Աբէլ Կիւլպէնկեան
Աբէլ Բարսեղ Կիւլպէնկեան (1879 - 1915 թթ.), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1879 |
---|---|
Մահացած է | 1951 |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Կրթութիւն | Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱբէլ Կիւլպէնկեան ծնած է 1879 թուականին Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի՝ Թալաս աւանին մէջ։ Փոքր տարիքէն տեղափոխուած է Սեբաստիոյ նահանգի, Ամասիոյ գաւառի կեդրոն՝ Ամասիա քաղաքը։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Ամասիոյ թաղային վարժարանէ ներս։
1896 թուականին աւարտած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը։
1898-1903/1904 թ. ուսանած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ։
1904 թուականին նշանակուած է, իր ծննդավայր Թալասի, քաղաքապետական բժիշկ։
Այնուհետեւ Զմիւռնիոյ նահանգի Տաւաս գաւառակի թաղապետական բժիշկ եղած է։
Յետագային Գոնիայի, Աքսարայի քաղաքապետական բժիշկ եւ Սեբաստիոյ նահանգի Եւդոկիոյ գաւառի՝ Էրպաս գաւառակի բժիշկ եղած է։
1912-1914 թթ. գտնուած է Փարիզի, Պերլինի, Վիեննայի մէջ եւ մասնագիտացած՝ բժշկական տարբեր բնագաւառներու գիծով։
Մասնաւորապէս Փարիզի Նեքերի եւ Լաֆուազիէի հիւանդանոցներուն մէջ մասնագիտացած է միզասեռական եւ վեներական հիւանդութիւններու գիծով։
Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելէ ետք զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Չորլուի, Հատըմ գէոյի եւ Չանաք Քալէի զօրամիաւորումներուն մէջ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։
1916 թուականին ուղարկուած է Գալիցիայի ռազմաճակատ, ուր ռուսական զօրքի ձեռքը գերի ինկած է։
1919 թուականին, երբ արդէն աւարտած էր պատերազմը, ազատած է եւ վերադարձած Կ. Պոլիս։ Որոշ ժամանակ բժիշկ աշխատած է Կ. Պոլսոյ Միջագիւղ (Օրթագիւղ, Օրթագէոյ), Պահչէ Գափու, ապա՝ մինչեւ իր մահը՝ Թաքսիմի Թալիմխանէ թաղամասերուն մէջ, ուր ունեցած է իր մասնաւոր դարմանատունը։
Զբաղած է ներքին, միզասեռական եւ վեներական հիւանդութիւններու բուժմամբ։ Եղած է խոհեմ, պատուարժան մարդ, հոգատար ու յարգուած բժիշկ։ Զբաղուած է նաեւ հասարակական գործունէութեամբ։
1926-1927/1928 թթ. եղած է Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամ, իսկ 1928 թուականին նաեւ՝ ատենապետ։
Մահացած է 1951 թուականին, Կ. Պոլսում՝ 72 տարեկան հասակին։
Ըստ Գասպար Կարոյեանի հաղորդման՝ բժիշկը 1915 թուականի Սեպտեմբերին Գալիցիայի ռազմաճակատին մէջ զոհուած է կամ ծանրօրէն հիւանդացած ժանտախտով ու մահացած 36 տարեկան հասակին։ Կարոյեանին, հաւանաբար, յայտնի չէ եղած բժիշկին գերի իյնալու եւ վերապրելու փաստը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ալպօյաճեան Ա ., Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Բ., Գահիրէ, 1937։
- Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկ ներ. Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
- Շիկահեր Վարդ, Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան, 19231975, Սթանպուլ, 1975։
- Յարման Արսեն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։