Օննիկ Ուղուրլեան

Օննիկ Ուղուրլեան, ծնած է 1926-ին: Թրիփոլի, Լիբանան:

Օննիկ Ուղուրլեան
Ծնած է 1926
Ծննդավայր Թրիփոլի, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն լիբանանահայ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Երաժիշտ

Հալէպ անցնելով Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը։ 1946-ին անցած Կիպրոս ուսումը շարունակելու Մելքոնեան հաստատութեան մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք երկու տարի որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ։

Մելքոնեանի մէջ է որ Օննիկ ցուցաբերած է երաժշտական իր կարողութիւնը ջութակ նուագելով եւ երգեր յօրինելով։

1950-ին որպէս Կիւլպէնկեան սան Փարիզ կը ղրկուի։ Հոս հինգ տարի կը հետեւի «Էքոլ Նորմալ տը Միւզիք»ի հարմոնիի, քօնթրբուանի դասընթացքներուն աշակերտելով Տիկ. Արթիւր Ոննիեթի եւ Ժորժ Տանըլոյի: Երեք «լիսանսներ» ստանալէ ետք միաժամանակ հետեւած է «Էքոլ Սետար Ֆրանք»ի երաժշտութեան եւ սիմֆոնիկ ղեկավարութեան դասընթացքներուն: 1955-ին կը ստանայ քոմփոզիթորի վկայական:

Իսկ «Զարթօնք» կը գրէ հետեւեալը Օննիկ Ուղուրլեանի մասին:

«Փայլուն յաջողութեամբ վերջացուցած է «Էքոլ Նորմալ տը Միւզիք»ի հարմոնիի եւ քոնթր փուանի քննութիւնները եւ ստացած է համապատասխան զոյգ վկայականներ մասնաւոր յիշատակութեան արժանանալով։

Ուղուրլեան Մելքոնեան կրթական Հաստատութեան 1946-ի շրջանաւարտներէն է եւ զաւակը Հայկ Ուղուրլեանի[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 182։