Ազատ Հայ, Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի համակիր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայկական ժողովրդային շարժման պաշտօնաթերթ։ Հրատարակուած է Քանատայի մէջ։ Մինչեւ 1981 –ը լոյս տեսած է «Ազատ Հայ» անունով, իսկ 1981-էն ետք՝ «Հայաստան—Ազատ Հայ»։ Թերթը երկլեզու եղած է՝ հայերէն եւ անգլերէն, չափսրը՝ 21.5 x 28 սմ, շարադրանքը մեքենագրուած, տպագրութիւնը՝ օֆսէթ եղանակով։ Խմբագրի պաշտօնը զբաղեցուցած է Յարութիւն Գէորգը, որու ձերբակալութենէն ետք թերթի տպագրութիւնը դադրած է։ Տպագրած է խմբագրականներ, ՀԱՀԳԲ–ի եւ ՀԺՇ–ի հաղորդագրութիւններ, տեղեկութիւններ հայ քաղաքական բանտարկեալներու, Թուրքիոյ, քրտական շարժման եւ այլնի։

Տես նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. «Ազատ Հայ թերթի մատենագիտութիւն»։ tert.nla.am։ արտագրուած է՝ 2022-03-03