Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի Ապստամբութիւն

Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի Ապստամբութիւն (ծանօթ նաեւ՝ 17 Նոյեմբեր)․ ուսանողներու միահամուռ ընբոստութիւնը որ կ'արտացոլայ ժողովրդային հակադրութիւնը Յունաստանի զինուորական վարչակարգին դէմ։ Տեղի ունեցաւ 14 Նոյեմբերէն  -  17 Նոյեմբեր 1973։

Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի շէնքը/երը եւ շրջափակը․ աջին զոհուած ուսանողներու յիշատակին տեղադրուած յուշարձանը

Հակիրճ պատմական տեղեկութիւններ

Խմբագրել

21 Ապրիլ 1967-ի զինուորական հարուածէն ետք, Յունաստանի բռնատիրական վարչակարգը երկիրը կը ղեկավարէ ռազմական օրէնքի դրութեամբ, գրաքննութեամբ եւ առանց վճիռի անսանձ ձերբակալումներու։ Նաեւ կ'արգիլէ համալսարաններէն ներս ուսանողական ընտրութիւնները, ուսանողական միութիւններուն մէջ կը նշանակէ իրեն հակած ղեկավարներ որոնք ընտրուած չեն եւ զինակոչի կը հրաւիրէ իրենց ուսումը չաւարտած ուսանողներ։ Այս բոլոր կարգամիջոցները ընդիմութեան եւ բողոքի ալիք կ'առաջացնեն։

1960-ի տասնամեակին երիտասարդական զանազան շարժումները եւ մանաւանդ 1968-ի Փարիզի Մայիսեան իրադարձութիւնները (Մայիս ՛68) կ'ազդեն յոյն ուսանողներուն վրայ։

Փետրուար 1973-էն Յունաստանի տարածքին գործադուլները եւ ուսանողներու շարժումները կը բազմապատկուին։ 

5 Փետրուարին, Բազմարուեստարանի ուսանողները կ'որոշեն դասարան չմտնել։ 

13 Փետրուարին, Բազմարուեստարանի շրջափակին մէջ ուսանողները բողոքի ցոյց կը կատարեն։ Զինուորական վարչակարգը անտեսելով համալսարանական ապաստանը, ոստիկանութեան միջամտել կը հրամայէ։ 11 ուսանողներ կը ձերբակալուին եւ դատի կը քշուին։ Հետեւանքն է Աթէնքի Իրաւաբանական Համալսարանի 4 000 ուսանողները գրաւեն իրենց ուսումնարանի շէնքը (Աթէնքի կեդրոն, Սոլոնոս փողոց)․ անոնք կը պահանջեն 1347 օրէնքի վերացումը եւ յետս կոչել 88 ուսանողներու պարտադրուած զինակոչը։ Ոստիկանութիւնը համալսարան ներխուժելու հրաման կը ստանայ․ բազմաթիւ ուսանողներ շուրջի փողոցներուն մէջ կը հալածուին։

Բազմարուեստարանի եղելութիւնները

Խմբագրել
 
Բազմարուեստարանի կեդրոնական դարպասը․ նկար՝17 Նոյեմբեր 2011-ի

Բազմարուեստարանի գրաւումը

Խմբագրել

14 Նոյեմբերին Աթէնքի Բազմարուեստարանի Համալսարանի ուսանողները կ'որոշեն դասերուն չմասնակցիլ եւ համալսարանէն ներս բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն։ Ուսումնարանը կը գրաւեն եւ իրենք-զիրենք «Ազատ Պաշարեալներ» («Ελεύθεροι Πολιορκημένοι» Էլեֆթերի փոլիորքիմենի) կ'անուանեն։ Կը հիմնեն Բազմարուեստարանի ձայնասփիւռի անկախ կայանը․ համալսարանի Ելեկտրագիտութեան Ճարտարագիտարանի  աշխատանոցներուն մէջ քանի մը ժամուան ընթացքին ուսանող Եորղոս Քիրլաքիս փոխանցիչը կը պատրաստէ։ Պատմութեան մէջ մնացած է՝ «Հոս Բազմարուեստարան։ Յոյն ժողովուրդ Բազմարուեստարանը բռնատիրութեան դէմ եւ ժողովրդավարութեան կարգերու վերադարձի շարժումին դրոշակակիրը պիտի հանդիսանայ» («Εδώ Πολυτεχνείο! Λαέ της Ελλάδας το Πολυτεχνείο είναι σημαιοφόρος του αγώνα μας, του αγώνα σας, του κοινού αγώνα μας ενάντια στη δικτατορία και για την Δημοκρατία») լոզունքը։ Անոնք կը պահանջեն բռնատիրութեան վերջը եւ ժողովրդավարութեան վերադարձը։ Հաղորդիչներն են՝ Մարիա Տամանաքի, Տիմիթրիս Փափահրիստոս եւ Միլթոս Հարալամպիտիս։

Համալսարանի գրաւման առաջին իրիկունը, հարիւր հոգինոց ազգայնամոլ երիտասարդներ կը փորձեն համալսարան ներխուժել, սակայն չեն յաջողիր։

Աթէնքի ուրիշ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ բռնատիրութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կը կատարուին։

Քանի մը մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ ուսանողներուն կողքին կը գտնուին, ինչպէս օրինակ Նիքոս Քսիլուրիս, որ ուսանողներուն հետ համալսարանի ցանկապատէն ներս կ'երգէ «Երբ երկինքը պայծառ պիտի ըլլայ» (Πότε θα κάνει ξαστεριά)[1] եւ «Թշնամիները քաղաք մտան» (Μπήκαν στην πόλη οι οχτροί)[2] կրետական աւանդական երգերը։ Ուրիշներ ալ ոստիկանութեան մօտ կը միջամտեն, որպէսզի ուսանողները առանց պատժական միոցառումներու ապահով լքեն համալսարանը։

Բանակի ռազմակառքերու ներխուժումը համալսարան

Խմբագրել
 
Բազմարուեստարանի հին դարպասը, զետեղուած Բազմարուեստարանի եղելութիւններուն զոհուած ուսանողներուն յուշարձանին կողքին․ նկար՝ 20-3-2013

17 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 3-ին, երբ Բազմարուետարանէն ուսանողներուն անվտանգ մեկնումին համար ոստիկանութեան եւ ուսանողներուն միջեւ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ էին, բռնատիրական վարչակարգը կ'որոշէ բանակի ներխուժումը համալսարան (3 ռազմակառքեր կը գտնուին համալսարանի շրջափակի կեդրոնական երկաթէ դարպասին առջեւ)։ Ուսանողները հաւաքուած են կեդրոնական դարպասին ետեւը՝ շատեր մագլցած են անոր ցողերուն վրայ։ Միաժամանակ իրենց անկախ ձայնասփիւռի կայանէն կոչ կ'ուղղուէր զինուորներուն «չհարուածել իրենց եղբայրներուն» եւ շարունակելով, հաղորդիչը կ'ասմունքէ Յունաստանի ազգային ոգերգը․ անոր կը միանան շէնքին մէջ գտնուող ուսանողները որ շրջափակը կը հաւաքուին։ Սակայն երեք ռազմակառքերէն մէկը, առանց նախապէս ուսանողները նախազգուշացնելու, կ'առաջանայ եւ դարպասը կը փլէ․ անոր կը հետեւին արտակարգ պայմաններու յատուկ ռազմական մարմնի զինուորները «ԼՕՔ» (ΛΟΚ)։ Վերջինները դիմադրութիւն չեն գտներ եւ առանց բռնութիւն գործածելու շրջափակէն դուրս կը հանեն ուսանողները, որոնց վրայ սակայն կը յարձակին ոստիկանական ջոկատները․ զինուորներու լուրջ թիւ մը կը միջամտէ, որպէսզի ոստիկանները դադրին բռնաբարել ուսանողներուն վրայ։ Ուսանողներէն շատեր կ'ապաստանին շրջանի բազմայարկանի շէնքերուն մէջ։ Ոստիկանական ուժերուն պատկանող ազատ արձակողներ շրջանի տանիքներէն կը կրակեն ուսանողներուն վրայ եւ ոչ միայն։ Բազմարուեստարանի անկախ ձայնասփիւռի հաղորդիչները իրենց տեղերը մնալով 40 վայրկեանի համար կը շարունակեն եղելութիւնները սփռել մինչեւ ձերբակալուին։

Զոհերը

Խմբագրել
 
Բազմարուեստարանի զոհերու յուշարձանը, զետեղուած Արղոսթոլի (Քեֆալոնիա) քաղաքին հրապարակը

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, 17 Նոյեմբերի Բազմարուեստարանի եղելութիւններուն ընթացքին զոհ գացած են 23 ուսանողներ իսկ 16 զոհուածներու անունները դեռ անծանօթ կը մնան։ Հազարաւոր քաղաքացիներ որոնք Բազմարուեստարանի գրաւման օրերուն համալսարանի շրջանը հաւաքուած էին, կը վիրաւորուին։ Հարիւրաւոր ուսանողներ բանտերը կ'առաջնորդուին։ Երկու օր կը տեւեն շրջանին մէջ կայացած զանազան «մաքրագործումները»․․։

Կարգ մը լրագրողներ, որոնք ներկայ էին եղելութիւններուն, կը պնդեն թէ զոհուածներուն թիւը 83 է։

Ժողովրդավար կարգերու վերահաստատումէն ետք, Բազմարուեստարանի եղելութիւններուն պատասխանատուները՝ բռնատիրական վարչակարգի ղեկավարները,  դատարան կ'առաջնորդուին։ Մօտաւորապէս 3 ամիս տեւող դատաւարտութենէ ետք,  30 Դեկտեմբեր 1975-ին դատավճիռը կ'ելլէ, որով 32 ամբաստանեալներէն 20-ը կը դատապարտուին։ Ութը հոգի ծանր վճիռներ կը ստանան՝ կը մեղադրուին մարդասպանութեամբ, մնացեալները՝ աւելի թեթեւ։

Հետեւանք–Արձագանգ

Խմբագրել
 
Բազմարուեստարանի զոհերու յուշարձանը, զետեղուած Տրամա քաղաքի (հիւսիսային Յունաստան) հանրային պուրակին մէջ

Բազմարուեստարանի անզէն ուսանողներու ըմբոստութեան արիւնարբու ճնշումը, միջազգային անդրադարձ կ'ունենայ։

1981-էն ետք, Բազմարուեստարանի ուսանողներու ապստամբութիւնը պաշտօնապէս կը յիշատակուի 17 Նոյեմբերին։ Այդ օրը Յունաստանի բոլոր դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ յատուկ միջոցառումներ տեղի կ'ունենան։ Եղելութիւններուն յիշատակման կեդրոնական ձեռնարկը տեղի կ'ունենայ Բազմարուեստարանի Համալսարանի շրջափակին մէջ, իսկ համալսարանը կը փակուի 15 Նոյեմբերին, յիշատակելով շէնքին գրաւումը ուսանողներէն 1973-ին։

Յիշատակումի օրը կը վերջանայ ուսանողներուն կողմէ կազմակերպուած հսկայ բողոքի ցոյցով մը, որ կը սկսի Բազմարուեստարանէն եւ կը յանգի Աթէնքի Ամերիկեան դեսպանութիւնը (Ա․Մ․Ն․ նեցուկ կանգնած էին բռնատիրական վարչակարգին)։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Մայիս ՛68(ֆր.)
  2. Մարիա Տամանաքի(անգլերէն)
  3. Յունաստանի բռնատիրական վարչակարգին դատը(ֆր.)