Աթէնքի Բիւզանդական եւ Քրիստոնէական Թանգարան

Բիւզանդական եւ Քրիստոնէական թանգարան (յուն․՝ Βυζαντινό και Χριστιανικό Μουσείο), արուեստի թանգարան Աթէնքի մէջ, հիմնադրուած է 1914-ին:

Աթէնքի Բիւզանդական եւ Քրիստոնէական Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Յունաստան
Տեղագրութիւն Աթէնքի քաղաքապետութիւն
Վայր Աթէնք
Կազմուած է Վիլլա Իլլիսայ եւ Լովերտոսի Թանգարան, Աթէնք
Հիմնադրուած է 1914
37°58′30″N 23°44′40″E / 37.97507°N 23.74452°E / 37.97507; 23.74452
Կայքէջ byzantinemuseum.gr(յունարէն)(անգլերէն)
Քարտէս
Քարտէս

Հոն կը ցուցադրուին աւելի քան 25 հազար եզակի ցուցանմուշներ բիւզանդական եւ քրիստոնէական արուեստներէ:

Կը գտնուի Յունաստանի մայրաքաղաքին մէջ՝ Վասիլիսսիս Սոֆիաս 22 հասցէին վրայ:

Թանգարանին շէնքը

Խմբագրել

Թանգարանը նախապէս կը գտնուէր Աթէնքի ակադեմիային առաջին յարկին վրայ։ 1930-ին ան ստացած է իր սեփական Վիլլա Իլլիսայ շէնքը, Սոֆիա Լեբրունի ձմեռնային նստավայրին մէջ:

Վիլլա Իլլիսայ շէնքը կառուցուած է 1848-ին, յոյն ճարտարապետ Ստամատիս Կլէանտիսի կողմէ:

Շէնքին անունը տրուած է Իլիսիայ թաղամասին եւ հիմնական մուտքին քով հոսող Իլլիսոս գետին անուններով:

Փրոֆէսոր Գէորգիոս Սոտիրոսի առաջնորդութեան ներքոյ, ճարտարապետ Արիստոտէլիս Զահոսը պատրաստած է թանգարանին ցուցահանդէսներուն սրահը: 1993-ին ան կը սկսի ընդլայնել թանգարանին տարածքը եւ կը կառուցէ երեք ստորգետնեայ յարկեր:

Նախագիծին գլխաւոր ճարտարապետն է Մանոս Պերրակիսը[1]:

Արտաքին մասը եւ Իլլիսայ կալուածը մնացած են անփոփոխ:

Մինչեւ մուտքը կայ սիւներով պատուած սրահ մը, որ անցեալին եղած է ծառաներու բնակարան:

Այցելուներուն կը ցուցադրուի նաեւ ընդարձակ բակ մը, որ շրջապատուած է բազմաթիւ շէնքերով, որոնց կեդրոնը կայ շատրուան մը, ինչպէս նաեւ վաղ քրիստոնէական խճանկարի նմուշներ:

Թանգարանին շէնքը ունի երկու յարկ եւ նկուղ մը, որ ճարտարապետական յուշարձան մըն է:

Պատերը դուրսէն զարդարուած են մարմարով:

Ցուցադրութիւններ

Խմբագրել

Մարտ 2016-ին թանգարանին մէջ կազմակերպուած է «Հայաստան, Արարատի ոգին» խորագիրով ցուցադրութիւն մը, որուն ընթացքին ներկայացուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն Յունաստան տեղափոխուած 100-է աւելի արժէքաւոր ցուցանմուշներ[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Byzantine and Christian Museum»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-11 
  2. ««հայաստան. Արարատի ոգինէ. յարատեւելու կամք եւ վկայութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-11 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել