«Տը Օշըն Քլինափ»

Տը Օշըն Քլինափ, ովկիանոսները աղտոտող կերպընկալէ առարկաները գտնելու եւ հաւաքելու համար «հսկայական ձագար» մը[1]:

Պոյան Սլաթ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Պոյան Սլաթ 19 տարեկան հոլանտացի երիտասարդ մը գտած է ովկիանոսները «մաքրելու» միջոց մը:

Յունաստան ճամբորդութեան մը ընթացքին, ան անդրադարձած է, թէ վիճակը որքա՛ն ծանր էր: Երբ ան կը սուզուի ջուրերուն մէջ ովկիանոս հետախուզելու համար, կը նշմարէ, թէ ձուկերէն աւելի աղբեր կային:

Ան կը հաւատայ, թէ անհրաժեշտ է մտածել երկրագունդին ապագային մասին:

Ան կը սկսի աշխատիլ ովկիանոսները մաքրելու համար յատուկ ծրագիրի մը վրայ: Ան իր ուսումը ժամանակաւոր ձեւով կը դադրեցնէ եւ կ'որոշէ ուսումնասիրել այն հսկայական յորձանքները, որոնք կը գտնուին ովկիանոսներուն մէջ եւ աղբերու կոյտերը կը տեղափոխեն: Նոյն ժամանակ ան կը կազմէ գիտնականներու խումբ մը:

Երկու տարի ետք Պոյան կը մեկնի Նիւ Եորք` մեծ համագումարի մը ընթացքին իր ծրագիրը ներկայացնելու համար: Ովկիանոսները աղտոտող կերպընկալէ առարկաները գտնելու եւ հաւաքելու համար ան կ'առաջարկէ շինել «հսկայական ձագար» մը` «Տը Օշըն Քլինափ»:

Իր այս ծրագիրը, որ բազմաթիւ մրցանակներ շահած է, կարօտած է 2 միլիոն տոլարի[2]:

 

«Տը օշըն քլինափ

Խմբագրել

«Տը օշըն քլինափ»ը ունի կեդրոնական շարժակ մը, որ կ'օգտագործէ պտուտակաւոր ջուրի հոսանքներուն ուժը: Այդ հոսանքները աղբերը կը քաշեն դէպի ձագարը, ուրկէ անոնք չեն կրնար այլեւս խուսափիլ:

Մեքենան կազմուած է 100 քմ երկար երկու ծփացող թեւերէ, որոնք իրենց կարգին ունին 3մ մեթր երկար ուղղահայեաց թեւեր, ովկիանոսին աղբերը բռնելու համար:

Այս մեքենան ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. անիկա բնութիւնը կը յարգէ, երկար ժամանակ կը բանի եւ շահաբեր է:

Մեքենան կը բանի միայն արեւուն ուժը օգտագործող տախտակներով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել