Քասախ, գետ Հայաստանի Արագածոտնի եւ Արմաւիրի մարզերուն մէջ։ Երկայնքը՝ 89 քմ է, աւազանին մակերեսը՝ 1480 քմ2։

Քասախ
Քասախ գետը Աշտարակի մէջ
Քասախ գետը Աշտարակի մէջ
Բնութագիր
Երկայնք 89 քմ
Աւազանի
մակերես
1480 քմ2
Աւազան Սեւջուր/Արաքս/Կուր/Կասպից ծով
 · Ակունքի տեղակայում հիւսիսային լանջ Արագած լեռնաշղթայի
 · Կոորդինատներ 40°38′48″N 44°19′18″E / 40.6467°N 44.3218°E / 40.6467; 44.3218
Գետաբերան Սեւջուր
 · Կոորդինատներ 40°38′48″N 44°19′18″E / 40.6467°N 44.3218°E / 40.6467; 44.3218
Տեղակայում
Երկիր Հայաստան
Երկրամաս Արագածոտնի մարզ/Արմավիրի մարզ

Քասախի ակունքները երեք գետակներ են, որոնցմէ ձախ օժանդակը՝ Քարաղբիւր, սկիզբ կ'առնէ Փամբակի լեռներուն հարաւային լանջերէն, կը հոսի նախկին Ախուրեանի շրջանով։ Աջակողմեան միւս երկու՝ Դազքենդ եւ Ծաղկահովիտ օժանդակները սկիզբ կ'առնեն Արագածի հիւսիսային լանջերէն, կը հոսին Արագածի շրջանով, մեծ մասամբ կը հոսին հարթ մարգագետիններով, եւ Ռյա Թազա գիւղին մօտակայքը կը միախառնուին աջ կեդրոնական հոսանքին։

Քասախը վերին հոսանքին մէջ դանդաղահոս է եւ սակաւաջուր, իսկ միջին հոսանքին մէջ կը դառնայ բաւական ջրառատ ու արագահոս։ Վերին հոսանքին գետին հունը շուրջ 8 ամիս կը ցամքի: Մշտական հոսք ունի Ապարանէն սկսեալ, ուր անոր մէջ կը թափին յորդառատ աղբիւրներէն գոյացած քանի մը ջրառատ գետակներ։ Կը հոսի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ եւ Ապարանի ջրամբարէն հարաւ, Ափնագիւղ գիւղէն արեւելք կը թեքի դէպի հարաւ եւ, աջէն իր մէջ առնելով Գեղարոտ վտակը, կը մտնէ Քասախի կիրճը։ Աւելի ջրառատ եւ սրընթաց է Քասախի միջին հոսանքը, յատկապէս Աշտարակի եւ Օշականի մօտակայքը, ուր գետին հովիտը մինչեւ 200 մ բարձր հասնող խոր ձոր է։ Օշական գիւղէն ցած՝ Քասախը դուրս կու գայ Արարատեան դաշտ եւ, աջէն իր մէջ ընդունելով Ամբերդ վտակը, գետաբերանային մասին մէջ կը բաժնուի քանի մը բազուկներու եւ ձախէն կը միանայ Սեւ ջուրին։

Ստորին հոսանքին մէջ՝ Արարատեան դաշտին սահմաններուն, Քասախի ջուրերը գրեթէ ամբողջովին կ'օգտագործուին շրջակայ գիւղերու ցանքի տարածութիւնները եւ այգիները ոռոգելու համար։ Այդ պատճառով, հոն ամրան ամիսներուն (ջուրի ամէնէն ուժեղ գոլորշիացումներու շրջանին) Քասախը կը ցամքի։

Այլ անուններ

Խմբագրել

Քասախ գետը տարբեր ժամանակներու ընթացքին նշանաւոր եղած է նաեւ հետեւեալ անուններով՝ Ապարան, Խարգախ, Խարսաղ, Կսզախ, Կասագ, Կասախ, Կասսախ, Կարբի, Կարբիի ջուր, Կարբի ջուր, Կարբո ջուր, Կարբվո ջուր, Կարբու ջուր, Կարպի, Կարփի, Ղազախ, Վսղարշապատի գետ, Քասախ, Քարբի, Քարբւոյ ջուր, Քարսախ, Քարսահ, Քարսահղ, Քարսաղ, Քարփի, Քացախ, Քսաղ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել