Աթանագինէի Վանքը
Աթանագինէի Վանքը, Մուշի հարաւային լեռնաշղթային վրայ (Լումայ)։ Տաճարը՝ քարուկիր, լուսաւորչաշէն, արդ՝ ամայի։ Հաւանականաբար այս է Հ. Սարգիսեանի ծանօթ Շատախի Աթանագինեայ կամ Անթանեայ վանքը, որ կը կործանի եւ մարդաթափուր կ՛ըլլայ, սակայն 1849-ին Ս. Առաքելոց վանքի միաբան Պօղոս վարդապետը զայն կը վերաշինէ։ Հոս է որ հաւանօրէն պահուած ըլլայ Ծիծառնէոյ Ս. Խաչը։
Եղած է սասունցիներուն ամէնէն սիրած ուխտավայրն ու հաւաքատեղին։