Օննօ Թունչպոյաճեան
Օննօ Թունճ (Յովհաննէս Թունչպոյաճեան, թրք.՝ Ohannes Tunçboyacıyan, 20 Դեկտեմբեր 1948, Շիշլի, Պոլիս, Թուրքիա - 14 Յունուար 1996, Արմութլու, Եալովա, Թուրքիա), Պոլսահայ հանրայայտ երգահաններէն մին։ Իր յօրինած հարիւրաւոր ստեղծագործութիւններով մեծ տեղ կը գրաւէ թրքական փոփ երաժշտութեան մէջ[1]։
Օննօ Թունչպոյաճեան | |
---|---|
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Onno Tunç |
Ծնած է | 20 Դեկտեմբեր 1948 |
Ծննդավայր | Շիշլի, Պոլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 14 Յունուար 1996 (47 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Արմութլու, Եալովա, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Մայրենի լեզու | թրքերէն |
Տեսակ | փոփ երաժշտութիւն |
Մասնագիտութիւն | երգահան, երաժիշտ |
Վաղ Տարիներ
ԽմբագրելՕննօ Թունչպոյաճեան ծնած է 1948-ին, Կ.Պոլսոյ Ֆերիգիւղ թաղը։
Առաջին անգամ հանդէս եկած է Հարիւր Մանկանց անունով եկեղեցական երգչախումբի մը մէջ:
Միջնակարգի առաջին տարին ստիպուած է ուսումը կիսատ ձգել՝ ընտանիքին նիւթական աջակցութիւն բերելու համար։
Նիւթական դժուարութեանց պատճառով, ան չէ կրցած նոյնիսկ նուագարան մը ունենալ, ուստի ընկերոջը (Արմանին) մայրը՝ Անուշը, երկու կիթառ գնած է. մէկը իր տղուն, միւսը՝ Օննոյին։ Օննօ ինքնաշխատութեամբ սորված է նուագել, երաժշտական խումբի մը անդամակցած եւ կարճ ժամանակ մը ետք ալ՝ կիթառին պարտքը վճարած։
Ասպարէզ
ԽմբագրելՅօրինած է 175 երգ եւ ներկայացուցած է Թուրքիան բազմաթիւ եւրոպական մրցումներու մէջ: Սերտ յարաբերութիւն ունեցած է թուրք երգչուհի Սեզէն Աքսուին հետ, որուն հետ գրած եւ յօրինած է Աքսուին երգերուն մեծ մասը։
Օննոյին մահը մեծապէս ազդած է Աքսուին վրայ, որուն նուիրած է իր «Երազի Պարտէզները» (թրք.՝ Düş Bahçeleri) անունով ալպոմը։ 1980-ականներուն անոնք սիրային յարաբերութիւն ալ ունեցած են իրարու հետ։
Օննոյին եղբայրը՝ Արթօն, որուն հետ աշխատակցած է 25 տարի, բազմաթիւ երգեր նուիրած է եղբօրը։
Մահը
ԽմբագրելՕննօ Թունչպոյաճեան մահացած է 14 Յունուար 1996-ին, երբ լերան մը վրայ, կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով իր անձնական օդանաւը խորտակուած է, Պրուսայէն Պոլիս ուղեւորութեան ընթացքին։ Աղէտը տեղի ունեցած է Եալովա նահանգին Արմութլու գիւղի մօտ։
Թաղուած է Շիշլիի Հայկական Գերեզմանատունը, Պոլիս։
Յարգանքի Տուրք
Խմբագրել- 2002-ին Եալովա քաղաքին կեդրոնը տեղադրուած է երաժիշտին յիշատակին նուիրուած յուշարձանը։[2][3][4]
- 2007-ին քանի մը հանրածանօթ թուրք երգիչներու կողմէ հրապարակուած է "Onno Tunç Şarkıları" («Օննօ Թունչին Երգերը») հաւաքածոն։[5]
- Պոլսոյ արհեստագիտական համալսարանին Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ (MİAM), Փետրուար 2020-ին ծրագիր մը մշակուած է (Քառօրեայ ծրագիր մը, որուն ընթացքին նախատեսուած են երաժշտական աշխատանոցներ եւ երաժշտական աշխարհի օրակարգի զանազան նիւթերուն վերաբերեալ ասուլիսներ), որ ձօնուած է յօրինող, փոփ երաժշտութեան գլուխգործոցներու երգահան Օննօ Թունչի յիշատակին։ Ձեռնարկներու շարքին բացման ներկայ գտնուած են Օննօ Թունչին եղբայրը՝ երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան, ինչպէս նաեւ դուստրը՝ Այտա Թունչը[6]։
Ընտանիք
Խմբագրել- Ճանան Աթեշ՝ նախկին կինը
- Սելին Թունչպոյաճեան՝ դուստրը
- Այտա Թունչպոյաճեան՝ դուստրը
- Արթօ Թունպոյաճեան՝ եղբայրը
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Օննօ Թունճ
- ↑ Թուրքիոյ մէջ քաղաքապետարանը ամբողջութեամբ քանդած է Արթօ Թունչպոյաճեանին եղբօր յուշարձանը, News.am, 2012
- ↑ Monument to Armenian musician Onno Tunc destroyed in Turkey, 2012
- ↑ Onno Tunç anıtını yıktık çünkü..., Sabah, 2012
- ↑ «A tribute to Tunç on the anniversary of his death»։ Zaman։ 2007-05-30։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-06-04-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 5–ին
- ↑ Ձօն