Ֆրանսիսքօ Ռուպիօ, (11 Դեկտեմբեր, 1975), ամերիկացի թռիչքային վիրաբուժ, ԱՄՆ բանակի գնդապետ, ուղղաթիռի օդաչու, եւ ՆԱՍԱ-ի տիեզերագնաց։ Ան մրցանիշ մը արձանագրած է` անջրպետին մէջ ամէնէն երկար ժամանակ մնացող ամերիկացին դառնալով՝ 371 օր[1][2]:

Ֆրանք Ռուպիօ
Ծնած է 25 Յունուար 1975(1975-01-25) (49 տարեկան)
Ծննդավայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Q25406700?
Uniformed Services University of the Health Sciences?
Miami Sunset Senior High School?
Մասնագիտութիւն տիեզերագնաց, flight surgeon, ռազմական բժիշկ, բանակի սպա, ուղղաթիռի օդաչու
Անդամութիւն NASA Astronaut Group 22?

Մրցանիշին պատմութիւնը

Խմբագրել

Ռուպիօ եւ ռուս աստղանաւորդներ Սերկէյ Փրոքոփիեւ եւ Տմիթրի Փեթըլին դէպի անջրպետ կ'ուղղուին «Սոյուզ ՄՍ-22» անջրպետանաւին մէջ, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին: Սկզբունքով խմբակը վեց ամիս պիտի անցընէր «Այ Էս Էս» միջազգային անջրպետի կեդրոնին մէջ եւ երկիր պիտի վերադառնար Փետրուար 2023-ին:

Սակայն Դեկտեմբեր 2022-ին անջրպետին մէջ շրջող լքուած եւ այլեւս անպէտք առարկաներէն կտոր մը կը զարնուի կանգ առած «Սոյուզ» անջրպետանաւին: Այս արկածը վնասներ կը հասցնէ անջրպետանաւին, եւ հետեւաբար մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ան ապահով չէ աստղանաւորդները երկիր վերադարձնելու համար:

Հետեւաբար երեք աստղանաւորդները երկիր վերադառնալու համար ստիպուած կ'ըլլան սպասել մինչեւ աստղանաւորդներու երկրորդ խումբ մը պատրաստ ըլլայ զիրենք փոխարինելու:

Անոնք երկիր կը վերադառնան 23 Սեպտեմբեր 2023-ին` անջրպետին մէջ անցընելով 371 օր, 180 օրուան փոխարէն:

Ռուպիօ կը կտրէ ամերիկացի աստղանաւորդ Մարք Վանտը Հէյի 355 օրուան մրցանիշը, որ արձանագրուած էր 2022-ին:

Սակայն անջրպետին մէջ ամէնէն երկար ժամանակ մնացողի մրցանիշը կը մնայ ռուսերուն կողմէ 1990-ական թուականներուն կէսուն արձանագրուած 437 օրը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ֆրանք Ռուպիօ
  2. Garcia Mark (7 Փետրուար,2018)։ «Astronaut Frank Rubio» (անգլերեն)։ NASA։ արտագրուած է՝ 20 Յուլիս,2021