Օթիզմ (Առանձնայնութիւն)

Օթիզմ, Առանձնայնութիւն (autism), անբնական ջղազարգացում (neuropsychic development), որ ունի տարբեր ախտանշաններ: Օթիզմը կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանիշներով՝

  1. Խանգարուած ընկերային յարաբերութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ բանաւոր կամ ոչ բանաւոր հաղորդակցութիւն,
  2. Կրկնուող կենցաղի եւ մարմնական անբնական շարժումներ,
  3. Մտային թերաճութիւն կամ նուազ ուշիմութիւն:
Օթիզմի իրաւունքները պաշտպանող շարժում

Օթիզմի պատճառներ

Խմբագրել

Օթիզմը ունի ժառանգական հիմք: Բարդութիւնը ի յայտ կու գայ մակածնական գործօններու, շրջապատի եւ բազմաթիւ ծիներու փոխազդեցութեան հետեւանքով։

Գոյութիւն ունին օթիզմի յառաջացման բազմաթիւ տեսութիւններ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը լիարժէք է։ Ծագումնաբանութեան մէջ կը նշուի 9 պատճառ, ինչպէս`ժառանգական գործօնը, քիմիական նիւթերով, ծանր մետաղներով թունաւորումը, դիմադրողականութիւնը եւ այլն:

Տարբեր պատճառներով (գլխաւորաբար`կենսաբանական) եւ տարբեր դրսեւորումներով յառաջացած ախտանշաններու ամբողջութիւն մըն է։ Հիմք կը կազմեն նաեւ արգանդային շրջանին կամ կանուխ տարիքին գլխուղեղի զարգացման խանգարումները։

Երբեմն օթիզմը կրնայ զուգակցիլ նեարդաբանական այլ խանգարումներու, յատկապէս լուսնոտութեան ցնցումներու հետ[1]:

Որոշ մասնագէտներ կը փաստեն, որ օթիզմէ տառապող հիւանդներուն ուղեղին որոշ բաժինին մէջ անբնական կառուցուածք մը յառաջացած է: Նոյն ընտանիքին մէջ կրնայ մէկէ աւելի անձ տառապիլ օթիզմէ, սակայն տղոց մօտ աւելի յաճախակի է, քան՝ աղջիկներուն:

Դիմադրողական համակարգի եւ նեարդային համակարգի փոխյարաբերութիւնը կը սկսի վաղ սաղմնային շրջանին, իսկ նեարդային լաւ զարգացումը կախեալ է դիմադրողական համակարգին հաւասարակշռուած հակազդումէն։ Հակառակ անոր, որ մարմինի դիմադրողական համակարգին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կը գտնուին Օթիզմ ունեցող անհատներու որոշ ենթախումբերուն մէջ, սակայն յայտնի չէ, թէ այս փոփոխութիւնները կարեւոր են կամ երկրորդական Օթիզմի գործընթացին։ Բնածին որոշ նիւթափոխանակութեան հետ կապուած հարցեր կապուած են Օթիզմի հետ, բայց կարելի է ըսել 5%-էն նուազ պարագաներու մօտ։

Նկարագիրը

Խմբագրել

Օթիզմը ուղեղի կանոնաւոր զարգացման փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մըն է, որ կրնայ շփման, բանաւոր եւ ոչ բանաւոր հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ կրկնուող վարքագիծի տարբեր աստիճաններու դժուարութիւններու յանգեցնել։ Այդ փոփոխութիւններէն են՝ Ռետտի ախտանշանը, ընդհանուր զարգացման կանոնաւոր վիճակի փոփոխութիւնը, Ասփըրկըրի ախտանշանը (Asperger syndrome (AS)), Տալթոնիզմը (Daltonismus) եւ այլն։

Օթիզմը զարգացման հինգ փոփոխութիւններէն մէկն է, որոնք կը խմբաւորուին «Զարգացման ընդհանուր փոփոխութիւն» (PDD) անուան տակ: Անիկա նեարդաբանական փոփոխութիւններու այն ստորոգութիւնն է, որ կը բնորոշուի իբրեւ «դաժան եւ ծաւալող զարգացման փոփոխութիւն՝ զարգացման տարբեր բնագաւառներու մէջ»։

Զարգացման ընդհանուր փոփոխութիւններու (PDD) հինգ ախտանշաններն են՝

  • Օթիզմը,
  • Ասփըրկըրի ախտանշանը,
  • Մանկական շարժումներու փոփոխութիւնը եւ շրջապատէն անջատումը (CDD),
  • Ռեթի (Rett syndrome) ախտանշանը,
  • Զարգացման ընդհանուր փոփոխութիւնը՝ Ոչ անուանուած փոփոխութիւն(PDD-NOS):

Այս ախտանշաններէն իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատուկ ախտաբանական չափորոշիչներ։

Հակառակ անոր, որ Օթիզմի ախտորոշման յաճախականութիւնը հաստատուն է, բայց անիկա չորս անգամ աւելի շատ կը նկատուի տղաներու մօտ, քան աղջիկներուն։

Օթիզմը կ'ազդէ ուղեղի տեղեկութիւններու գործընթացին վրայ՝ փոխելով նեարդային բջիջներուն միաւորումն ու կազմակերպումը (ASDs)։ Թէ ինչպէս տեղի կ'ունենայ այս մէկը՝ հասկնալի չէ։ Օթիզմի երեք վիճակի փոփոխութիւններէն մէկն է, միւս երկու խանգարումները Ասփըրկըրի ախտանշաններն են, որուն հետեւանքով կ'ուշանան ճանաչողական զարգացման եւ լեզուական ունակութիւնները եւ տեղի կ'ունենայ համատարած աճի փոփոխութիւն, որոնք չսահմանուած փոփոխութիւններ են (PDD-NOS). կ'ախտորոշուին, երբ Օթիզմի կամ Ասփըրկըրի բոլոր ախտանշանները չեն հանդիպիր։ Օթիզմը խոր ժառանգական հիմքեր ունի: Հազուագիւտ պարագաներու Օթիզմը խիստ կապուած է բնածին արատներու հետ։

Աշխարհի տարածքին 1000 մարդու 1-2-ը Օթիզմէ կը տառապի։

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնները կը հաղորդեն, որ 2012-ի տուեալներով ԱՄՆ-ի մէջ 1000 երեխայէ 20-ը Օթիզմ ունի, իսկ 2008-ին 1000-էն՝ 11 երեխայ։ 1980-էն ի վեր Օթիզմ ունեցող մարդոց թիւը զգալիօրէն աճած է՝ շնորհիւ ախտորոշման փորձերուն եւ պետութեան նպաստած նիւթական խթաններուն։ Ծնողները սովորաբար երեխաներու մօտ նախանշանները կը նկատեն առաջին երկու տարիներուն ընթացքին։ Նախանշանները սովորաբար աստիճանաբար ի յայտ կու գան, իսկ Օթիզմ ունեցող որոշ երեխաներու մօտ զարգացումը սկիզբը կ'ընթանայ բնականոն, ապա կը սկսին դժուարութիւնները յառաջանալ։ Նախնական վարքային, ճանաչողական կամ խօսքային միջամտութիւնները կրնան Օթիզմ ունեցող երեխաներու մօտ յառաջացնել իրենք իրենց մասին հոգ տանելու, ընկերային եւ հաղորդակցական հմտութիւններ։ Հակառակ անոր, որ այս փոփոխութեան ոչ մէկ բուժում կայ։ Օթիզմ ունեցող ոչ բոլոր երեխաները կրնան անկախ ապրիլ, երբ կը դառնան չափահաս, սակայն որոշ անհատներ, հակառակ դժուարութիւններու, կը հասնին յաջողութիւններու կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ։

Օթիզմը պէտք է ընդունուի իբրեւ տարբերութիւն եւ ոչ թէ «խանգարում» կամ «հիւանդութիւն»։ Քանի որ Օթիզմը կը դասակարգուի իբրեւ նեարդային համակարգի բնականոն վիճակի փոփոխութիւն:

Երեխային փոքր տարիքին շատ կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել այնպիսի ախտանշաններու, ինչպիսիք են՝ տարօրինակ հակազդեցութիւնը անհանգստութեան նկատմամբ, չափազանց բուռն վախի ու լացի հակազդեցութիւնը ցած ձայնային տատանումներուն եւ շրջապատող միջավայրի աննշան փոփոխութիւններուն եւ հակառակը՝ թոյլ հակազդեցութիւն ուժեղ տատանումներուն։ Բացի ասոնցմէ նաեւ կը նկատուին թոյլ արձագանգ՝ սնուցման, կեցուածքի եւ հաճոյքի արտայայտութեան բացակայութեամբ։

Երեխաներու մօտ կը նկատուի նաեւ «ողջ մնալու բարդոյթ» կոչուող հակազդեցութիւնը, որ կ'արտայայտուի տարեցներու հետ շփման ընթացքին կամ անոնց բացակայութեան, ինչպէս նաեւ անշունչ առարկաներու նկատմամբ, օրինակ՝ մահճակալին վերը կախուած խաղալիքի մը։ Ախտանշանները կը պահպանուին նաեւ մեծ տարիքին, բայց ոչ ամբողջովին եւ աւելի մեղմ ձեւերով։ Ախտանշաններէն մէկուն առկայութիւնը չի հաստատեր Օթիզմը, անիկա հաստատելու համար հարկաւոր է բոլոր երեք ախտանշաններու առկայութիւնը՝

  • ընկերային փոխազդեցութեան բացակայութիւն,
  • խնդիրներ հաղորդակցման մէջ,
  • սահմանափակ հետաքրքրութիւններ եւ կրկնուող վարքագիծ:

Այլ ախտանշաններէն են՝ ճիշդ ուտելու ձեւերը։

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Անմիջապէս ծնունդէն ետք, Օթիզմ ունեցող երեխային ուղեղը կը սկսի սովորականէն արագ զարգանալ, որուն կը յաջորդէ աւելի դանդաղ աճը՝ մանկութեան ընթացքին։

Օթիզմը երբեմն մինչեւ որոշ տարիք մը կը մնայ անյայտ՝ կարգ մը երեխաներու մօտ, երբ անակնկալօրէն կը յայտնուին անոր ախտանշանները, սակայն ընդհանրապէս մեծամասնութեան պարագային օթիզմի ախտանշանները ի յայտ կու գան երեխային առաջին երեք տարիներուն։ Լեզուական, խօսակցական եւ ընկերային հաղոդակցութիւններու որոշ դժուարութիւններ կը տեսնուին երեխային երկրորդ տարուան վերջաւորութեան:

Օթիզմի ընդհանուր ախտանշաններն են՝

  1. Հաղորդակցութեան եւ փոխյարաբերութեան պակաս եւ դժուարութիւն,
  2. Ակնսեւեռումի (eye contact) պակաս, ուր երեխան կամ անհատը կը խուսափի դիմացինին աչքին նայելէ,
  3. Հաղորդակիցը հասկնալու, անոր զգացումները տեսնելու եւ ձայնը լսելու դժուարութիւն,
  4. Առանձնութիւն, երբ երեխան ընկերներ չ'ունենար եւ մեկուսացած կը մնայ իր ներաշխարհին մէջ,
  5. Հաղորդակիցին չպատասխանել եւ փոխյարաբերութիւն չհաստատել,
  6. Փոփոխութեան եւ նորի մերժում,
  7. Սիրուելու եւ հոգատարութիւն ստանալու մերժում,
  8. Որոշ շարժուձեւերու եւ խօսակցութիւններու կրկնութիւն,
  9. Որոշ առարկաներու հանդէպ կապուածութիւն,
  10. Երկար ժամեր որոշ մէջ բանի վրայ կեդրոնացած նայիլ,
  11. Շրջապատի անձերը մերժել եւ անտեսել,
  12. Մարդոց հանդէպ հետաքրքրութեան եւ համակրանքի պակաս,
  13. «Ես» եւ «իմ» բառերու մերժում, եւ անոր փոխարէն անձնանունի գործածութիւն,
  14. Լեզուի եւ խօսակցական կարողութեան զարգացման դժուարութիւն,
  15. Երգելով խօսելու տրամադրութիւն,
  16. Մոռացկոտութիւն եւ կեդրոնացումի պակաս,
  17. Ցաւի զգայութեան պակաս, սակայն լսողութեան եւ դպչելու զօրաւոր զգայութիւններ,
  18. Անկայուն, անբնական եւ ոչ համադրուած քալուածք եւ շարժումեր,
  19. Մարմինի անսովոր եւ կրկնուող շարժումներ եւ ցնցումներ,
  20. Ինքզինք վնասելու արարքներ:

Օթիզմէ տառապող հիւանդեր կրնան ունենալ երաժշտական բացառիկ կարողութիւներ: Անոնց 20-30 առ հարիւրը մարմինի հիւանդագին ցնցումներ եւ լուսնոտութիւն (epilepsy) կ'ունենայ:

Ընկերային Կեանք եւ Հաղորդակցութիւն

Խմբագրել

Օթիզմ ունեցողներուն ընկերային կեանքը ակնյայտ կը դառնայ վաղ մանկութեան տարիներուն։ Օթիզմ ունեցող երեխաները շատ չեն ժպտիր, ուրիշներուն չեն նայիր եւ քիչ կը հակազդեն, երբ իրենց անունը տրուի, նայուածքով կամ շարժումներով իրեր մատնացոյց ընելու ունակութիւն չունին։ 3-էն 5 տարեկան Օթիզմ ունեցող երեխաները աւելի քիչ կը ցուցաբերեն ընկերային հասկացողութիւն: Անոնք կապուած կ'ըլլան իրենց խնամակալներուն։ Բարձր Օթիզմով երեխաները աւելի շատ կը տառապին յաճախակի մինակութենէ, քան նոյն տարիքի Օթիզմ չունեցող երեխաները՝ թէեւ Օթիզմ ունեցող երեխաները կը նախընտրեն մինակ մնալ։ Օթիզմ ունեցող մարդոց համար դժուար է ընկերանալ եւ ընկերներ ձեռք բերել։ Քիչ թիւով ուսումնասիրութիւններ կ'ըսեն, թէ Օթիզմ ունեցող անհատներ բռնութիւն կը ցուցաբերեն։ Սահմանափակ տուեալներ ցոյց կու տան, որ Օթիզմը կապուած է բռնութեան եւ զայրոյթի պոռթկման հետ։ 2007-ին կատարուած ուսումնասիրութիւնը, որ իրականացուած էր Օթիզմ ունեցող 67 երեխաներու ծնողներէն հարցազրոյց ընելով, կը հաղորդէ, որ երեխաներու երկու երրորդը զայրոյթի պահեր ունեցած է, իսկ մէկ երրորդը՝ բռնութեան պատմութիւն ունեցած է՝ զայրոյթի պոռթկման պահերով։ 2008-ին իրականացուած շուետական ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 15 տարեկան եւ աւելի մեծ անհատներ դուրս դրուած են հիւանդանոցէն Օթիզմի ախտանշաններով։

Օթիզմ ունեցող անհատներու մօտաւորապէս երկու երրորդին խօսակցութիւնը բաւական չափով չէ զարգացած, իրենց ամէնօրեայ հաղորդակցական կարիքները բաւարարելու համար։ Հաղորդակցական տարբերութիւնը Օթիզմ ունեցող անհատներու մօտ ի յայտ կու գայ կեանքի առաջին տարիներուն եւ կրնայ ներառել ուշացած թոթովանք, անսովոր ձեւեր, արձագանգման ցած մակարդակ եւ ձայնային արտայայտութիւններ։ Կեանքի երկրորդ եւ երրորդ տարիներուն Օթիզմ ունեցող երեխաները բազմազան թոթովանքներ, բաղաձայն հնչիւններ, բառեր եւ բառային կապակցութիւններ կ'արտայայտեն։ Օթիզմ ունեցող երեխաները կ'ընդօրինակեն ուրիշներուն: Անոնք կրնան նայիլ իրենց բան մը ցոյց տուող ձեռքին, ոչ թէ ցոյց տրուող իրին։

Կրկնուող վարքագիծ

Խմբագրել
 
Մէկ շարքով խաղալիքները շարելը Օթիզմէ տառապող երեխաներու վարքագիծերէն է:

Օթիզմ ունեցող անհատները կը ցուցաբերեն կրկնուող կամ սահմանափակ վարքագիծի շատ ձեւեր՝

  • Պնդատիպը կրկնուող շարժում մըն է, օրինակ ծափահարելը, գլուխը պտտցնելը կամ մարմինը ճօճելը։
  • Պարտադիր վարքագիծը միտումնաւոր կատարուող գործողութիւն մըն է, որուն ընթացքին անձը կը հետեւի որոշակի կանոններու, ինչպիսին է՝ մէկ շարքով իրերու դասաւորումը։
  • Դիմադրութիւն ցոյց կու տայ փոփոխութիւններուն, օրինակ՝ պահանջել, որ կահոյքը չտեղափոխուի կամ մերժել արարքի մը ընդհատումը։
  • Ամէնօրեայ գործողութիւններու չփոփոխուող օրինակ, ինչպէս՝ նոյն հագուստները հագնիլը:
  • Սահմանափակ վարքագիծը ուշադրութեան, հետաքրքրութեան կամ գործունէութեան սահմանափակումն է։ Օրինակ՝ միեւնոյն հեռուստածրագիրը դիտելը, նոյն խաղալիքով կամ խաղով խաղալը։
  • Ինքնավնասումը կը ներառէ մարդկային վնասներ հասցնելու շարժումներ, ինչպիսին են աչք հանելը, մաշկ կսմթելը, ձեռք խածնելը եւ գլուխով հարուածելը։ 2007-ին իրականացուած ուսումնասիրութիւնը կը հաղորդէ, որ ինքնավնասումը ինչ-որ տեղ ի յայտ եկած է Օթիզմ ունեցող երեխաներէն 30%-ին մօտ։

Կը թուի, թէ ոչ մէկ կրկնուող կամ ինքնավնասման վարքագիծ յատուկ է Օթիզմին, սակայն միայն Օթիզմն ունի այս վարքագիծերու յառաջացման եւ սրացման բարձր օրինակ։

Նորագոյն ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ օթիզմ ունեցող մարդոց ուղեղին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները տարբեր կը կազմակերպուին քան սովորական մարդոց պարագային:

Նման յայտնաբերում մը որոշ չափով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ օթիզմ ունեցող կարգ մը մարդիկ բացառիկ կարողութիւններ ունին տարբեր առարկաներ մանրամասնօրէն յիշելու ու գծելու:

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող քանատացի մասնագէտները ըսած են, թէ օթիզմ ունեցող մարդոց ուղեղին ետեւը գտնուող տեսողական տեղեկութիւններու հետ առնչուած բաժինները բաւական զարգացած եղած են: Այսպէս, օրինակ, անոնցմէ ոմանք կարողութիւնը ունին գծելու բաւական ճշգրիտ ու մանրամասն պատկերներ` հիմնուելով միայն իրենց յիշողութեան վրայ:

Միւս կողմէ, սակայն անոնց ուղեղին մնացեալ բաժինները նուազ աշխուժ եղած են, մասնաւորաբար` անոր որոշում տալու ու ծրագրելու հետ առնչուած բաժինները: Անոնք դժուարութիւն ունին նաեւ դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ մեկնաբանելու[2]:

Այլ ախտանշաններ

Խմբագրել

Օթիզմ ունեցող անհատները կրնան նաեւ ազդել անհատներու կամ իրենց ընտանիքներուն վրայ։ Օթիզմ ունեցող անհատներու 0.5%-էն մինչեւ 10%-ը օժտուած են անսովոր կարողութիւններով։ Օթիզմ ունեցողներ կը ցուցաբերեն ընկալման եւ ուշադրութեան գերազանց ունակութիւններ՝ համեմատած ընդհանուր հասարակութեան հետ։ Օթիզմ ունեցողներուն զգալի մէկ տոկոսը (60-80%) ունի շարժումներու տարօրինակ նշաններ, մկանային թուլութիւն եւ ոտքերուն ծայրերուն քալելու սովորութիւն։

Անսովոր ուտելու վարքագիծը ի յայտ կու գայ Օթիզմ ունեցող երեխաներուն երեք չորրորդին մօտ։ Սնանելու ժամանակը որոշելը ամէնէն տարածուած հարցն է, հակառակ անոր, որ ուտելու արարողութիւն եւ սնունդի մերժում նոյնպէս կը պատահի։

Մասնագէտները նշած են, թէ օթիզմ ունեցող երեխաները ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց դիմաց եղող հարազատներուն դէմքին արտայայտութեան եւ կամ շրթներուն ունեցած շարժումներուն:

Օթիզմ ունեցող երեխաներուն ծնողները գերլարուած վիճակ կ'ունենան, իսկ անոնց քոյրերն ու եղբայրները մեծ հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն։

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Ախտաճանաչումը հիմնուած է մանուկին աճման եւ ախտանշաններու զարգացման վրայ։ Մասնագէտներու կողմէ կը կատարուին որոշ հոգեբանական եւ բժշկական քննութիւններ, որոնց հիման վրայ կ'արժեւորուի հիւանդին կարգավիճակը:

Դարմանում

Խմբագրել

Օթիզմի դարմանումը կը կատարուի բժշկական եւ հոգեբանական հետեւողական խնամքով եւ դեղերով: Դարմանումի ընթացքին երեխային ծնողքը եւ անոնց հոգատարութինը շատ մեծ դեր կը խաղայ: Ամբողջ տեւողութեան ընթացքին բժշկական խմբակը կը հետեւի երեխային հաղորդակցութեան եւ փոխյարաբերութեան զարգացման: Դարմանումը կրնայ տեւել շատ երկար ժամանակ:

 

Մասնագէտները փաստած են, որ արուեստը կրնայ օգնել երեխային դարմանումի գործընթացին, օրինակ երաժշտութիւնը, թատրոնը, գծագրութիւնը եւ ստեղծագործական միջոցառումները: Այս պարագային, արուեստի ընդմէջէն երեխան դուրս կու գայ իր ներքին աշխարհէն եւ կը բացուի արտաքինին:

 

Առողջ եւ հետեւողական խնամքով երեխան կրնայ ունենալ բնականի մօտ կեանք մը, սակայն օթիզմի ամբողջական եւ վերջնական դարմանում մը ներկայիս գոյութիւն չունի:

Օթիզմ ունեցող երեխաները, ինչպէս նաեւ չափահասները սովորաբար դժուարութիւն կ'ունենան խօսելու, ոչ բանաւոր հաղորդակցման, ընկերային յարաբերութիւններու, զուարճանալու եւ խաղալու ունակութիւններու մէջ։ Օթիզմի վաղ ախտորոշումը շատ կաեւոր է։

Օթիզմով երեխաներու ծնողներուն հետ իրականացուող հոգեբանական խորհրդատուութիւնը

Խմբագրել

Ըստ Մամայչուկի՝ ծնողներուն հոգեբանական աջակցութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ միջոցառումներու համակարգ, որոնք կը կազմակերպուին հետեւեալ նպատակներով՝

  • Երեխային հիւանդութեան հետ կապուած յուզական անյարմարութեան նուազեցում,
  • Ծնողներու վստահութեան ամրապնդումը՝ երեխային հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ,
  • Ծնողներու մօտ երեխային հիւանդութեան հանդէպ համապատասխան վերաբերմունքի ձեւաւորումը,
  • Ծնողք-երեխայ դրական յարաբերութիւններու եւ ընտանեկան դաստիարակութեան համապատասխան ոճի պահպանումը։ Ինչպէս կը նշեն բժիշկներն ու հոգեբանները՝ հիւանդ երեխային ծնունդը իւրօրինակ փորձութիւն կը հանդիսանայ այդ ընտանիքի համար, իսկ հաշմանդամ երեխային խնամքին եւ դաստիարակութեան գործընթացը երկարատեւ ճնշումի կ'ենթարկէ ծնողները։ Ծնողներուն ճնշուած վիճակը պատճառ կը հանդիսանայ ոչ միայն երեխային հիւանդութեան, խանգարման ծանրութեան աստիճանին, այլեւ հասարակութեան մէջ տուեալ խանգարումով մարդոց նկատմամբ ընդունուած կարծրատիպային վերաբերմունքին։ Յաճախ մասնագէտներու գնահատող դատողութիւնները երեխային նկատմամբ կը խորացնեն ընտանիքին մէջ տիրող բացասական յուզական վիճակը, ինչպէս նաեւ ապակառուցողական ազդեցութիւն կ'ունենայ ներընտանեկան փոխյարաբերութիւններուն վրայ։ Ծնողները մասնագէտի կը դիմեն ոչ թէ ախտորոշման, այլ օգնութեան համար, եւ այդ պատճառով ալ աւելի կարեւոր կը դառնայ մասնագէտներու աշխոյժ մասնակցութիւնը երեխային վերականգնողական, ինչպէս նաեւ ընտանիքին աջակցութեան գործընթացին մէջ։ Մասնագէտներու ոչ ճշգրիտ գնահատականները կրնան չափազանց բացասական անդրադարձ ունենալ նաեւ ծնողներու ամուսնական կեանքին վրայ։ Բազմաթիւ հետազօտողներ կը նշեն ապահարզանի բարձր տոկոսի մասին՝ զարգացած խանգարումներով երեխաններու ընտանիքներուն մօտ։ Մօր մշտական անհանգստութիւնը երեխային առողջական վիճակին, անոր ապագային եւ կեդրոնացումը երեխային հարցերուն վրայ, բացասական կ'ազզդէ հօր յուզական վիճակին վրայ, որ կը դրսեւորէ ջղագրգռութեամբ: Բազմաթիւ Օթիզմով երեխաներու մայրեր շատ յաճախ ինքնամփոփ կը դառնան։ Նման մայրերու մօտ կը նկատուի արտաքին անտարբերութիւն երեխային նկատմամբ, անոնք չեն լսեր մասնագէտներու խորհուրդները, երբեմն անգամ անվստահութիւն կը դրսեւորեն վերջիններուս հանդէպ, երեխաները զերծ կը պահեն որեւէ շփումէ թէ՛ մասնագէտներու, թէ՛ միս երեխաներուն հետ, իրենք ալ կը դադրեցնեն իրենց շփումը բարեկամներու եւ ընկերներու հետ։ Անոնք իւրովի կը նուիրուին իրենց երեխային, կը փորձեն բաւարարել անոր իւրաքանչիւր պահանջքը, նկատողութիւն չեն տար անոնց, հանգիստ կը հետեւին անոնց յուզական պոռթկումներուն, ապակառուցողական գործողութիւններուն, չեն փորձեր երեխային մօտ մաքրասիրութեան տարրական հմտութիւններ ձեւաւորել։ Մօր նման վիճակը կրնայ պայմանորուած ըլլալ ոչ միայն երեխային առողջական վիճակով, այլեւ ամուսինին եւ ընկերներուն հետ շփման բացակայութեան իբրեւ հետեւանք։ Հոգեբաններ կ'ըսեն, թէ նման մայրեր հոգեբանական երկարատեւ օգնութեան կարիք ունին։

Տալթոնիզմ

Խմբագրել

Փետրուար 2018-ին Բրիտանական Թագաւորական Միութեան գիտնականները որոշ կապ մը գտած են Տալթոնիզմի եւ Օթիզմի միջեւ։ Տեսողութեան այդ թերութեան ախտանշանները լիովին կը համապատասխանեն Օթիզմի ախտանշաններուն։ Երեխային գոյներ չտարբերակելու յատկութենէն կարելի է հասկնալ, թէ երեխան կը տառապի Օթիզմով։

Այ-Փետ՝ Օթիզմէ Տառապող Երեխաներու Համար

Խմբագրել

Օթիզմէ տառապող մանուկներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ վերջերս օթիզմէ տառապող մանուկներու կողմէ հետզհետէ բոլորին մատչելի դարձող Այ-Փետ կոչուած համակարգիչի նոր տեսակի մը գործածութիւնը դրական որոշ փոփոխութիւններ յառաջացուցած է անոնց վարուելակերպին մէջ: Անոնք համակարգիչի յատուկ ծրագիր մը արձանագրած են Այ-Փետին մէջ եւ զայն փորձարկած են օթիզմէ տառապող խումբ մը մանուկներու վրայ, որոնցմէ քանի մը հոգիին վարուելակերպին մէջ ուշագրաւ բարելաւում նկատած են:

Նշեալ համակարգիչին մէջ արձանագրուած կարգ մը ծրագիրներ նպաստած են, իբրեւզի օթիզմ ունեցող մանուկներ կարենան իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այլ մարդոց վրայ. երեւոյթ մը, որ գրեթէ բացակայ է նշեալ մանուկներուն մօտ:

Օթիզմէ տառապող մանուկներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող կեդրոնի մը գլխաւոր պատասխանատուն` բրիտանացի մասնագէտ Ռիչըրտ Միլզ ըսած է, թէ նման արհեստագիտութիւն մը առիթ ընձեռած է, իբրեւզի մասնագէտներ կարենան որոշ յառաջխաղացք արձանագրել օթիզմը հասկնալու գործընթացին մէջ: Անիկա նպաստած է, որ մասնագէտներ յաւելեալ տեղեկութիւն հաւաքեն օթիզմ ունեցող մանուկներուն մտածած ձեւին մասին` նկատի ունենալով, որ անոնք սովորական մանուկներէն տարբեր ընդունակութիւն ունին: Այսպէս, օրինակ, անոնց տեսողական յիշողութիւնը բաւական զարգացած է. հետեւաբար Այ-Փետի նման սարք մը կը մղէ, իբրեւզի անոնք կարենան ցոյց տալ իրենց ունեցած այդ կարողութիւնը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Jump up↑ Mottron L. (unspecified title): diagnostic, cognition et support des personnes autistes sans déficience intellectuelle — Mardaga, 2004. — P. 7. — ISBN 978-2-87009-869-1</nowiki>
  2. Jump up to:2,0 [[Օթիզմ#cite ref-Disease Ontology release 2018-05-15 — 2018-05-15 — 2018. 2-1|2,1]] 2,2 Disease Ontology release 2018-05-15 — 2018-05-15 — 2018.
  3. Jump up↑ «CDC and HRSA issue report on changes in prevalence of parent-reported Autism Spectrum Disorder in school-aged children»։ Media Advisory։ Centers for Disease Control and Prevention։ Վերցված է 2013 թ․ հոկտեմբերի 9
  4. Jump up↑ Спиваковская А. С. Роль осознаваемых и неосознаваемых переживаний в формировании аутистических установок // Бессознательное / Отв. ред. А. С. Прангишвили, А. Е. Шерозия, Ф. В. Бассин. — Тбилиси, 1978
  5. Jump up↑ Långström N, Grann M, Ruchkin V, Sjöstedt G, Fazel S (2008)։ «Risk factors for violent offending in autism spectrum disorder: a national study of hospitalized individuals»։ J Interpers Violence։ PMID 18701743</nowiki>։ doi:10.1177/0886260508322195
  6. Jump up↑ Noens I, van Berckelaer-Onnes I, Verpoorten R, van Duijn G (2006)։ «The ComFor: an instrument for the indication of augmentative communication in people with autism and intellectual disability»։ J Intellect Disabil Res 50 (9): 621–32։ PMID 16901289</nowiki>։ doi:10.1111/j.1365-2788.2006.00807.x
  7. Jump up↑ Lam KSL, Aman MG (2007)։ «The Repetitive Behavior Scale-Revised: independent validation in individuals with autism spectrum disorders»։ J Autism Dev Disord 37 (5): 855–66։ PMID 17048092</nowiki>։ doi:10.1007/s10803-006-0213-z
  8. Jump up↑ Bodfish JW, Symons FJ, Parker DE, Lewis MH (2000)։ «Varieties of repetitive behavior in autism: comparisons to mental retardation»։ J Autism Dev Disord 30 (3): 237–43։ PMID 11055459</nowiki>։ doi:10.1023/A:1005596502855
  9. Jump up↑ Filipek PA, Accardo PJ, Baranek GT եւ այլք: (1999)։ «The screening and diagnosis of autistic spectrum disorders»։ J Autism Dev Disord 29 (6): 439–84։ doi:10.1023/A:1021943802493 This paper represents a consensus of representatives from nine professional and four parent organizations in the U.S.
  10. Jump up↑ Treffert DA (2006)։ «Savant syndrome: an extraordinary condition—a synopsis: past, present, future»։ Wisconsin Medical Society։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 11 Յուլիս 2009, էջ 140-142: