Աբրահամ Ապրօ (1793 - 18 Սեպտեմբեր 1857 թթ.), հայ վաճառական։

Կենսագրուեիւն

Խմբագրել

Աբրահամ 1814-ին՝ ծնողքին թելադրութեամբ, կը ղրկուի Եուսուֆեան Պետրոս Ամիրայի քով, որ Եգիպտոսի փոխարքայ Մեհմետ Ալի փաշայի սեղանաւորն ու գործակալն էր եւ Թրիէոթէի առաջին վաճառականը։

Աբրահամ՝ վաճառականութեան սիրահար հետզհետէ մեծ յաջողութիւն ցոյց կու տայ, այդպէս որ Պետրոս ամիրայ իր բոլոր գործերուն հոգը անոր կը յանձնէ եւ ամէն անգամ, որ իր եղբօր Պօղոս պէյ Եուսուֆի հետ տեսնուելու պէտք կունենայ, իր տեղը Աբրահամը կը ղրկէ Եգիպտոս։

1847-ին երբ Պետրոս ամիրայ կը մահանայ, իր ամբողջ հարստութիւնը եւ փոխարքային սեղանաւորութենէն Ապրոյիի կը ձգէ, Մեհմետ Ալի փաշա այնչափ գոհ կը մնայ անոր անձուէր ծառայութենէն որ 1846-ին Ապտուլ Ազիզ կայսրէն կը խնդրէ որ իֆթիխարի պատուանշանը շնորհուի Աբրահամ Ապրոյի։

Իր բարձր պաշտօնը մինչեւ 1853 ամենայն գործունէութեամբ կը կատարէ եւ այն տարին իր անձնական գործերուն պատճառով կը քաշուի։ Ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի Եգիպտոս, Լոնտոն եւ Փարիզ, ուր կը մահուան 18 Սեպտեմբեր 1857-ին՝ չկրնալով տոկալ իր վաղամերիկ զաւկին մահուան պատճառած ցաւին։

Նուիրատուութիւններ

Խմբագրել
  • Աբրահամ Ապրօ 10000 Ֆրանք նուիրած է Փարիզի մէջ մատուռ մը կառուցելու համար, բայց զանազան պատճառներով այն ատեն չէ իրագործուած։
  • Շահնազարեան Կ.Վ-ի հրատարակած «Շտեմարան հայ պատմագրաց»ի նիւթապէս սատարած է հոգալով տպագրական ծախսերը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մասիաց աղաւնի 1857
  • Յիշատակարան (հեղինակ՝ Վ. Գ. Զարդարեան)