Քոսթա Ռիքա

Քոսթա Ռիքա (սպաներէն կը նշանակէ «հարուստ ծովափ»), պետութիւն Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, հիւսիսէն սահմանակից է Նիքարակուային, հարաւ արեւելքէն՝ Փանամային, իսկ հարաւէն՝ Էքուատորին։ Արեւելքէն կ'ողողուի Քարիպեան ծովուն, իսկ արեւմուտքէն՝ Խաղաղական Ովկիանոսին ջուրերով։

Բնակավայր
Քոսթա Ռիքա
սպ.՝ República de Costa Rica
Դրօշակ Զինանշան
Flag of Costa Rica.svg Coat of arms of Costa Rica.svg


Vivan siempre el trabajo y la paz եւ Essential Costa Rica
Երկիր Flag of Costa Rica.svg Քոսթա Ռիքա
Ներքին բաժանում Ալախուէլա, Կարթագէն, Կուանաքասթէ, Էրէտիա, Լիմոն, Փունթարենաս եւ Սան Խօսէ
President of Costa Rica? Ռոդրիգո Չավես Ռոբլես?
Օրէնսդրական մարմին Legislative Assembly of Costa Rica?
Հիմնադրուած է՝ 1821
Տարածութիւն 51 100±1 քմ²
Պաշտօնական լեզու Սպաներէն[1]
Բնակչութիւն 5 213 362 մարդ (2022)[2]
Կը գտնուի ափին Քարիպեան Ծով եւ Խաղաղական Ովկիանոս
Ժամային գօտի UTC-6? եւ America/Costa_Rica?[3]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր CR
Սուրբ բարեխօս Virgin of the Angels?
Պաշտօնական կայքէջ visitcostarica.com/en

Անիկա ունի շուրջ 4,5 միլիոն բնակչութիւն, որուն մօտաւորապէս քառորդը կը բնակի մայրաքաղաք Սան Խօսէի մէջ։

ԱնուանումԽմբագրել

Քոսթա Ռիքան յայտնագործած է Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսը 1502-ին եւ զայն անուանած է Նուեւօ Կարթագօ (Նոր Կարթագէն)։ Ժամանակակից անուանումը (սպ.՝ costa` «ափ», rica` «հարուստ», այսինքն՝ «հարուստ ափ») սպանացի գաղութարարները տուած են ԺԶ. դարու կէսերուն[4]։

ՊատմութիւնԽմբագրել

Հնագոյն ժամանակներուն Քոսթա Ռիքայի մէջ բնակած են հնդիկ ցեղեր։ 1502-ին Ք. Քոլոմպոս յայտնաբերած է Քոսթա Ռիքան եւ զայն անուանած է Նուեւօ Կարթագօ (Նոր Կարթագէն)։ Երկիրին ժամանակակից անուանումը տրուած է ԺԶ. դարու կէսին եւ կը նշանակէ հարուստ ափ։ Երկիրը եղած Սպանիոյ գաղութներէն։

Քոսթա Ռիքան անկախացած է 15 Սեպտեմբեր 1821-ին՝ Ամերիկայի սպանական գաղութներուն անկախութեան պատերազմին ընթացքին։

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել