Փող Արեւելեան (թերթ)
Քաղաքական, ազգային, բանասիրական եւ առեւտրական օրաթերթ։
«Փող արեւելեան», քաղաքական, ազգային, բանասիրական եւ առեւտրական օրաթերթ։
Փող Արեւելեան | |
---|---|
Տեսակ | օրաթերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 1870 |
Հրատարակման վայր | Կ. Պոլիս |
Գրասենեակ | Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոյս տեսած է 1870-1873 թուականներուն, Կ. Պոլիս։ 1870-1871 թուականներուն կոչուած է «Փող Առաւօտեան» (խմբագիր՝ Յակոբ Պարոնեան), 1873 թուականին՝ «Արեւելեան փող»)։ Տնօրէն-խմբագիրներ՝ Կարապետ Մինաս Երզնկանլեան, Գ. Շիշմանեան, Բարթող Սուր[1]։
Լուսաբանած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի իրավիճակը, Կ. Պոլսոյ հայկական սահմանադրական մարմիններու գործունէութիւնը։ Պաշտպանած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի (պատրիարք՝ Մկրտիչ Խրիմեան) դիրքորոշումը սուլթանական կառավարութեան հայահալած քաղաքականութեան դէմ, արծարծեած՝ կրօնաբարոյախօսական հարցեր։ Տպագրած է նաեւ հայատառ թրքերեն նիւթեր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Երզնկեանլեան Կարապետ Մինաս, Շիշմանեան Գ Մ, Բարթող Սուր (Թաթարեան), խմբգրնր․ (1872)։ ՓՈՂ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ: Քաղաքական, Ազգային, Բանասիրական եւ Առեւտրական։ Կ. Պօլիս: Ի Տպարանի Յ․ Փափազեան, Տպագրութիւն Պ․ Ճէզվէճեան, Տպագրութիւն Յ. Գավաֆեան, Տպագրութիւն Յ. Գավաֆեան եւ Յ. Պարոնեան, Տպագրութիւն Յ․ Միւհէնտիսեան