Քաղաքագիտութիւն

(Վերայղուած է Քաղաքական Գիտութիւն-էն)

Քաղաքագիտութիւնը (անգլ.՝ Political science) ընկերային գիտութիւն մըն է, որ կը զբաղի կառավարական դրութիւններով, ինչպէս նաեւ կը վերլուծէ եւ կը քննէ քաղաքական շարժումներ ու քաղաքական վարուելակերպմներ[1]: Կը զբաղի յարատեւօրէն քաղաքական գաղափարներու եւ քաղաքական տեսութիւններու հետ, ինչ որ ընդանհրապէս կը նկատուի իբրեւ բաժանումը ուժի եւ դրամական միջոցներու միջեւ[2]: Քաղաքագիտութիւնը գրեթէ խառնուրթ մըն է տնտեսագիտութեան, իրաւաբանութեան, հասարակագիտութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան, աշխարհագրութեան, հոգեբանութեան եւ մարդաբանութեան:

Թեպէտ 19րդ դարէն սկսեալ քաղաքագիտութիւնը դարձած էր ընկերային գիտութեան ճիւղ մը, միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է Արիստոտելի եւ Պլաթոնի ժամանակէն ի վեր, որոնք շուրջ 2,500 տարիներ առաջ էին: Քաղաքագիտութիւնը գլուխն է տարբեր տիպի քաղաքագիտութեան ճիւղերու, ինչպէս՝ համեմատական քաղաքագիտութեան, համաշխարհային քաղաքական տնտեսութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, քաղաքագիտական փիլիսոփայութեան, հանրային իրաւունքի եւ քաղաքագիտական մեթոտաբանութեան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Oxford Dictionary: political science»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-28 
  2. Political Science. The University of North Carolina at Chapel Hill (22 February 1999). Retrieved on 27 May 2014.