132 էթրա աստղակերպ

132 Էթրա․ կը պատկանի Աստղակերպերու Գլխաւոր Գօտիին։ Բացարձակ մեծութեամբ աստղակերպ է, այդպէս ինչպէս հաստատուած է Արեգակնային Դրութեան համար։

132 Էթրա․ 3D չափանիշ եւ համակարգուած լոյսի կորագիծով

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Աստղակերպը կը յայտնաբերուի 1873-ին ամերիկացի աստղաբան Ճէյմս Քրէյկ Ուացընին կողմէ James Craig Watson։ Ան աստղակերպին կու տայ յունական դիցաբանութենէն Թիսէասի մօր անունը՝ Էթրա։ Անոր արտակեդրոն ծիրը բաւական մեծ ըլլալով, արեւամերձ կէտը ընդհանրապէս Արեւուն աւելի մօտիկ կը գտնուի քան թէ Հրատ մոլորակը։

Անոր յայտնաբերումէն ետք, 132 Էթրա մարդու աչքէն կը կորսուի (որովհետեւ դիտարկումները անբաւարար էին) եւ կը վերայայտնուի 1922-ին։ 132 Էթրային տրամագիծը 42,87 քլ․ է, իսկ լոյսի կորագիծը երկարաձեւ եւ կամ անկանոն ձեւ կը ցուցնէ։

Անուանում

Խմբագրել

Էգէասին կողակիցը եւ Թիսէասի մայրը՝ Էթրա, Թրիզինայի փոքրիկներուն թուաբանութիւն կը դասաւանդէր, ինչպէս նաեւ աղիւսակին (հաշուետախտակին άβακας) գործածութիւնը եւ այդ ժամանակի թիւերուն գրելաձեւը։ Իր թուաբանութեամբ զբաղիլը կը վկայեն Վիթրուվիուս (Vitruvius, Ք․Ա․ 80-15), Մենակիուս (Menagius, 1613-1692) եւ Թիթուս Լիվիուս (Titus Livius, Ք․Ա․59 - 17)։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Վիթրուվիուս(անգլերէն)
  2. Մենակիուս(անգլերէն)
  3. Թիթուս Լիվիուս(անգլերէն)