Փորակազ – Փորափքանք

Փորակազը (flatulence) կազերու կուտակումն է աղիքներու մէջ: Կազերու կուտակումով կ'ընդլայնի հաստ աղիքը եւ կը պատճառէ կծկումային (cramp) փորի ցաւ:

Փորափքանքը կամ փորափուքը (flatus) կազերու արտահանումն է նախաղիէն (rectum) եւ սրբանէն (anus): Ամէն մարդ բնականաբար կ'ունենայ օրական 10-14 փորափքանք:

Փորափքանքը զատորոշուելու է որովայնափուքէն (borborigma): Այս մէկը փորակազի շարժման ձայներն են աղիքներու մէջ: Որովայնափուքը լսելի կ'ըլլայ թէ՛ ենթակային կողմէ եւ թէ՛ անոր շուրջ գտնուողներուն կողմէ:

Բնաթելը (fiber) հիմնական պատճառն է փորակազին, եւ որովհետեւ բնաթելը կարեւոր մասնիկն է առողջապահական սննդանիւթերու, հետեւաբար փորափքանքը շատերու կողմէ կը նկատուի առողջութեան նշան:

Փորակազը հետեւանքն է ընդհանրապէս ոչ ամբողջական մարսողութեան:

Փորակազը կը գոյանայ հաստ աղիքի մէջ, ուր կը գտնուին  շարունակաբար եւ բնականօրէն կարգ մը ցպկամարմիններ (bacteria): Այս մանրէներուն ներգործութեամբ նիւթափոխանակում (metabolism) տեղի կ'ունենայ հաստ աղիք հասած չմարսուած սննդանիւթերու հետ եւ կ'արտադրուի փորակազը, որ կազմուած է հետեւեալ կազերէ`

1. Ջրածին (H2):

2. Յագեցած ածխաջրածին (methane-CH4):

3. Բնածուխի երկթթուիտ (CO2):

Ջրածինը կը յառաջանայ առաւելաբար սպառելով բազմաածխաջրատներ-շաքարներ (polysaccharides) եւ քիչ քանակութեամբ կարգ մը պտուղներէ եւ կանանչեղէններէ: Բազմաշաքարներով հարուստ են հետեւեալ սննդեղէնները` բակլան, ոսպը, շողգամը, բողկը, անուշ գետնախնձորը, ցորենը, թթխմորը, կաղամբը, սոխը, սխտորը, գետնախնձորը, հացը եւ ծաղկակաղամբը:

Ջրածինը կը յառաջանայ նաեւ այն անհատներու մօտ, որոնք կաթի եւ կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունին Lactase խմորիչին (enzyme) չգոյութեան պատճառով:

Ամբողջութեամբ չմարսուած հացահատիկներ, որոնք հարուստ են ածխաջրատներով (carbohydrates), հաստ աղիքի ցպկամարմիններուն հանդիպելով` կ'ենթարկուին նիւթափոխանակման, որուն պատճառով կը յառաջանայ ջրածինը:

Յագեցած ածխաջրածինը անգոյն կազ մըն է. անիկա կը յառաջանայ բնաթել պարունակող կարգ մը սննդեղէններէն եւ աղիքներու պատերէն:

Բնածուխի երկթթուիկը կը յառաջանայ ճարպերու եւ ցպկամարմիններու նիւթափոխանակումէն: Կազով հարուստ զովացուցիչ սպառող անձեր շատ աւելի բնածուխի երկթթուիկ կ'ունենան իրենց հաստ աղիքին մէջ:

Փորակազը կը յառաջանայ նաեւ կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով, օրինակի համար`

1. Սելիաք (Celiac) հիւանդութիւն

Այս հիւանդութիւնը ժառանգական ախտ մըն է, կը յատկանշուի glutein-ի անհանդուրժողականութեամբ, որուն պատճառով կը յառաջանայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութիւն-ներծծում (malabsorbtion), փորհարութիւն, փորակազ եւ փորի ցաւ:

2. Թրոփիքըլ Սփրու (Tropical Sprue) հիւանդութիւն

Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի աղիքներու ցպկամարմիններու բորբոքումով, որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութեան-ներծծման, փորակազի արտադրութեան եւ արեան կարմիր գնդիկներու նուազումին:

3. Ջղագրգիռ աղիք հիւանդութիւն (irritable colon)

Այս հիւանդութեան պարագային այլ ախտանշաններու կողքին տեղի կ'ունենայ նաեւ փորակազ:

Կարգ մը դեղեր նոյնպէս կը յառաջացնեն փորակազ:

Ուրեմն վերոյիշեալ կազերը կը կազմեն փորակազը: Անիկա նախաղի կը հասնի հաստ աղիքի շարունակական կծկումներով եւ շարժումներով, այնպէս` ինչպէս կղկղանքը կը հասնի: Վերոյիշեալ կազերու անցքը սրբանի օղակային սեղմիչ մկաններու (constricting muscles) ընդմէջէն կ'արտադրէ փորափքանքի յատուկ ձայնը: Փրափքանքի ձայնին զօրութիւնը կախեալ է սրբանի սեղմիչ մկաններուն պրկումի տարողութենէն եւ կազերու շարժումներու արագութենէն:

Երբ փորակազը հասնի նախաղի, անհատը աճապարանքի (urgency) եւ անհանգստութեան զգացում մը կ'ունենայ: Ան ունի անհաճոյ հոտ մը[1]:

Փորափքանքը կրնայ ըլլալ կամովին եւ կամ ակամայ:

Ակամայ (involuntary) փորափքանքը կը պատահի  անակնկալօրէն` հազալով, փռնգտալով եւ սեռային յարաբերութեան ընթացքին:

Կամովի (voluntary) փորափքանքը կը պատահի պրկելով նախաղին եւ ճնշելով ստամոքսին վրայ: Անիկա աւելի յաճախ կը պատահի ջղագրգիռ անհատներու մօտ:

Շատ մը անհատներ կրնան զսպել իրենք զիրենք եւ արգելք հանդիսանալ փորափքանքի: Կան երկիրներ, ուր փորափքանքը ընկերութեան մէջ նկատուած է առողջութեան արդիւնք կամ արտայայտութիւն եւ անիկա ընդունուած սովորութիւն մը դարձած է: Մարդիկ փորափքանք ունեցողին կ'ըսեն` անուշ ըլլայ եւ կամ առողջութիւն:

Փորակազի արտադրութիւնը նուազագոյնի իջեցնել

Խմբագրել

Փորակազի արտադրութիւնը եւ փորափքանքի յաճախականութիւնը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել հետեւեալ միջոցառումներով.

  • Հետեւիլ յատուկ սննդականոնի, մասնաւորաբար` շատ ածխաջրատներ պարունակող սննդանիւթեր չսպառել:
  • Ուտել արատ կանանչեղէններ:
  • Կաթ եւ կաթնաշաքար պարունակող սննդեղէններ չսպառել Lactaze խմորիչին անբաւարարութեան պարագային:
  • Տեսակաւոր եւ հարուստ կերակուրներ չուտել:
  • Միս քիչ ուտել:
  • Դանդաղօրէն ուտել եւ լաւ ծամել:
  • Կարգ մը համեմներ գործածել կերակուրներու պատրաստութեան ընթացքին: Այս համեմներէն կարելի է յիշել հետեւեալները` գինձը (coriander) եւ քեմոնը (caraway):
  • Գործածել որոշ դեղեր:
  • Կերակուրին հետ առնել կիտրոն կամ քացախ:
  • Բրինձը կազ չ'արտադրեր:
  • Չափազանց փորակազ եւ փորափքանք ունեցող անհատը բժիշկին դիմելու է, երբ անոնց կ'ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները` փորի ցաւ, կղկղանցումի փոփոխութիւն, փորհարութիւն, արիւնոտ կղկղանք, ջերմ, նողկանք, փսխունք եւ փորի արտառոց փքուածութիւն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել