Քալիփսօ (խորամաս)
Քալիփսօ խորամաս, (յուն․՝ Φρέαρ των Οινουσσών, անգլ․՝ Calypso Deep) Միջերկրական ծովուն խորագոյն կէտը, 5267 մ․ խորութեամբ։ Կը գտնուի Յոնիական ծովը, Պելոպոնեսի արեւմուտքը, Մեսինիաքոս ծոցին արեւմուտքը, Փիլոս ծովափնեայ քաղաքէն 62․6քլ․ հարաւ-արեւմուտքը։
Խմբային արշաւանքներ
ԽմբագրելԱռաջին մերձեցումը Միջերկրականի Քալիփսօ կոչուած ծայրակէտին, եղաւ 1965-ի Սեպտեմբերին, ֆրանսացի նաւապետ Ճերար Հիւէ տէ Ֆրոպերվիլին եւ անոր խումբին կողմէ (Տք․Չարլս Լ․ Տրէյք՝ Ա․Մ․Ն․ եւ Անրի Ժերմէն Տելոժ՝ Ֆրանսա) ֆրասական «Արխիմիտիս» վաթիսքաֆոսի (սուզանաւի թեթեւ տեսակ) օգնութեամբ։ Անոնք նշեցին թէ 5․110 մեթր չափեցին որպէս խորագոյն կէտ։
2020 Յունուարին, Caladan Oceanic հետազօտական ընկերութիւնը, կը սկսի իր 2-րդ սուզման ժամանակաշրջանը «DSV Limiting Factor» վաթիսքաֆոսով, վարորդն է Վիքթոր Վոսքովօ։ Նոյն տարուան 10 Փետրուարին, Վիքթոր Վոսքովօ Մոնաքոյին Ալպեր Բ․ իշխանին հետ կը հասնին Քալիփսօ խորամասին յատակը եւ վերստին կը չափեն խորագոյն կէտը՝ 5․106 ± 1 մեթր։ Անոնք հիմնականօրէն կը հաստատեն 1965-ին ֆրանսական առաքումին չափելու արդիւնքը։