Աբրահամ Հակոբ Տէրեան, (ծնած է 19 Ապրիլ, 1942, Եաֆա (ներկայիս՝ Թել Աւիւի մօտ, Իսրայէլ):) Տէրեան բանասէր, հայագէտ, աստուածաբանական գիտնական (1970) եւ համալսարանի ուսուցիչ մըն է (1984

Աբրահամ Տէրեան
Ծնած է 19 Ապրիլ, 1942 (74 տարեկան)
Ծննդավայր Յաֆա, (ներկայիս՝ Թել Աւիւի մօտ, Իսրայէլ)
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Միշիկընի Համալսարան,
Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան
Բազելի համալսարան?
Մասնագիտութիւն Բանասէր եւ հայագէտ
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Աբրահամ Տէրեան աւարտած է Երուսաղեմի Սրբոց թարգմանչաց վարժարանը, իսկ 1970 թուականին՝ Միչիկանի համալսարանը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ), եւ վերջապէս 1981 թուականին՝ Պազելի համալսարանը։

Աբրահամ 1979 թուականէն սկսեալ եղած է Էնդրիուս համալսարանի միջ-կտակարանային եւ վաղ քրիստոնեական գրականութեան ուսուցիչ, իսկ 1984 թուականէն սկսեալ՝ եղած է Շիքակօ համալսարանի հայագիտութեան ուսուցիչ[1]։

Գիտական գործունէութիւն Խմբագրել

Աբրահամ Տէրեանին հիմնական ուսումնասիրութիւնները նուիրուած են Փիլոն Ալեքսանդրացիին ժառանգութեան։ Տէրեանը հրատարակած է անոր «Ցաղագս բան ունել եւ անասուն կենդանեացդ» գործը (որ 1981 թուականին հրատարակուած է Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն թարգմանութիւններով), որ անոր գիտական օրինակը ծանօթ է միայն յունաբան դպրոցին մէջ, հայերէն թարգմանութեամբ։

Տէրեան ուսումնասիրած ու քննած է նաեւ Փիլոն Ալեքսանդրացիին «Այնոցիկ որ յելսն է խնդրոց եւ լուծմանց» աշխատութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը, ու կատարած է անոր գործերուն քննական բացատրութիւնը ու մեկնութիւնը, անդրադառնալով յունաբան դպրոցի ժամանակաշրջանին, Վահան Տէրեանի գործունէութեան շրջանին, լեզուի թարգմանութեան ու ոճի հարցերուն եւ այլն։ Տէրեանը եղած է բազմաթիւ Ամերիկեան գիտական ընկերութիւններու անդամ։ 1982 թուականին, Աբրահամ զեկուցումով մը մասնակցած է Երեւանի միջազգային հայերէնագիտական գիտաժողովին[2]։

Մրցականեր Խմբագրել

  • ԱՄՆ «Ֆուլպրայթ» հաստատութեան մրցանակ, 2005:

Երկեր Խմբագրել

  • Patriotism and Piety in Armenian Christianity, N. Y., 2000.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007 
  2. Աբրահամ Տերյան, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանյան անդամներ