Աղեքսանդրիոյ Հայերը

Աղեքսանդրիոյ մէջ հայերը սկսած են հաստատուիլ քաղաքի հիմնադրման օրէն։ Ե.-Զ. դարերուն Հայաստանէն Աղեքսանդրիա, որ Քրիստոնէական արեւելքի կարեւոր կեդրոններէն էր, ուսանելու եկած են հայ երիտասարդներ (Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ)։ Հայերու հոսքը աւելի զօրացած է Ժը. դարու կէսէն։ Մուհամմէտ Ալիի կառավարման տարիներուն Աղեքսանդրիոյ մէջ աշխատած են արաբական անուններով բազմաթիւ հայ վաճառականներ, մեծ համբաւ վայելած՝ հայ արհեստաւորները։

Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը

Համայնքի բարգաւաճման մեծապէս նպաստած են մեծահարուստ Պոլսոյ Պէյ Եուսուֆեան, որ 1810-էն կապալով վերցուցած է Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստի մաքսատունը։ Անոր նուիրատուութեամբ կառուցուած է դպրոց մը։

Համայնքին Կարգավիճակը

Խմբագրել
 
Պօղոս Նուպար Փաշա

Այժմ Եգիպտոսի հայ համայնքը ունի կրօնական համայնքին օրէնսդիր՝ Եգիպտահայ թեմական ժողովի համագումար, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ թեմական ժողովներ, որոնք պետական վաւերացում ստացած են 29 Յուլիս 1946-ին եւ գործադիր՝ քաղաքական ժողովներ։

Գաղութի համայնքին կեանքին մէջ նշանակալի դեր ունի Նուպարեան գերդաստանը (Նուպար փաշա Նուպարեան, Պօղոս Փաշա Նուպարեան)։ Նուպար փաշա Նուպարեան զբաղած է Եգիպտոսի հայ գաղութի հարցերով, մշակած է օրէնսդրական բարեփոխումներ, ապահոված է նիւթական միջոցներ եւ տրամադրած՝ հայ պարբերականներու հրատարակման, դպրոցներու հիմնադրման, ինչպէս նաեւ վարած՝ բարձր պաշտօններ։

1904-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ կանգնեցուցած են Նուպար փաշայի արձանը, փաշային անունով կոչուած են փողոցներ։

Աղեքսանդիոյ հայկական եկեղեցիները

Խմբագրել

1792-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ արդէն գործած է հայկական եկեղեցի։ 1830-ին հայկական եկեղեցի կառուցուած է Պօղոս Նուպար պէյի նուիրատուութեամբ։1884-ին բացուած է ներկայիս գործող Ս.Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, 1927-ին կառուցուած է Ս. Գէորգ մատուռը, իսկ 1949-էն կը գործեն հայ աւետարանականներու աղօթավայրը եւ Անարատ յղութեան եկեղեցին։

Աղեքսանդրիոյ հայկական դպրոցները

Խմբագրել

Աղեքսանդրիոյ մէջ հայ մեծահարուստ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի նուիրատուութեամբ կառուցուած են դպրոցներ։ Առաջին կազմակերպուած հայկական դպրոցները հիմնադրուած են Ժթ. դարու Բ. կիսուն։ 1851-էն կը գործէ Արամեան (հետագային՝ Պօղոսեան) դպրոցը։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ գործած են Վենետիկի Մխիթարեան, Հ.Ոսկերիչեանի «Հայկազեան», Արծրունի «Թարգմանչաց» դպրոցները, Մելքոնեան մանկապարտէզը։

Աղեքսանդրիոյ հայ բնակչութիւնն ու մշակութային կեանքը

Խմբագրել

Աղեքսանդրիոյ ազգային առաջնորդարանի տուեալներով՝ 1864-ին քաղաքին մէջ ապրած է 248 հայ, հետագայ տարիներուն անոնց թիւը աւելցած է յատկապէս՝ 1909-ին Ատանայի կոտորածէն, 1915Մեծ Եղեռնէն ետք սկսած գաղթին հետեւանքով։ 1917-ին հայերուն թիւը հասած է 4492-ի, 1950-ական թուականներուն՝ 7-8 հազարի։ 1899-էն 1900 թուականներուն Աղեքսանդրիոյ մէջ կազմակերպուած է եգիպտահայ առաջին երաժշտական համոյթը։ 1915-էն գործած է հայկական Կարմիր խաչը։ Կը գործեն ՀԲԸՄ Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղը, «Տիգրան Երկաթ» մշակութային ընկերութիւնը, «Կամք» մարմնամարզական միութիւնը։ 1889-ին հրատարակուած է առաջին «Նեղոս» շաբաթաթերթը, երկարակեաց թերթերէն էր «Արաքսը» թերթը, որ հրատարակուած էր 1925-1965 թուականներուն։ Համայնքին մէջ մինչեւ 2000 թուական լոյս տեսած են 38 պարբերականներ։

Ներկայիս հայ համայնքը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ միասնաբար կը կազմեն շուրջ 6000 հոգի, շուրջ 2000-ը Աղեքսանդրիոյ մէջ, որոնք գլխաւորաբար Եգիպտոսի մէջ ծնած ու քաղաքացիութիւն ունեցող հայեր են։

Տես նաեւ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։