Ալի Փաշա Մուպարաք (1823/1239 հիճրի – 1893 / 1311 հիճրի), ամբողջական անուն՝ արաբերէն՝ علي باشا مبارك‎‎, ՛Ալի Մուպարաք փաշա, արաբ գրող եւ թարգմանիչ, եղած է Եգիպտոսի լուսաւորութեան նախարար, նահտայի հիմնադիրներէն։

Ալի Մուպարաք
արաբերէն՝ علي باشا مبارك
Ծնած է ոչ վաղ քան 1823 եւ ոչ ուշ քան 1824
Ծննդավայր Բիրնբալ ալ-Ջիդդա
Մահացած է 14 Նոյեմբեր 1893(1893-11-14)[1][2]
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս[3]
 Եգիպտոս
Ուսումնավայր Q12246072?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Minister of Public Works?, Minister of Awqaf and Education?, Minister of Public Works?, Minister of Public Works?, Minister of Public Works? եւ Minister of Education of Egypt?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մուհամմէտ Ալիէն յետոյ Եգիպտոսի իշխանութեան կու գայ Իսմայիլ Փաշան, որուն օրով մշակութային զարգացումը կը շարունակուի ընթանալ նոյն թափով։ Այդ ժամանակաշրջանին եգիպտական մշակոյթի ամէնէն աչքառու ներկայացուցիչներէն մէկն էր Ալի Մուպարաք փաշան (1823-1893)։ Ան ծնած է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ, ստացած է բժշկական կրթութիւն։ Ան այն ուսանողներէն էր, որ 1844 թուականին երկրորդ խումբով մեկնեցաւ Ֆրանսա։ Այնտեղ 4 տարի ուսանելով ռազմական գործ, կը վերադառնայ Եգիպտոս եւ 1853-1854 թուականներուն եգտիպտական զօրքին կազմութեան կը մասնակցի Ղրիմի պատերազմին: Իսմայիլին իշխանութեան գալէն յետոյ, անոր կը վստահուի բարձր պաշտօն՝ ռազմական նախարարութիւն։ Ալի Մուպարաքի աշխատութիւններէն յայտնի է «Թաուֆիկի նոր նախաձեռնութիւնները» (արաբ․՝ الخطط التوفيقية الجديدة‎‎՝ ալ-խութաթ ալ-թաուֆիքիյա ալ-ճատիտա)։

1865 թուականին, երբ Սուլթան Ապտուլ Ազիզը կ'այցելէ Եգիպտոս, կը նկատէ, որ եգիպտական հին արժէքաւոր ձեռագիրները անուշադրութեան մատնուած են եւ կ'առաջարկէ Իսմայիլին հաւաքել զանոնք բոլորը մէկ ընդհանուր գրապահոցին մէջ։ Իսմայիլի նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի «Խըտէյուիի եգիպտական գրադարանը» (արաբ․՝ الكتبخانة الخديوية المصرية‎‎՝ ալ-Քութուբխանա ալ-Խըտէյուիյէ ալ-մասռիյա)։ Ալի Մուպարաքին կը վստահուի նորաստեղծ գրադարանի կարգաւորումը, որ այդ ժամանակ հոգեւոր ունեցուածքներու նախարարն էր։ 1871-1872 թուականներուն Ալի Մուպարաքի կողմէ կը տպագրուին շարք մը աշխարհագրութեան, երկրաչափութեան եւ բժշկական դասագիրքեր՝ զինուորական կրթական հաստատութիւններու համար։ Մէկ տարի անցած, զբաղելով ազգային լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնով, ան կը ձեռնարկէ եւրոպական օրինակով համալսարանի հիմնադրման։ Նմանատիպ համալսարանի կառուցման գաղափարը կար դեռեւս Մուհամատ Ալիի ժամանակէն։ Ոգեշնչուելով նոր հիմնադրուած համալսարանի դասախօսներէն մէկուն աշխատանքով, Ալի Մուպարաք կը ստեղծէ նմանատիպ աշխատութիւն՝ Ալամըտտին վերնագրով։ Ան իրենց կը ներկայացնէր 4 հատորանի գիտական աշխատանք, գրուած էր կիսագեղարուեստական ոճով։ Ի տարբերութիւն ալ-Տահտաուիի ստեղծագործութեան, անիկա նախատեսուած էր տարիքով մեծերու համար, որուն ան կը ձգտէր ծանօթացնել մարդկային գիտելիքներու բոլոր ոլորտներուն։ Անոր միւս ստեղծագործութիւններէն յայտնի է նաեւ Մուհամմատ մարգարէի մասին հանդէսներուն մէկուն մեկնաբանութիւնը։ Ալի Մուպարաքը մեկնաբանելով զայն, կոչ ըրած է մուսլիմաններուն՝ չմոռնալով զԱստուած, ջանասիրաբար աշխատիլ ապագայի համար։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. Encyclopædia Britannica
  3. LIBRISՇուէտի Ազգային Գրադարան, 2012.