«Միլ Էնտծ» հանրային պարտէզը

Միլ Էնտծ, Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզը, Ամերիկայի Օրեկոն նահանգին Փորթլենտ քաղաքին մէջ[1]:

Բնակավայր
«Միլ Էնտծ» հանրային պարտէզը
անգլերէն՝ Mill Ends Park
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Հիմնադրուած է՝ 1948
Տարածութիւն 452 square inch, 0,292 քառակուսի մետր
Պաշտօնական կայքէջ portland.gov/park…(անգլերէն)

Հանրային պարտէզը ունի 0,61 մեթր երկարութիւն եւ կը ծածկէ 0,292 քառակուսի մեթր տարածք մը:

Մրցանիշներու «Կինես» գիրքը անոր այս տիտղոսը պաշտօնապէս տուած է 1971-ին[2]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

1948-ին, սկզբունքով, այս փոքրիկ կանաչ հողաշերտին վրայի «պարտէզին» փոխարէն պէտք էր բարձրանար ինքնաշարժներու երթեւեկը կանոնաւորող լոյս մը, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ ծրագիրը չ'իրականանար, եւ լքուած գետնէն կը սկսին վայրի խոտեր բուսնիլ: Հետեւաբար Տիք Ֆէյկըն կ'որոշէ հոն տնկել ծաղիկներ:

Տիք Ֆէյկըն «Օրեկոն ճըռնըլ»ին մէջ աշխատող լրագրող մըն էր, որուն գրասենեակը կը գտնուէր այդ փոքրիկ հողաշերտին դիմացի շէնքին մէջ[3]:

Ֆէյկըն այս փոքրիկ «պարտէզին» կու տայ իր գրած սիւնակին անունը՝ «Միլ էնտծ» եւ աւանդութիւն մը կը հիւսէ անոր շուրջ: Ըստ աւանդութեան, օր մը, երբ ինք իր գրասենեակին պատուհանէն դուրս կը նայէր, տեսած է թզուկ մը, որ հոն փոս մը կը փորէր: Լրագրողը վար կը վազէ եւ կը բռնէ թզուկը, որ ստիպուած` իր փափաքը պէտք էր իրականացնէր: Ֆէյկըն կը պատասխանէ, որ կը փափաքի ունենալ իր անձնական պարտէզը: Սակայն որովհետեւ ինք չի ճշդեր իր պարտէզին մեծութիւնը, թզուկը անոր կու տայ այդ փոսը:

Քսան տարի Ֆէյկըն կը շարունակէ իր սիւնակին մէջ յիշել այդ պարտէզն ու թզուկը` հաստատելով, թէ ինք միակ անձն է, որ կրնայ տեսնել այս թզուկը, Փաթրիք Օ՛թուլը: Այս «պարտէզին» բացումը կը կատարուի 1948-ին, Ս. Փաթրիքի օրը: Այս թուականէն ի վեր, ամէն տարի հոն տեղի կ'ունենայ իրլանտական այս սուրբին օրուան տօնակատարութիւնը:

1971-ին այս պարտէզը կը մտնէ «Կինես»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ` իբրեւ «աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզը»: Իսկ վերջապէս 1976-ին ան պաշտօնապէս կ'արձանագրուի իբրեւ «հանրային պարտէզ»:

Սակայն 2013-ին անգլիական Պըրնթվուտ քաղաքի բնակիչները կը բողոքեն` յայտարարելով, թէ Մէլ Էնտծ բաւականաչափ մեծ չէր «հանրային պարտէզ» կոչուելու համար: Անոնք կը պահանջէին, որ «աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզի» տիտղոսը  տրուէր իրենց քաղաքին մէջ գտնուող եւ «Անգլիոյ ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզի» տիտղոսը ստացած «Փրինսը՛զ փարք» պարտէզին, որովհետեւ անիկա ունէր ցանկապատ, նստարան մը եւ երեք ծառեր: Այս պարտէզը ստեղծուած էր 1863-ին` նշելու համար Ալպըրթ Էտուըրտզ իշխանին ամուսնութիւնը:

Իբրեւ պատասխան` Փորթլենտի բնակիչներ իրենց պարտէզին շուրջ կը դնեն ցանկապատ մը եւ խաղալիքէ փոքրիկ պահակ մը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել