Քիմիի նաւամարտ (յունարէն՝ Ναυμαχία της Κύμης)․ ծովային ճակատամարտ, յունական Քիմի քաղաք-պետութեան (Սիրաքուսեսներու նաւատորմիղ) եւ Էթրուսքներու նաւատորմիղին միջեւ։

Քիմիի նաւամարտ
Քիմիի նաւամարտ
Թուական Ք․Ա․474
Վայր Նափոլիի ծոց, Ատրիաթիք ծով
Արդիւնք յոյներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Սիրաքուսես
Քիմի
Էթրուսքներ
Ումպրիներ
Դաւնյի
Հրամանատարներ
Իերոն Ա․ Սիրաքուսեցի
Էթրուսքի թագաւորներ

Նաւամարտին սկիզբը եւ աւարտը

Խմբագրել

Յունական Քիմի քաղաքը հիմնուած էր որպէս յունական գաղթօճախ Իտալիոյ տարածքին, Ք․Ա․ 8-րդ դարուն Էվիացիներէն (Հալքիտա եւ Քիմի քաղաքներէն), Հարաւային Իտալիա (Մեծ Յունաստան), (Նափոլիին հիւսիս-արեւմուտքը), Էթրուսքներուն հարաւային սահմաններուն մօտ։

Ք․Ա․504-ին հարաւի Էթրուսքները Քիմիէն կը պարտուին, սակայն կը պահեն իրենց զօրաւոր իշխանութիւնը։ Ք․Ա․474-ին անոնք իրենց նոր հիմնած եւ կազմակերպուած նաւատորմիղով կը յարձակին Քիմիին վրայ։

 
Օլիմպիայի տաճարին նուիրուած սաղաւարտը

Քիմի Իերոն Ա․ Սիրաքուսեցիին օգնութեան կը դիմէ։ Ան կը դաշնակցի հարաւային Իտալիոյ յունական քաղաք-պետութիւններուն հետ, որպէսզի կասեցնեն Էթրուսքներուն մուտքը հարաւային Իտալիա։

Նաւամարտը տեղի կ՛ունենայ Քիմիին ափերուն, Նափոլիի ծոցին մէջ, Ք․Ա․474-ին։ Սիրաքուսի եւ Քիմիի դաշնակից ուժերը պարտութեան կը մատնեն Էթրուսքներուն, որոնք Իտալիոյ մէջ իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն։ Ինչպէս նաեւ ծովուն եւ հողատարածքներուն հսկողութիւնը, որոնք կ՛անցնին հռոմէացիներուն, Սամիթեսներուն եւ Գաղեացիներուն ձեռքը։

Սիրաքուսեցիները, իրենց տարած յաղթանակին համար, էթրուսքեցի մարտիկի սաղաւարտ մը կը նուիրեն Օլիմպիայի (Ողիմպիայի) համայունական տաճարին։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել