Փորորոքա (փորթուկալերէն՝ Pororoca, կը հնչուի pɔɾɔˈɾɔkɐ)․ Ամազոն գետի իւրայատուկ ծովախաղացքի կոհակ (բարձր ու լայն ալիք)՝ մինչեւ 5 մեթր բարձրութեամբ, որ Ամազոնի (ինչպէս նաեւ յարակից գետերու) գետն ի վեր մօտաւորապէս 800քլ․ կը ճամբորդէ։

Գետի ծովախաղացքի կոհակներ

Անուանում

Փորորոքա անունը հաւանաբար յառաջ եկած է բնիկ Թիւփի լեզուէն։ Կը թարգմանուի որպէս «մեծ մռնչիւն»։

Մեկնաբանութիւն

Խմբագրել

Նոր լուսինի եւ լիալուսնի ընթացքին, երբ Ադլանտեանի ծովաշարժութիւնը գագաթնակետին կը հասնի` ովկիանոսէն ջուրը դէպի ներս կը հոսի, իսկ Ամազոնի ջուրը կը հակադարձէ։ Անոր հեռաւորութիւնը մեծապէս կախեալ է գետին արտահոսումին պատճառած անձրեւի ջուրէն․ գետն ի վեր ջուրը փոյթով կը բացուի, յաճախ սոսկալի ուժով, եւ ծովախաղացքի կոհակ մը կը կազմէ հեռուներէն լսելի ձայնով։ Այդ ծովաշարժութիւնը լաւագոյն կերպով կը դիտարկուի Սեպտեմբերի գիշերահաւասարին եւ գարնանային՝ Մարտ ամսուան ծովաշարժութեան ընթացքին։

Գարնանային գիշերահաւասարային ծովաշարժութիւն

Խմբագրել

Գարնանային գիշերահաւասարային ծովաշարժութեան ընթացքին, երբ Լուսնկան եւ Արեգակը կը գտնուին Երկրին հետ ուղիղ շարումի, անոնց ձգողականութիւնը կը միախմբուի եւ Փորորոքան յառաջ կը բերեն, ինչպէս նաեւ Երկիր մոլորակին վրայ ուրիշ ծայրայեղ երեւոյթներ։

Մակընթացութիւն

Խմբագրել

Փորորոքային վրայ մակընթացութիւն ընելը խիստ վտանգաւոր է, որովհետեւ ջուրը գետեզերքներէն բեկորներ կը պարունակէ (յաճախ ամբողջ ծառեր), ինչպէս նաեւ գետին մէջ ապրող կենդանիներ կան։ Սակայն շատեր, կ՛անտեսեն վտանգները։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել