Փոքր Կովկաս
Փոքր Կովկաս, ծալքաբեկորաւոր լեռնաշղթաներու համակարգ հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելքին մէջ։ Հիւսիս-արեւմուտքէն հարաւ-արեւելք, մօտ 600 քմ երկարութեամբ, մինչեւ 9 քմ լայնութեամբ աղեղնաձեւ կը ձգուի Սեւ ծովի հարաւ-արեւելեան ափէն մինչեւ Արաքսի հովիտը։ Մեծ Կովկասէն կը բաժնուի Հարաւային Կովկասի միջլեռնային իջուածքով։ Դէպի հարաւ-արեւելք աստիճանաբար բարձրանալով՝ Մռաւի լեռնաշղթայի մէջ կը հասնի 3724 մ (Արիութեան լեռ) բարձրութեան։
Հայկական լեռնաշխարհը հիւսիսէն կ'եզերեն Մեսխեթի եւ Թրիալեթի լեռնաշղթաները։ Անոնցմէ հիւսիս Ռիոնի հովիտն է։ Այս լեռնաշղթաներուն կը յարին նաեւ Շավշեթի լեռները, որոնք կը գտնուին Թուրքիայի տարածքին մէջ։ Մեսխեթի լեռնաշղթան, որ յայտնի է նաեւ որպէս Աջարա-իմերեթեան, կը ձգուի Սեւ ծովի աճարական ափէն մինչեւ Կուր գետի Բորժոմի կիրճը։ Երկարութիւնը 150 քմ է, բարձր կետը՝ մինչեւ 2850 մ (Մեփիսծղարօ)։ Թրիալեթի լեռնաշղթայի երկարութիւնը նոյնպես մօտ 150 քմ է, բարձր կէտը՝ Շավիկլդէ լեռը, նոյնպես ունի 2850 մ բացարձակ բարձրութիւն։ Այս լեռնաշղթաները կազմուած են առաւելապէս ֆլիշային եւ հրաբխածին ապարներէ։ Հիւսիսային լանջերը անտառապատ են։ Կը գերակշռեն բարձր լեռնային տափաստաններն ու ենթալպեան մարգագետինները։
Փոքր Կովկասը Վրաստանի եւ Թուրքիայի սահմանին զուգահեռ կը ձգուի դէպի արեւելք, Վրաստանի հարաւը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի, Շիրակի մարզերու սահմանագլուխին կը գտնուի Ջաւախքի լեռնաշղթան։ Երկարութիւնը մօտաւորապէս 50 քմ է եւ կը ձգուի Թրիալեթէէն մինչեւ Բազումի լեռնաշղթայ։ Այստեղ են Աշոցքի եւ Լոռիի սարահարթերը։ Ամէնաբարձր գագաթը Աչքասարն է ՀՀ տարածքին մէջ, որ ունի ծովու մակերեւոյթէն 3196 մ բարձրութիւն։ Ջաւախքի լեռնաշղթան յայտնի է նաեւ իր ջրվէժներով։ Լեռնաշղթան գլխաւորաբար ծածկուած է ալպեան մարգագետիններով եւ կանաչ արօտավայրերով։ Բազմաթիւ են փոքրիկ լիճերը Ջաւախքի լեռնաշղթային վրայ եւ անոր շրջակայքին մէջ։
Փոքր Կովկաս լեռնային համակարգը Խրամի հովիտով կը բաժնուի ԱՃարա-Իմերեթյան եւ Վիրահայոց-Արցախեան մասերուն։ Վերջինս կազմուած է Կուրի եւ Արաքսի ջրբաժան լեռնաշղթաներէն ու անոնց լեռնաբազուկներէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզին մէջ կը գտնուին Բազումի, Փամբակի եւ Վիրահայոց լեռնաշղթաները։ Հարաւ-արեւելքին մէջ Ծաղկունեաց լեռնաշղթան է։ Գուգարաց լեռները բնական սահման են Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն միջեւ։ Տաւուշի մէջ կը գտնուին Միափոր, Հախում, Տաւուշ, Խնձորուտ եւ այլ լեռնաշղթաներ։ Հիւսիսային Հայաստանի այս լեռնաշղթաներէն ամէնաբարձրը Թեժլեռն է (3101 մ)։
Սեւանի լեռնաշղթան սահմանաբաժան է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ։ Սեւանէն արեւելք կը ճիւղաւորուին քանի մը լեռներ, որոնք ընդհուպ մինչեւ 1980-ական թուականներու վերջը մեծ մասամբ հայաբնակ էին։ Այսօր այդ տարածքները պատմական Գարդման, Շակաշէն եւ այլ գաւառներ, կը գտնուին Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Սեւանի լեռնաշղթայի ամէնաբարձր կէտը Սատանախաչն է (3319 մ), ՀՀ տարածքին մէջ է Փերեզակը (3290 մ)։
Աւելի հարաւ կը ճիւղաւորուին երկու լեռնաշղթաներ՝ Զանգեզուրի եւ Արցախի լեռները։ Զանգեզուրի լեռնաշղթան Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերի, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան բնական սահմանն է։ Բարձր կէտը Կապուտջուղն է (3906 մ)։ Արցախի լեռները կազմուած են երկու բազուկներէ՝ Մռաւի ու Արցախի լեռնաշղթաներէն, որոնք կը բաժնուին Թարթառի միջլեռնային իջուածքով։ Անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ կը գտնուին հայկական երկրորդ պետութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Անոնք ամբողջովին անտառապատ են, տեղ-տեղ՝ կուսական։ Ամէնաբարձր գագաթը Գոմշասարն է կամ Մռաւ լեռը (3724 մ)։