական գործունէութիւնը եւ մկաններու վերամարձումը մասնագէտներու կողմէ, զօրացուցիչ դեր ունին դեղերու գործածութեան զուգընթաց: Միաժամանակ անոնք կ'ազդեն անհատին կորովին եւ մանաւանդ հոգեբանութեան:
- Բազմաթիւ փորձեր եղած են, ոչ շատ մեծ յառաջդիմութիւններով, փոխարինելու համար ուղեղին մէջ գտնուող փճացող բաժինը, կամ բջիջները:
- Ծինական (ժառանգական) դարմանումը իր կարգին լայն հորիզոններ կը յառաջացնէ, քանի որ յոյս կը ներշնչէ գտնելու համար այն պատասխանատու ծինը, որ կը նպաստէ նեարդներու փճացման, որոնք Տոփամին կը պարունակեն ու կ'արտադրեն:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Parkinson's Disease Information Page»։ NINDS։ 30 Յունիս, 2016։ արխիւացուած բնօրինակէն 4 Յունուար, 2017-ին։ արտագրուած է՝ 18 Յուլիս, 2016
- ↑ Փարքինսընը
- ↑ Սննդակարգին մէջ աւելի շատ չափաքանակներով հատապտուղներ եւ կարմիր գինի ունենալը կրնայ դանդաղեցնել Փարքինսընի Հիւանդութիւնը: