Փրկութեան Բանակ
Փրկութեան բանակ, միջազգային քրիստոնէական բարեգործական եւ միսիոնարական կազմակերպութիւն[1]: Կը գործէ 19-րդ դարու կէսերէն: Սկսած է որպէս միութիւն Լոնտոնի աղքատ շրջաններուն մէջ. 1865-ին հիմնադրած են քարոզիչ Ուիլիըմ Պութն ու Քեթրին Պութը:
Սկիզբը յայտնի եղած է որպէս Արեւելեան Լոնտոնի քրիստոնէական առաքելութիւն, սակայն 1878 թուականին Պութ վերակազմակերպած է առաքելութիւնը, դառնալով կազմակերպութեան առաջին ղեկավարը:
Ներկայիս համաշխարհային առաջատար փրկութեան բանակի ղեկավարը Անտրէ Քոքսն է, որ ընտրուած է Փրկութեան բանակի գերագոյն խորհուրդին կողմէ՝ 3 Օգոստոս 2013-ին[2]: Կազմակերպութիւնը կը գործէ 125 երկիրներու մէջ[3]:
«Փրկութեան բանակը»ին առաքելութիւնն է Աւետարանի քարոզչութիւնը եւ նիւթական օգնութեան տրամադրումը կարիքաւորներուն, իսկ քարոզչութիւնը հիմնաւորուած է սիրոյ վրայ[4]:
Անյայտ մնալ ցանկացող ամուսնական զոյգին բարեգործութիւնը՝ «Փրկութեան բանակ»ին
ԽմբագրելՓրկութեան բանակը կարիքաւորներուն համար զոհաբերութիւնները կը հաւաքէ յատուկ կարմիր փոքր դոյլերու մէջ, որոնք կը տեղադրուին մարդաշատ վայրերու մէջ։ Մթերային խանութի մէջ տեղադրուած այդպիսի արկղին մէջ նետած են նաեւ 500 հազար տոլարի համազօր չէք: Անյայտ մնալ ցանկացած զոյգը կապ հաստատած են բարեգործական կազմակերպութեան հետ եւ պատմած, որ երիտասարդութեան իրենք շատ դժուարութիւններ կրած են: Այժմ անոնք կը փափաքին օգնել կեանքի դժուար պայմաններու մէջ յայտնուած երիտասարդներուն:
«Փրկութեան բանակ»ին երաժշտական նուագախումբը
Խմբագրել«Փրկութեան բանակ» քրիստոնէական բարեգործական կազմակերպութեան երաժշտական նուագախումբի անդամներն «Եւրատեսիլ 2013» երգի մրցոյթին ներկայացուցած են Զուիցերիան: «You And Me» երգն ընտրուած է զուիցերիացի ամբոխին քուէարկութեամբ: Խումբը, որ ելոյթ ունեցած է «Heilsarmee» անուանումով, հաւաքած է լսարանի ձայներուն 37.5%-ը: Մրցոյթը տեղի ունեցած է զուիցերիական Մալմէ քաղաքին մէջ։ Խումբը բաղկացած էր 6 հոգիէ[1], իսկ խումբի ամենատարեց անդամը 94 տարեկան եղած է: «Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթին ան մրցանիշ արձանագրած է որպէս «ամենատարեց մրցակից»:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Շվեյցարիան «Եվրատեսիլ» կուղարկի Փրկության բանակին
- ↑ COMMISSIONER ANDRÉ COX ELECTED 20TH GENERAL OF THE SALVATION ARMY (անգլերէն)
- ↑ STATISTICS(անգլերէն)
- ↑ Salvation Army(անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Ճեք Մսըրլեան Կը Մեծարուի «Փրկութեան Բանակ»ին Կողմէ: Archived 2019-04-08 at the Wayback Machine.