Փթիթ
«ՓԹԻԹ» մանկապատանեկան պարբերաթերթ,
Փթիթ |
---|
«ՓԹԻԹ»ի ծնունդը
Խմբագրելծնունդ առած է Պէյրութի մէջ 2010 թուականին եւ տակաւին կը շարունակուի հրատարակուիլ։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, կարելի եղաւ ՓԹԻԹ-ը համացանցի աշխարհը փոխադրել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայ մանուկներն ու պատանիները կարելիութիւնը ունենան օգտուելու ՓԹԻԹ-ի բազմաբնոյթ բովանդակութենէն՝ դաստիարակչական խաղերէն, բարոյալից պատմութիւններէն ու առակներէն։
«ՓԹԻԹ»-ի խաղերը
Խմբագրել«ՓԹԻԹ»-ի գլխաւոր բաղկացուցիչ տարրը զանազան բնոյթի խաղերն են՝ լեզուական, թուաբանական, ժամանցի եւն.։Մենք կը հաւատանք, որ խաղը դաստիարակչական մեծ ներուժ եւ կարողականութիւն ունի. այն, ինչ որ դժուար է սորվեցնել դասական ձեւերով, կարելի է, շատ աւելի դիւրաւ սորվեցնել խաղերու միջոցով։ Այսպիսով, լեզուական խաղերու նպատակն է պատանիներուն հայերէնի բառամթերքը հարստացնել, իսկ թուաբանական խաղերունը՝ տրամաբանութիւնը մշակել եւ միաժամանակ օգտակար ու հաճելի ժամանց պարգեւելը։
«ՓԹԻԹ»ի պատմուածքները
Խմբագրել«ՓԹԻԹ»ը կը յատկանշուի նաեւ խնամքով ընտրուած պատմուածքներով եւ առակներով. Անոնք թէեւ կարճ են, սակայն անպայման ունին բարոյական պատգամ մը։ Այսինքն երբ կարդաք զանոնք, ոչ միայն պիտի օգտուիք անոնց հրամցուցած մաքուր արեւմտահայերէնէն, այլեւ՝ բարոյական պատգամներէն։ Իսկ յօդուածները, ապա անոնք զանազան բնոյթի են, ուր առաւելաբար կը շեշտուին ազգային ու առողջապահական նիւթեր։
ի՞նչ կը նշանակէ «ՓԹԻԹ»
ԽմբագրելԻսկ «ՓԹԻԹ» անունը ի՞նչ կը նշանակէ։ Փթիթ մաքուր հայերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ ծաղկում։ Հետեւաբար «ՓԹԻԹ»-ը կ'օգնէ, որ իր մանուկ թէ պատանի ընթերցողները հայօրէն ծաղկին, ունենան բարոյական վեհ սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ՝մայրենի լեզուի հարուստ բառապաշար։
2022-ին, դարձեալ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին հովանաւորութեամբ «ՓԹԻԹ»-ի կայքը բարեփոխուեցաւ։ Երեք նոր բաժիններ՝ գիտական, պատմական եւ աշխարհագրական աւելցան եւ լսատեսողական բարեփոխումներ կատարուեցան։ Իսկ գլխաւոր նորութիւնը եղաւ իւրաքանչիւր թարմացումի յատուկ թեմայի մը որդեգրումը։
«ՓԹԻԹ»-ի կայքի բարեփոխում
ԽմբագրելՆախկին Իսթանպուլահայ Կարօ Աբրահամեան եւ իր մանկավարժ կողակիցը Վերժին Աբրահամեան շնորհալի գործ կը տեսնին այս «ՓԹԻԹ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը հրատարակելով: Անոնք հերոսական ճիգով կը թիավարեն հոսանքին դէմ, մեր մատաղատի սերունդին մօտ արթնցնելու համար սէր եւ փարում՝ մայրենի լեզուի եւ հայրենական սրբութիւններու հանդէպ։
ՓԹԻԹ-ի Պարգեւատրումը Հայկազեան Համալսարանին Կողմէ
23 Փետրուար 2018-ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «ՓԹԻԹ» պարբերաթերթին, կայքին եւ յաւելուածին նուիրուած ձեռնարկ «Ծնունդ, նպատակ եւ հեռանկարներ» խորագիրով, եւ կազմակերպութեամբ համալսարանի Տէրեան գրադարանի պատասխանատուներուն եւ գործակցութեամբ «ՓԹԻԹ»-ի խմբագիրներուն։ Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանտեսերիզով իր խօսքը փոխանցեց՝ գնահատելով «ՓԹԻԹ»-ը, որ կը միացնէ մանկավարժականը, թեքնիքը եւ մաքուր արեւմտահայերէնը։ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ գնահատեց «ՓԹԻԹ»-ի խմբագիրներուն անհատական նախաձեռնութիւնը եւ անդրադարձաւ «ՓԹԻԹ»-ի առաքելութեան, ապա բեմ հրաւիրելով պատուեց «ՓԹԻԹ»-ի խմբագիրները համալսարանին յուշամետալով։